Որպէս անսպառ աղբիւր ներշնչման…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս օրերուն, երբ մեր ազգը քաղաքական աննախանձելի անելի մը առջեւ կը գտնուի ու դժուար է երեւակայել ի՛նչ մոգական ճիպոտով կրնանք անկէ դուրս գալ, ես վստահ եմ, որ եթէ մեր հայեացքը պահ մը, միայն պահ մը ուղղենք դէպի մեր անցեալը, այնտեղ պիտի գտնենք մեր տարակուսանքը փարատող, մեր վհատութիւնը կասեցնող բազմաթիւ օրինակներ՝ «արութեան գործեր»։

Նման մտորումներու մէջ էի, երբ կարդացի քեպէգցի ականաւոր մտաւորական, մտածող ու գրող Gérard Bouchard-ի վերջին յօդուածը Le Devoir օրաթերթի 15-16 յունուար շաբաթավերջի թիւին մէջ՝ «Mythes fondateurs du Québec: les patriotes» («Քեպէգի հիմնարար առասպելները՝ փաթրիոթները») վերնագրով։

Այս նահանգի պատմութեան մէջ «Փաթրիոթներ» անունով ճանչցուած է այն շարժումը, որ ԺԹ. դարուն ընդվզած է անգլիական տիրապետութեան դէմ ու հրապարակ իջած՝ անկէ ձերբազատելու նպատակով։ Տառացի՝ «Հայրենասէրներ» կը նշանակէ իրենց անունը։ Շարժումը ձախողած է, անոր ղեկավարները ձերբակալուած ու կախաղան հանուած։

Հակառակ այդ իրողութեան, յօդուածագիրը յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ անոր առաջնորդներէն Robert Nelson-ի 1838-ին խմբագրած «Ստորին Գանատայի անկախութեան հռչակագիրը», կոչելով զայն հիմնարար խօսք կամ գրոյթ «texte fondateur»։ Այն ատեն այդ անունով կը ճանչցուէր այն հողատարածքը, որ յետոյ կոչուեցաւ Քեպէգ նահանգ։

Ինչո՞ւ Պուշար այդպիսի յարգանք կը տածէ այդ հռչակագրին նկատմամբ,–  «Որովհետեւ այդ գրութիւնը» կ՚ըսէ ան, «որ ներշնչուած է մարդկայնութեամբ ու քաղաքացիական առաքինութեամբ, նախ բոլոր քաղաքացիները կողմնորոշելու ու զանոնք գործի մղելու կոչուած գաղափարներու բանաձեւում մըն է, ապա կը պարզէ համամարդկային հորիզոններ, որոնք կրնան դարերո՜վ ներշնչել ժողովուրդ մը ու դիմանալ անոր կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն»։

Յետոյ հեղինակը կը մէջբերէ բանտի իր «խուցի լռութեան մէջ» Chevalier de Lorimier-ի 1839-ին գրած տառապալից ու յուզիչ նամակը եւ կ՚ըսէ, որ բոլոր երիտասարդները զայն կարդալու են. «Կը մեռնիմ առանց զղջումի, կը ցանկայի միայն լաւութիւնը իմ երկրի»։ Ան կ՚ոգեկոչէ «ազատութեան խորանին վրայ թափուած արիւնն ու արցունքը, որ մեր արմատները կ՚որոգեն»։ Ապա դիմելով իր զաւակներուն՝ նահատակը կ՚աւելցնէ՝ «ձեր հօր ոճիրը ձախողութեան մէջն է» ու կ՚աւարտէ նամակը գրելով՝ «Կը մեռնիմ գոչելով կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ անկախութիւնը»։

Փաթրիոթներու մեզի կտակած ժառանգութիւնը բոլո՛ր քեպէգցիներուն կը պատկանի, կը յարէ Պուշար, «անկախ՝ իրենց քաղաքական հաւատարմութիւններէն», որովհետեւ եթէ նոյնիսկ մոռնանք, թէ անոնք պարտուած էին ու իրենց պաշտպանած դատը կորսուած, անոնց վեհ գաղափարները՝ ազատութեան, ժողովրդավարութեան, հաւասարութեան ու արդարութեան սէրը, համամարդկային արժէքներ են։ «Տխուր պիտի ըլլար մտածել, որ մեր երեւակայութեան մէջ անոնց ճառագայթման սահմանափակումը արդիւնք է մէկ կողմէն մեր անհոգութեան ու անտարբերութեան, միւս կողմէ անոնց պարտուածի իրավիճակին», դիտել կու տայ այս մեծ մտաւորականը։

Այս տողերը կարդալէ ետք ինչպէ՞ս չյիշել մե՛ր հայրենասէրները, մե՛ր նուիրեալները՝ մեր ջա՛ն ֆետայիները։

Վահան Նաւասարդեան, մե՛ր մեծերէն մէկը, իր «Գաղափարների ոգին» (Գահիրէ, 1951) գիրքը կը բանայ հետեւեալ ոգեշունչ բառերով.

