Սերժ Սարգսեան. «Մենք Երբեք Չենք Բանակցած Այն Մասին, Թէ Մենք Ի՛նչ Պիտի Տանք, Մենք Միշտ Բանակցած Ենք Այն Մասին, Թէ Մենք Ի՛նչ Պիտի Ստանանք»

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց տուած է «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին, արցախեան վերջին պատերազմին Հայաստանի դիւանագիտական եւ ռազմաքաղաքական ձախողութիւններուն` յանձնուողականութեան պատճառներուն եւ հետեւանքներուն:

Լրագրողի հարցումին` «Նիկոլ Փաշինեանը քանի մը անգամ յայտարարած է, որ ձեզմէ իբրեւ ժառանգութիւն ստացած է բանակցային փաթեթ մը, որուն հետ բովանդակային բանակցութիւններ սկսիլ կամ շարունակելը արդէն իսկ կարելի չէր: Այդ կարելիութիւնները սպառած էին, այդ պատճառով ան սկսած է իր կէտէն, ոչ թէ ձեր կէտէն, ինչպէս ինք բառացիօրէն կ՛ըսէ, եւ կը շեշտէ, որ Արցախի կարգավիճակի հետագայ ճշգրտման որեւէ կարելիութեան մասին խօսք չէ եղած ձեր կողմէ անոր ձգուած ժառանգութեան մէջ, փոխարէնը խօսք եղած է միայն եօթը շրջանի անվերապահ յանձնման մասին, ընդ որում` որեւէ երաշխիք չէ եղած, որ Ազրպէյճանը նոր պայմաններ կամ նոր պահանջներ մեզի պիտի չներկայացնէ: Այսինքն` փաստացի 2018-ի ապրիլին բանակցային հոլովոյթը եղած է փակուղիի մէջ: Այդպէ՞ս է», Սերժ Սարգսեանը պատասխանեց.

«Ո՛չ, միանշանակ ո՛չ: Անոր ըսածները ցոյց կու տան միայն ու միայն այն, որ ինք, նոյնիսկ գրեթէ երեք տարի աշխատելով իբրեւ վարչապետ, այսինքն` ըլլալով գլխաւոր բանակցող, այդպէս ալ չէ հասկցած բանակցութիւններուն իմաստը, թէ ընդհանրապէս ի՛նչ կը բանակցին: Ձեր ըսած միտքը ան շարադրած է յանձնուողական պարտութենէն ետք եւ առանց յապաղումի համանախագահ երկիրներէն մէկուն ներկայացուցիչը` Փոփովը, այդ փուչիկը պայթեցուցած է: Կրնայ ըլլալ ինծի չհաւատան, բայց արդեօք որեւէ հիմք կա՞յ չհաւատալու Փոփովին, որովհետեւ, եթէ Փոփովին ըսածը իրականութեան մէկ միլլիմեթր նոյնիսկ չհամապատասխաներ, ապա միւս համանախագահները պիտի փորձէին զինք ուղղել, որովհետեւ ինչքան ալ հակասութիւններ ունենան Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ֆրանսան…

… Կ՛ուզեմ սկզբունքային խնդիրներուն անդրադառնալ, ըսել հետեւեալը, որ մենք երբեք, երբեք չենք բանակցած այն մասին, թէ մենք ի՛նչ պիտի տանք, մենք միշտ բանակցած ենք այն մասին, թէ մենք ի՛նչ պիտի ստանանք: Բայց բանակցութիւնները այս մարդոց համար տալու կամ չտալու խնդիր էին, ինչ որ անհեթեթութիւն է, անհեթեթութիւն` թերեւս ինչ որ չափով բնորոշ այդ կարգի մարդոց համար: Մեր ցանկացածը եւ մեր կարմիր գիծը այն էր, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չըլլար Ազրպէյճանի կազմին մէջ, երբեք: Այդ էր մեր կարմիր գիծը, եւ մենք այդ գիծը պաշտպանած ենք մինչեւ 23 ապրիլ 2018»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.