Պետութեանց ղեկավարներ որոնք ինքնակամ հրաժարած են
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Ընդունուած ընթացակարգ է, որ պետութեան մը ղեկավարը, նախագահը կամ վարչապետը երբ ձախողութիւն կ՚արձանագրէ պետականակերտման իր առաքելութեան ընթացքին, երբ չարաշահումներ կը կատարէ եւ կամ երբ դէմ յանդիման կը գտնուի ժողովրդային խաւերու ընդդիմութեան՝ արժանապատուօրէն հրաժարական կը ներկայացնէ ու ինքնակամ կը հեռանայ քաղաքական բեմէն։ Ստորեւ ընտրանի մը 20-րդ եւ 21-րդ դարու ղեկավարներու, որոնք ճգնաժամ կանխելու իրենց անկարողութեան եւ կամ այլ ձախորդութիւններու պատճառով լայնախոհութիւնը ունեցած են հրաժարելու։ Ցանկին մէջ տեղ չէ գտած Հայաստանի գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ երկրի ու հայ ազգի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու իր ձախողութենէն, հայրենիքի հողատարածքները զիջելէն, հետեւողականօրէն ձախող ու անկշռադատ դիւանագիտական գործընթացէն եւ ժողովուրդի լայնածաւալ խաւերու իր հրաժարականի պահանջով ամենօրեայ բողոքի հանրահաւաքներէն ետք՝ կը շարունակէ գահամոլութեան իր ուղեգիծը։
– 1969 թուականի Ապրիլ 28-ին Ֆրանսայի նախագահ զօրավար Շառլ Տը Կոլ հրաժարեցաւ, իր կողմէ առաջադրուած Ֆրանսայի սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի ընթացքին պարտութիւն կրելէ ետք։
– 1974 Օգոստոս 8-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն հրաժարեցաւ իր վարչակարգի չարաշահումները յայտնաբերած watergate-ի գաղթակղութեան պատճառով։
– 1974 Մայիս 7-ին Արեւմտեան Գերմանիոյ վարչապետ Վիլի Պրանտ հրաժարաեցաւ, երբ ազգային անվտանգութեան մարմինները բացայայտեցին վարչապետի քարտուղար Կունթըր Կիլոմի Արեւելեան Գերմանիոյ ի նպաստ լրտեսելու յանցագործութիւնը։
– 1974 Ապրիլ 11-ին Իսրայէլի վարչապետ Կոլտա Մէյիր հրաժարեցաւ, որովհետեւ կառավարութիւնը կորսնցուցած էր ժողովուրդին վստահութիւնը՝ 1973-ի արաբ-իսրայէլեան Եոմ Քիփուրի պատերազմին ռազմապէս անպատրաստ ըլլալու պատճառով։
– 1990 Նոյեմբեր 27-ին Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Մարկարէթ Թաչըր հրաժարեցաւ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութեան երկրորդ փուլի քուէարկութեան նախօրեակին՝ քուէներու անհրաժեշտ տոկոսային սահմանը առաջին փուլին չկարողանալով ապահովել։
– 2001 Դեկտեմբեր 20-ին Արժանթինի նախագահ Ֆերնանտօ Տէ Լա Ռուա հրաժարեցաւ, տնտեսական ճգնաժամի պատճաով ծայր առած ժողովրդային զանգուածային ցոյցերու ճնշումին տակ։
– 2003 թուականի նոյեմբեր 23-ին Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, նախագահ Շեւարտնաձէ հրաժարեցաւ, ընտրական համատարած անօրինականութիւններուն և կեղծիքներուն պատճառով սկիզբ առած ժողովրդային ցոյցերուն ճնշումին ներքոյ:
– 2005 թուականի Մայիս 31-ին Ֆրանսայի վարչապետ Ժան Փիեռ Ռաֆարին հրաժարեցաւ, երբ ֆրանսացի ընտրողներ մերժեցին Եւրոպական Սահմանադրութեան վերաբերեալ կառավարութեան աջակցութիւնը վայելող հանրաքուէն։
– 2010 թուականի Յունիս 8-ին Ճաբոնի վարչապետ Եուքիօ Հաթոյամա հրաժարեցաւ՝ Օքինաուա կղզիի ամերիկեան ռազմակայանը փակելու նախընտրական իր խոստումը խախտելու պատճառով եւ իր դէմ յառաջացած ժողովրդային անվստահութեան առ ի հետեւանք։
– 2011 Փետրուար 11ին Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաք հրաժարեցաւ՝ նոյն տարուան Յունուար 25-ին սկիզբ առած գործազրկութեան, աղքատութեան և փտածութեան դէմ հակակառավարական համատարած ցոյցերուն ճնշումին տակ։
– 2011 Նոյեմբեր 10-ին Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու հրաժարեցաւ տնտեսական ճգնաժամը լուծելու եւ ազգային միասնութեան կառավարութիւն կազմելու անկարողութեան պատճառով։
– 2016 Յունիս 24-ին Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Գամերոն հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, երբ Brexit-ի հանրաքուէի ընթացքին Մեծն Բրիտանիոյ ընտրողները կողմ քուէարկեցին Եւրոմիութենէն դուրս գալու։
– 2021 Յունուար 15-ին Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէ հրաժարեցաւ, որովհետեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին իր վարչախումբը սխալմամբ մեղադրած էր մօտ 26,000 ծնողներու՝ խարդախութեամբ երեխաներու համար պետական նպաստներ ստանալու յանցանքով: Վարչապետին հետ հրաժարեցաւ ամբողջ կառավարական կազմը։