Պատմութիւն Մերձ. Արեւելքի Նպաստամատոյցի Սիւրիոյ Շրջանի

Գրեց՝ Ֆրէնք Ա. Մարչ (վարիչ)

Սոյն տեղեկագրութիւնը քաղուած է 1929-ին «Ազդակ»ի տպարանին կողմէ հրատարակուած «Սուրիահայ Տարեգիրք» հատորէն։ Հ. Պալեանի կողմէ խմբագրուած հատորին մէջ տեղ գտած են շահեկան արխիւային տեղեկութիւններ Հալէպի եւ Պէյրութի գաղթակայաններուն եւ այդ օրերու համայնքային կեանքին մասին։

 

1915ին Սիւրիոյ մէջ գոյութիւն ունէր նպաստի ժամանակաւոր կազմակերպութիւն մը՝ Սիւրիոյ Նպաստամատոյցի Ամերիկեան յանձնաժողով անուան տակ: 1915 Նոյեմբերին սոյն յանձնաժողովը միացաւ Հայոց նպաստամատոյցի Ամերիկեան յանձնաժողովին՝ որ կը գործէր Պոլիս, այսպէս կրելով Սիւրիոյ եւ հայոց նպաստամատոյցի Ամերիկեան յանձնաժողով անունը: Սոյն միացեալ ընկերութիւնը գործեց մինչեւ 1918, երբ ուրիշ ազգերու եւս մատուցած ծառայութեանց պատճառաւ, յորջորջուեցաւ Մերձ. Արեւ. Նպաստամատոյցի Ամերիկեան յանձնաժողով: Այսպէս կը տեսնուի որ Ամերիկան 13 տարիներէ ի վեր յառաջ կը տանի նպաստի գործը՝ Սիւրիոյ մէջ:

«Արձանագրութիւնները կը ցուցնեն, որ Մերձ. Արեւ. Նպաստամատոյցն ու իր նախորդները փրկած են մօտ մէկ ու կէս միլիոն կեանք, մեծաւ մասամբ մանուկներ», եւ այս թուին աչքառու մէկ մասը Սիւրիոյ մէջ:

Սկիզբէն մինչեւ ցարդ կատարուած նպաստի գործը կրած է մեծ փոփոխութիւններ: Նախապէս ան կը բաղկանար՝ ապուր, հաց եւ հագուստ բաշխելէ:

Զինադադարի ժամանակները Կարմիր խաչն ալ կը գործէր Սիւրիոյ մէջ, բայց որովհետեւ ան չէր կրնար լծուիլ նպաստի յարատեւ աշխատանքին, որբանոցներ հիմնելու ծրագիրը ստանձնեցին Նպաստամատոյցի նախահայրերը:

Բազմաթիւ որբանոցներ բացուեցան, եւ պատսպարեալներու թիւը օրըստօրէ բազմացաւ, մինչեւ որ 1923ին հասաւ գագաթնակէտ մը, որմէ յետոյ ենթարկուեցաւ աստիճանական ու զգալի նուազմանց, բայց եւ այնպէս գործերը աւելի բարելաւուեցան:

Նպաստամատոյցի Սիւրիոյ շրջանի երբեմնի տնօրէն՝ Մր. Չ. Ֆաուլի քաղած հետեւեալ իրողութիւնները կ’ուզէի ներկայացնել.-

ՆՊԱՍՏԻ ԳՈՐԾԸ ՍԻՒՐԻՈՅ ՄԷՋ, 1919-1923

Ապուրի խոհանոցներ, 60 զանազան կեդրոններու մէջ, կերակուր հայթայթելով օրական 50,000 անձերու:

Հագուստի բաշխում 30 տեղեր:

Դարմանումներ, 8 հիւանդանոցներու եւ 12 քլինիքներու միջոցաւ:

Որբանոցներ, թիւով 16, Հալէպէն Սայտա, եւ դամասկոսէն մինչեւ ծովափ:

