Պըրպենք Քաղաքը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

ԱՄՆ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդը 2 Մարտի երեկոյեան, միաձայնութեամբ վաւերացուց Արցախի անկախութիւնը ճանչցող հռչակագիր մը, որ միաժամանակ քաղաքին կապերը կը խզէ Արցախի Հադրութ քաղաքին հետ, մինչեւ այն ատեն, որ այդ քաղաքը բռնագրաւուած կը մնայ Ատրպէյճանի կողմէ։

Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի վրայ յարձակումին առաջին օրերէն սկսեալ այս նպատակով աշխատանք կը տանէր քաղաքապետական խորհուրդին հետ։

,Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քաղաքապետական խորհուրդին, որ այս հռչակագիրով կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Արցախին եւ անոր ինքնորշման ու ազատութեան տիրանալու պայքարին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆին, նահանագային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյին, նահանգային խորհրդարանական Լօրա Ֆրիտմընին եւ Պըրպենքի Մարդկային յարաբերութիւններու խորհուրդին, որոնք ջատագովեցին այս հռչակագիրըե, կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.