Պայրաքտարը՝ թուրքիոյ հպարտութիւն, իսկ մեզ համար ամօթի խարան

Գանատական ընկերութիւնները ԱԹՍ (անօդաչու թռչող սարք) սարքերու արտածման հիմնական մատակարողներէն են: Քառասուն չորս օրեայ պատերազմի բացայայտումներէն մին հանդիսացաւ այն հանգամանքը, որ այդ արդիական մասերը եկան լրացնելու թրքական ռազմա-արդիւնաբերական թագը հանդիսացող Պայրաքտարը, որուն շնորհիւ ազերին ապահովեց օդային մեծ առաւելութիւն: ԱԹՍ-ն՝ խախտեց պատերազմի խաղի կանոնները, եւ ըլլա՛յ Լիպիոյ պատերազմին , ըլլայ 44 օրեայ Արցախեան գոյապայքարին, նժարը թեքեց դէպի թրքական ուժերու յստակ առաւելութեան:

ԱԹՍն՝ որպէս նորոյթ կիրարուած զէնք, բոլոր ռազմական հարցերու մասնագէտներու ուշադրութեան առարկան դարձաւ, իր ճշգրիտ հարուածային եւ անաղմուկ թռիչքի առաւելութիւններով, ի բացառեալ հայկական կողմին, որ դեռ ե՛ւս հեւքոտ ճիգի մէջ է, ապահովելու անգործնական զինամթերք, ինչպիսի են օդանաւներ առանց հարուածող հրթիռներու եւ անորակ Յորդանանեան մատակարարութեամբ անօգուտ սարքերու:

Մինչ թրքկան ընկերութիւններ տարիներու վրայ երկարած իր ռազմա-արդիւնաբերական կարողականութիւնը, ոչ միա՛յն կը զարգացնէ, ա՛յլ համապատասխան հանրային արդիւնաբեարական ընկերութիւնները, սկսան վայելելու կառավարական գերատեսչութիւնններու ուղղակի հովանաւորութիւնը ու նիւթական անսահմանափակ աջակցութիւնը, մանաւանդ Պայրաքտարի արտադրութիւնը, երբ մանաւանդ անոր սեփականատէրը դարձաւ երկրի իշխող  նախագահին փեսան:

Տարիներէ ի վեր զարգացող վերեւ յիշուած հանգամանքը, պատճառ դարձաւ, որ ազրպէյճան նուազ կարեւորութիւն տայ հրէական մակնիշներով ԱԹՍերուն, զանոնք փոխարինելով աւելի կործանիչ պայրաքտարներով ու այս մէկը օր ցերէկ համաշխարհային տեղեկանքով: Մենք , որ արհեստավարժ մասնագէտները չենք այդ ոլորտին, երբ մեր ուշադրութեան կիզակէտը դարձաւ այս մէկը, մէկէ աւելի անգամներ հանդէս եկանք այս գծով, մինչ հայկական կողմը իր խորունկ թմբիրին մէջ է, իր հետախուզական համակարգով, ԱԱԾ-երու «նարկիլայի ջուրի» նման գերատեսուչթիւններու նախագահներու փոփոխութիւններով եւ բարձր քաղաքական այրերու ամուլ ուղղորդումներով, որոնք զբաղած են ընդդիմախօս լռեցնելու դաւադիր աշխատանքներով: Կը զարմանամ այս ամլութեան, որ պատճառ դարձաւ անհաւասար մարտերու զոհասեղանին՝ մատաղ ներակայացնել հազարաւոր հայորդիներու մատղաշ կեանքերը, երբ  նոյնի՛սկ յականէ անուանէ  հնարաւոր էր խնայել զանոնք՝ պատերազմը կասեցնելով դեռ եւս չթէժացած ժամանակահատուածին:

Իսկ «մերոնք»՝ մեկնած «բարի դրացիութեան» սին քաղաքական արշաւներէ, այդ թեման կը գերակայեն այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող ազգի ու հայրենիքի լինել-չլինելու կարգախօսներէ ու աչքաթող կ՛ընեն թուրքիոյ թուրանական բացայայտ ծրագիրները, Հայաստանն ու հայութիւնը յօշոտելու վաղեմի իրենց երազներով: հետեւաբար, Պէտք է յստակ դառնայ, որ մեր պաշտպանուածութիւնը կը կայանայ այն ռազմավարական  սկզբունքին վրայ, ուր որեւէ մէկ բանակցութեան, նախ պարտադրենք թուրքիոյ՝ ընդունելու Ցէղասպանութեան իրողութիւնը ու այդ արարքի հատուցման գործընթացի պատկերացումի ճանապարհային քարտէզ ուրուագծելը: Դրացիութիւնը պայմանաւորուած պէտք է ըլլայ ու խարսխուած այս conditio sine qua non կարգախօսով: Մինչ թուրքիա,  յոխորտանքով կը գովերգէ իր Պայրաքտարը՝ ըսելով, որ «մեր սարքերու արդիւնաւէտութիւնը սքանչացուցին ողջ աշխարհը»: Թուրքիա կը նկրտի իր չակերտեալ քաղաքական խորամանկութեամբ, տարուբերել Ռուսաստանն անգամ, որ զբաղած է միայն ապահովելու եւ կուտակելու նիւթական շօշափելի տուեալներ, խնամիութիւն խաղալով գորշ գայլի վոհմակներու պետութեանց հետ, կազի եւ նաւթի ագահութեան դիմաց, զիջելով հարաւային կովկասի մէջ իր ունեցած առ այսօր՝ յստակ ռազմավարական առաւելութիւնը:

Ըստ երեւոյթին Թուրքիա պիտի յաջողի ծախել այն պատրանքը, որ ինք կը միտի ճամբար փոխել կամ ստեղծել ուրոյն եւ  անկախ ներկայութիւն տարածքաշրջանին մէջ, երբ մանաւանդ փափաք կը յայտնէ ռազմական սարքերը համալրել Ռուսական S400 սարքերով, «նախանձը» ու միեւնոյն ժամանակ բարկութեան ջերմաստիճանը բարձրացնելով արեւմտեան գերպետութիւններու մօտ:

Արդ, Ռուսաստան աւելի զգօն մօտեցում պէտք է ցուցաբերէ այս մարտավարութեան ի տես, մանաւանդ Ուքրանական (Խրիմի) զինապահեստանոցներուն մէջ թրքական զինանոցի առատութեան նկրտումներուն հանդիսատեսը ըլլալով: Այլապէս, Գորշ գայլերու վոհմակը, շատ դիւրին պիտի յօշոտէ՝ դեռ ե՛ւս իր թմբիրին մէջ տատանող «Ճերմակ Մեծ Արջը»:

Վերջապէս, այսօրուայ իրավիճակով՝ պէտք է ընդունինք, որ Պայրաքտարը դարձաւ թուրքին հպարտանք, իսկ մեզ համար ամօթի խարան:

Սպասելով Հայկական ազդու հակահարուածող համպատասխան լազերային սարքերու գործնական ներկայութեան…

Ժան Հալլաճեան 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.