Պատսպարեալ Սիւրիացւոց բարձրագոյն թիւ՝  9700:

Որբերու ընդհանուր գումար՝  15,000:

Ընդհանուր ծախք, 9,000,000 տոլար:

Հաշուուած եւ տեսնուած է, որ 1918-1920, Լիբանանի բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը նպաստ ընդունած է Ամերիկ. Կ. Խաչէն կամ Մերձ. Արեւ. Նպաստամատոյցէն: Գործը հետզհետէ դիւրացաւ, երբ հազարաւորներ կրցան ինքնաբաւ դառնալ, բայց եւ այնպէս, ծախսուած գումարները հսկայական էին, եւ կեանքն ու բարոյականը անկումէ զերծ պահելու համար կատարուած ծառայութիւնը կարելի չէ ներկայացնել վիճակագրական ոեւէ ձեւով: Պատերազմէն վերջ, առաջին երկու տարիներուն, նպաստ ստացող Սիւրիահայերու թիւը շատ փոքր էր: Պարագան արմատապէս փոխուեցաւ, երբ 1921ին եւ 1922ին հայ գաղթականներու մեծ հեղեղ մը թիւրքիայէն արշաւեց դէպի Սիւրիա: մերձ. Արեւ. Նպաստամատոյցը, ի տես այս եկուորներու թշուառութեան, կրկին ընդարձակեց իր գործը: Ապուրի եւ կաթի բաշխումը 1923ին վերսկսաւ Պէյրութի, Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ. նոյնպէս եւ 1925ին՝ երբ, Տրուզներու ապստամբութեան պատճառաւ, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ փախան Դամասկոսէն, մեծ չքաւորութեան մատնուելով:

Դարմանման գործին ձեռնարկուեցաւ պարզ քլինիքներով՝ հաստատուած Պէյրութի, Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ:

Ունենալու համար Մերձ. Արեւ. Նպաստամատոյցի կատարեալ պատկերը, անցուդարձերուն ժամանակագրականօրէն հետեւիլ հետաքրքրական կրնայ ըլլալ: 1920ի աշունէն սկսեալ մինչեւ 1921ի կիսուն, վարբական գործերը կատարեցին՝ Ամերիկեան Միսիոնարութենէն Մաժոր Նիքոլ եւ Ամերիկեան Համալսարանէն՝ Նախ. Պայարտ Տաճ, երբեմն կիսուելով պարտականութիւնները եւ երբեմն ալ անջատ գործելով: 1921ի ամրան եւ աշնան, Թիւրքիայէն որբեր բերուեցան ու տեղաւորուեցան մեր զանազան որբանոցներուն մէջ: 1921 Յունիսին, Նիւ-Եորքի կեդրոնէն եկաւ Մր. Հ. Պ. Մէք Էֆի, իբրեւ վարիչ Նպաստամատոյցի Սիւրիոյ եւ Պաղեստինի շրջանի:

1922ի ամրան որբեր եկան Կիլիկիայէն, եւ աշնան սկսան գործերը Պաղեստինի մէջ՝ Մր. Պլէճֆորտի հսկողութեամբ: Խարբերդի որբանոցները փակուեցան, եւ որբերը փոխադրուեցան այս շրջանը: Ձմեռը Սիւրիա հասան Գոնիայի եւ Կեսարիոյ որբերը: 1923ի Ապրիլին, Մր. Ֆաուլ ստանձնեց վարիչի պաշտօնը: 1924ին ձեռնարկուեցաւ որբերը դուրս տեղաւորելու ծրագիրը: Մարտին հիմնուեցաւ Որբերու Ընդհանուր Միութիւնը: 1925ին Պէյրութի մէջ կազմուեցաւ նպաստի յանձնախումբ մը՝ օգնութեան փութալու համար Տրուզներու ապստամբութեան շրջանին Դամասկոսէն հեռացող հայերուն: Շնորհիւ Նպաստամատոյցի ջանքերուն, ստեղծուեցաւ յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանար Հայ, Սիւրիացի եւ Տրուզ գաղթականներուն ի նպաստ գործող կազմակերպութիւններէ: 1926ի Դեկտեմբերին, Նպաստի յանձնախումբն ու Նպաստամատոյցը Պէյրութի վրանաքաղաքին մէջ հիմնեցին մայրանոց-հիւանդանոց մը, զայն յանձնելով Միս Ա. Իվոնի ղեկավարութեան: 1927ի Ապրիլին, Մր. Ֆաուլ մեկնեցաւ Ամերիկա: Մր. Ֆաուլի յաջորդեցին Մր. Ճ. Ուիլքաքս, Մր. Պրաուն, Մր. Պլէճֆորտ, եւ Մր. Ֆլէկ. 1928ին մարտին Պոլսէն Պէյրութ ժամանեց Մր. Ֆր. Մարչ, իբրեւ ընդհ. Վարիչ-տնօրէն: Սոյն սեղմ ուրուագծէն յետոյ, անցնինք մեր զանազան կեդրոններու գործունէութեանց:

