Սեւրի Մխիթարեան վարժարանը քարկոծումի թիրախ

Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը կը յայտնէ, թէ Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանէն (տեսուչ) պատահաբար իմացած է, թէ դպրոցական արձակուրդներու երկու շաբթուան ընթացքին Ֆրանսայի Սեւր քաղաքի Մխիթարեան վարժարանը խափանարարական երեք յարձակումի ենթարկուած է անծանօթ պատանիներու կողմէ, որ դրացի հանրային պարտէզէն գալով՝ քարերով պատուհաններու ապակիներ ջարդ ու փշուր ըրած են եւ հեռացած: Վնասը չնչին է, բայց երեւոյթը մտահոգիչ է: Շնորհիւ ոստիկաններու միջամտութեան՝ առ այժմ երեւոյթը դադրած է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.