Ջահերթ` Ստեփանակերտի Մէջ. Մասնակիցները Կը Պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ, երէկ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է ջահերթ:

Ջահերթին մեկնարկը տրուած է մայրաքաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցիէն, այնուհետեւ մասնակիցները եկեղեցւոյ բակէն ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող Զանգակատուն-յուշակոթող:

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Զանգակատուն-յուշակոթողին մօտ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, դիմելով ջահերթին մասնակիցներուն, ըսած է, թէ ոգեկոչման նպատակն է, որ ճշմարտութիւնը ի վերջոյ հաստատուի այս անտարբեր աշխարհին մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութենէն  Վահրամ Բալայեան «Արցախփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ ամէն տարի ջահերթի մասնակիցներուն թիւը կ՛աւելնայ եւ հայ երիտասարդը, զինուոր դարձած, կը պահէ իր հող հայրենին:

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ  զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնած է, որ արդէն 20-րդ  տարին է, որ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ ջահերթ կը կազմակերպուի:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Բենօ Միրզոյեան իր   խօսքին մէջ նշած է, որ ջահերթին հիմնական նպատակն է միջազգային հանրութեան անգամ մը եւս ներկայացնել հայ ժողովուրդի արդար կոչն ու պահանջը, որուն հիմամբ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.