ՀԱԼԷՊ

Հալէպ, Թիւրքիոյ մօտ ըլլալուն, պատերազմէն ի վեր ունեցած է մեծ թիւով հայ գաղթական բնակչութիւն մը, եւ ահա թէ ինչո՛ւ Նպաստամատոյցը ամէնէն առաջ հոն սփռեց իր բարերար լոյսը: Քանի մը որբանոցներ կային, 2,000 որբ-որբուհիներով: Հալէպէն էր, որ կը փոխադրուէր ամէն տեսակ պիտոյք՝ թիւրքիոյ հարաւային կեդրոնները Մարաշ, Այնթապ, Եդեսիա, Մերտին եւլն:

Հալէպ առաջնակարգ կեդրոնն էր, որ որբանոցի ծրագրին մէջ  մտցուց արհեստներու ուսուցումը, լուրջ ուշադրութիւն դարձնելով անոր: Խանտէկ փողոցի երկայնքին կային շատ մը խանութներ, որոնք արտադրեցին ընտիր գործեր: Հալէպ, երբ Նպաստամատոյցի հարաւային կեդրոնները ջնջուեցան, որբ-որբուհիներու թիւը իջաւ եւ գաղթականները վերագտան ինքզինքնին. գործը դարձաւ նուազ անհրաժեշտ, եւ 1924ի Նոյեմբերին, որբանոցները գոյութիւն ունենալէ դադրեցան: Ներկայիս Հալէպ կայ որբերու տեղաւորման յանձնախումբ մը՝ Միս Մ. Է. Սիլի հսկողութեան ներքեւ, դարմանատուն մը, Որբ. Ընդհ. Միութեան եւ Աղջ. Ձեռագործի կարեւոր մասնաճիւղեր:

ՃԻՊԷՅԼ

Այս որբանոցը բացուեցաւ 1921ի Հոկտ.ին, 1200 որբերով եւ Մր. Ր. Փ. Թրէվիզի տնօրէնութեամբ: 1925ի Յուլիսին փակուեցաւ: Փոքրիկները փոխադրուեցան Սայտայի որբանոցը:

ՆԱՀՐ ԻՊՐԱՀԻՄ

Այս որբանոցը հաստատուեցաւ 1923ի գարնան հոգալու համար Գոնիայի եւ Կեսարիոյ որբերը: Տնօրէնն էր՝ Մր. Ս. Է. Քըր: Մալարիայի դժբաղդ համաճարակին պատճառաւ նոյն տարին գոցուեցաւ, երբ կը պատսպարէր 1200 որբեր:

ՄԱՄԸԼԹԷՅՆ-ԾՈՎԵԶԵՐԵԱՅ ՈՐԲԱՆՈՑ

Հիմնուեցաւ 1922ին՝ փոքրիկ տղոց համար, երբ տղաքը տեղաւորուեցան դպրոցներով օժտուած մեծ որբանոցներու մէջ, այս որբանոցը ծառայեց զանազան նպատակներու, եւ 1924ի Դեկտ.ին վերածուեցաւ թոքախտանոցի՝ մասնաւոր յանձնախումբի կողմէ:

ՄԱՄԸԼԹԷՅՆ-ՏԷՆՖՈՐԹ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Այս որբանոցը բացուած 1922ին, նպատակ ունէր թիւրքիայէն եկան տարեց տղոց սորվեցնելու զանազան արհեստներ, այսպէս զանոնք պատրաստելով կեանքի պայքարին համար: Տարի մը յետոյ, երբ ան արդէն իրագործած էր իր նպատակը, փակուեցաւ:

ՂԱԶԻՐ

1919ին կազմուեցաւ այս որբանոցը՝ յատկապէս սիւրիացի տղոց եւ աղջկանց համար. երբ անոնք 1922ին փոխադրուեցան Սայտա, Ղազիրը վերածուեցաւ հայ աղջկանց (թիւով 900) որբանոցի: Մր. Ճ. Քիւնզլէրի ձեռնհաս ղեկավարութեամբ, գորգի գործարան մը հաստատուեցաւ, ներկայիս սոյն որբանոցը անուանի է իր պատրաստած գեղեցիկ գորգերով: ծրագիր կայ Պէյրութի մէջ եւս բանալու նման գորգի գործարան մը՝ որբուհիներուն գործ հայթայթելու մտադրութեամբ:

ՂԱԶԻՐԻ ԿՈՅՐԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑ

Հիմնուած 1925ին, սոյն հաստատութիւնը վայելեց Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի միացեալ մարդասիրութիւնը: 1928ի Ապրիլին դպրոցը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Զուիցերիացւոց խնամքին, տնօրէն ունենալով Տէր եւ Տիկին Թ. Ուիզիրը: 1928ի մայիսին. Մր. Մէյըր, կոյրերու արհեստներու մասնագէտ մը, եկաւ ստանձնելու կոյրերու աշխատանոցին ղեկավարութիւնը:

ՂԱԶԻՐԻ ԱՐՓԻԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Այս հիւանդանոցը հաստատուեցաւ 1926ին, որբ-որբուհիներուն թոքատապի արեւու դարմանումներ տալու համար: Միջին հաշուով, խնամուողներու տեւական թիւը եղած է 25: Գոցուեցաւ 1928ի գարնան:

ՃԻՒՆԻԷՅԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ՈՐԲԱՆՈՑ

Այս որբանոցը սկսաւ 1923ին, հոգալու համար Գոնիայի եւ Կեսարիոյ փոքրիկ աղջիկները. տնօրէնութեամբ Մր. Ֆլէչըրի եւ Միս Լուղրիճի: Անոնց յաջորդեցին Միս Հարտքէսըլ եւ Միս Ուէպսթըր: Գործեց մինչեւ 1925, երբ ան ցրուեցաւ, եւ աղջիկները փոխադրուեցան Ղազիր եւ Սայտա:

ԶՈՒՔ

1922ի Յունիսին, Զուքի մէջ մանկտիներուն համար բացուեցաւ որբանոց մը, Միս Մ. Ճէյքպսընի հսկողութեամբ: Սոյն որբանոցը մնաց Զուք մինչեւ 1923 Ապրիլ, երբ փոքրիկները փոխադրուեցան Սայտա, եւ յառաջ եկաւ ամէնուն յայտնի «Թռչնոց Բոյն»ը: Երախաներուն թիւը միջին հաշուով եղած է 500, եւ մինչեւ 1928ի Ապրիլը անոնք վայելած են Դանիական Ընկերութեան եւ Նպաստամատոյցի գուրգուրանքը: 1928ի գարնան, Դանիական Միսիոնարութիւնը Նպաստամատոյցէն գնեց Ճիպէյլի որբանոցի կալուածը եւ հոն փոխադրեց պզտիկները, անոնց հոգատարութիւնը ամբողջութեամբ ինք ստանձնելով:

ԱՆԹԻԼԻԱՍ-ՃԻՏԷՅՏԷՀ

Այս ժամանակաւոր, կարճատեւ որբանոց մըն էր, բացուած 1920ին, եւ գոցուած երկու տարի յետոյ:

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Այժմու որբանոցը հիմնուեցաւ 1922ի աշնան, Տէր եւ Տիկ. Ճ. Նըտսընի ջանքերուն շնորհիւ: Ատեն մը որբերուն թիւը կը հասնէր 1400, թէեւ ներկայիս սոյն քանակը իջած է 300էն վար: Մր. Նըտսընի շրջանին հիմնուեցաւ արհեստանոց մը, որը շարունակուեցաւ Մր. Պրաունի կողմէ: Այժմ Անթիլիասի արհեստանոց վարժարանին տնօրէնութիւնը կը վարէ Մր. Ր. Լ. Տէյվիս:

ՊԷՅՐՈՒԹ, ԾՈՎԵԶԵՐԵԱՅ ՈՐԲԱՆՈՑ

Բացուեցաւ 1922ին՝ տարեց աղջկանց համար: Սոյն որբուհիներուն ուսուցուեցան ձեռագործ եւ ընտանեկան նախնական գիտութիւն:

ՍԷՅՆԹ ՃԷՅՄՍ

Ծովեզերեայ որբանոցի անբաւականութեան հետեւանքով՝ 1923ին հիմնուեցաւ Սէյնթ Ճէյմսի որբանոցը, նոյն հիմանց վրայ եւ հովանաւորութեամբ Միս Մ. Քըրի: Երկու տարի յետոյ, երբ աղջիկները տեղաւորուեցան ընտանիքներու քով, զոյգ որբանոցներն ալ փակուեցան: Ձեռագործի աշխատանոցի բացումով աղջկանց տրուեցաւ գեղեցիկ առիթ մը՝ ինքնաբաւ եւ անկախ դառնալու համար:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐ ՏՂՈՑ ԱԿՈՒՄԲ

Զգալով անհրաժեշտութիւնը ժամանակաւոր պատսպարանի մը մեծ տղոց համար, որոնք գունդադունդ կը ձգէին որբանոցը՝ 1923ի Յունիսին բացուեցաւ սոյն ակումբը՝ Տէր եւ Տիկ. Մուլթրիի առաջնորդութեամբ: Գործեց մէկ տարի, եւ երբ ալ ընելիք չունէր, գոցուեցաւ:

ՍԱՅՏԱ, ԲԼՐԱՅԻՆ ՈՐԲԱՆՈՑ

Այս սկսաւ 1918ին իբրեւ Սուրիական որբանոց մը: Սուրիացի որբերուն թիւը հետզհետէ նուազելուն համար, հոն զետեղուեցան հայ որբեր: Պատսպարուող որբերուն փիւը կը հաշուուէր 1400: Տէր եւ Տիկ. Ս. Ճէսըպ, Տիկ. Է. Բրի օգնութեամբ, կը վարէին որբանոցը: Տնօրէնութիւնը յետոյ յանձնուեցաւ Միս Ա. Ուէպսթըրի եւ Մր. Պ. Լ. Հօրնի:

ՍԱՅՏԱ, ԾՈՎԵԶԵՐԵԱՅ ՈՐԲԱՆՈՑ

Հիմնուեցաւ 1922ին՝ Տիկ. Քոլքի կողմէ, 12-16 տարեկան աղջկանց համար, 1923ի ամրան, Միս Մ. Է. Սիլ ստանձնեց վարչուհիի պաշտօնը: Փակուեցաւ 1925ին:

Ս. ԳՐԻԳՈՐ

Այս որբանոցը բացուեցաւ 1923ին, հայ կաթոլիկ տղոց համար, թիւով 185, եւ Հայր Պօղոս Արիսի ղեկավարութեամբ: Ներկայիս ան կը շարունակուի Նպաստամատոյցի աջակցութեամբ:

ՆԱԶԱՐԷԹ

Հաստատուեցաւ 1923ին՝ Մր. Է. Պլէճֆօրտի տնօրէնութեամբ: Տղոց (10-14 տարեկան) թիւը կը հասնէր 175ի: Շնորհիւ որբանոցին կղզիացեալ դիրքին, կարելի եղաւ հոն կրթել ամենայամառ եւ չար տղաքը: Դադրեցաւ 1927ին, թէեւ տարուայ մը չափ 25 տղաք պահուեցան եւ խնամուեցան:

Վերոյիշեալ 19 որբանոցներէն զատ, Նպաստամատոյցը Հ.Բ.Ը.Մ.ին եւ Հայ Կաթ. որբանոցներուն ընծայաբերեց նիւթական մեծ օժանդակութիւններ: Համագործակցաբար աշխատեցաւ Ճիւնիէյի Հայկ. որբանոցին հետ: Օգնեց Պէյրութի Քէլէկեան որբանոցին, բազմաթիւ հայ կաթ. որբանոցներուն, եւ Երուսաղէմի Շնէլլըր որբանոցին:

1924 Փետրուարին հիմնուեցաւ Տղոց Բարօրութեան Յարկաբաժինը, որուն պարտականութիւնն էր որբանոցէն հեռացող որբ-որբուհիներուն գործ հայթայթել, զանոնք զետեղել յարմար տուներ կամ իրենց ազգականներուն մօտ, հետեւիլ անոնց նիստ ու կացին եւ ի հարկին ձեռք կառկարել: Պէյրութ, սոյն յարկաբաժինը կը գործէր Միս Է. Ճ. Հարթքէսըլի, իսկ Հալէպ Մր. Հ. Ր. Մրֆիի ղեկավարութեամբ: Պէտք է ըսել, որ ան մեծապէս յաջողեցաւ իր ծրագրի գործադրութեան մէջ: Ներկայիս ան կը յարաբերի աւելի քան 3,000 տղոց եւ աղջկանց հետ: Պէյրութի եւ Հալէպի դարմանատուները կը գտնուին անոր հսկողութեան ներքեւ: Ներկայ վարչուհին է Միս Սթայկըր:

1924ի մարտին հիմնուեցաւ Որբ. Ընդհ. Միութիւնը: Միութիւնը բոլորեց շատ մը փոթորկալից շրջաններ: Մր. Ֆաուլ եւ Միս Հարտքէսըլ ըրին իրենց լաւագոյնը՝ զայն քայքայումէ փրկելու համար: Տարի մը վերջ սկսաւ հրատարակուիլ «Որբաշխարհի Աստղը»: 1926ին Նիւ-Եորքի Կեդրոնէն եկաւ Մր. Մրֆի՝ իբրեւ ընդհ. Քարտուղար: Որբ. Ընդհ. Միութիւնը այժմ ունի մասնաճիւղեր՝ Պէյրութ, Հալէպ, Զահլէ, Անթիլիաս, Ճիպէյլ, Ալէքսանտրէթ, Ղազիր եւ Երուսաղէմ: Յոյս ունինք, որ Նպաստամատոյցի օժանդակութեան դադարումէն յետոյ, ան պիտի կարենայ ինքնաբաւ կազմակերպութիւն մը դառնալ:

Նպաստամատոյցի ուրիշ մէկ գովելի ձեռնարկն ալ Պէյրութի եւ Հալէպի Աղջկանց Ձեռագործի Աշխատանոցներն են: Ներկայիս հոն կ’աշխատին 650 որբուհիներ, այսպէս ապահովելով իրենց ապրուստը եւ անմահացնելով հայ կարն ու ճաշակը: Պէյրութի մէջ կայ խանութ մը, ուր կը վաճառուին աղջկանց ձեռագործի արտադրութիւնները:

Անգլ. թրգ. Ա.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.