«Վաթսուն տարիներ առաջ գաղափարական մի հզօր կիրք մահը հազարաւորների համար հոգեկան վայելք դարձրեց։

«Ու ծայր տուաւ Յօժարների մի հանդիսաւոր երթ դէպի Գողգոթա, յօժար ոչ միայն հոգիով, այլ եւ մարմնով։

«Ֆէդայի՜…

«Այս մէկ հատիկ բառը պատռեց դարերի խաւարը ու հիմքից փոխեց մեր կեանքի պատկերը»։

Ու կարելի չէր չվերյիշել երկու նամակներ, որոնք ի՛մ պատանեկան օրերէս ներշնչած էին զիս, եւ համոզուած եմ, որ տակաւին կրնան ներշնչել մեր գալիք սերունդները։

Ահա անոնց առաջինը, որ Սիմոն Վրացեան՝ մեր մէկ այլ մեծերէն մէկը, կը յիշատակէ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծնունդը եւ հիմնադիրները» իր յօդուածին մէջ՝ իր իսկ կազմած ու խմբագրած «Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան – 1890-1950» (Պոսթըն, 1950) հատորին մէջ։ Նամակը գրուած է թիֆլիսցի մտաւորական եւ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ Վարդան Գոլոշեանի կողմէ։ Ան, «ներշնչուած հայրենասիրական զգացմունքով», պատանի տարիքին կը մեկնի դէպի Վասպուրական։ Անկէ կը վերադառնայ Թիֆլիս ու 1889-ին կ՚որոշէ վերջնականօրէն ձգել ծնողական յարկը ու լեռ բարձրանալ։ Ճամբան կը նահատակուի։ Բայց Սալմաստէն անցած ատեն կը գրէ հօրը ուղղուած նամակ մը, ուր կը բացատրէ, թէ ինչպէս ներշնչուած է Րաֆֆիէն.

«Այդ հեղինակի ընթերցանութիւնը ներշնչեց մէջս մի վառ ու ազնիւ սէր դէպի ազգ ու հայրենիք, դէպի տառապեալ հայութիւնը։ Ես վճռեցի մինչեւ մահ գործել հայրենիքի փրկութեան համար, նրա բարօրութիւնը իմ երջանկութիւնս համարել։ Եւ այդ վճիռը չէր այն վաղանցուկ կրքերից մէկը, որ քամու պէս ծնւում ու կորչում է. ո՛չ, նա աւելի խոր արմատ ունէր։ […]

«Ես չգիտեմ, թէ որքան կը յաջողուի մեր նպատակը. Գուցէ մենք կ՚ընկնենք շուտով եւ շատ շուտով։ Բայց մեր անկումը պիտի այլոց գրգռէ, եւ մենք շատերին օրինակ կը լինենք մեր գործունէութեամբ»։

Երկրորդ նամակը կը քաղեմ  նոյնպէս Վրացեանի պատրաստած «Հ.Յ.Դ. վաթսունամեակ» հատորէն (Պոսթըն, 1950)։ Այդ՝ Կարինի բանտէն Թաթուլի (Արամ Արամեան, Աշոտ) գրած նամակն է 1896-ին՝ «ծխախոտի բարակ թղթերի վրայ»։  Սահմանագլուխի կոմիտէներէն մէկուն ուղղուած երկար ու մանրամասն զեկոյց մըն է, այլապէս շատ հետաքրքրական, որմէ սակայն կը մէջբերեմ երկու այնքան խօսուն պարբերութիւններ։

Ներկայացնելէ ետք բանտին մէջ իր դժուարին վիճակը, ան կ՚ըսէ. «Այնուամենայնիւ ներքին մի սփոփանք, մի քաղցր մխիթարութիւն, իբրեւ պահապան հրեշտակ, շարունակ անբաժան է ինձանից։ Իմ վիճակի ծանրութիւնը ինձ չի ընկճում, միայն նրա համար, որ ես գիտակցաբար ընտրել էի հասարակական գործունէութեան մի այնպիսի ասպարէզ, որտեղ իւրաքանչիւր րոպէն սպասում էր ինձ բանտ կամ կախաղան եւ կամ “մահառիթ սպանիչ գնդակը”։ Ես ցաւում եմ, սրտանց ցաւում, որ բանտը շուտ զրկեց ինձ փշոտ ճանապարհներից, որոնց մէջ բոպիկ ոտներով ման գալ սիրելի էր ինձ, որոնց մէջ դեռ երկար, մինչեւ վերջին շունչս կամենում էի տանջուել, քանի չարչարուող հայ ժողովրդի համար չի ծագել նոր կեանքի նոր առաւօտ։ Մուրազս մնաց անկատար։ Երկինքը զրկեց ինձ հրացանը ձեռիս կռուի դաշտում ընկնելու բախտաւորութիւնից»։

Ահա եւ նամակը փակող տողերը. «Կտակում ենք ձեզ մեր վրէժը եւ այն գործը, որի համար մենք պատրաստ ենք կռուել մինչեւ վերջը։ Վստա՛հ եղէք, ձեր ընկերներ ունին բարոյական արիութիւն համարձակ քայլերով դիմելու դէպի կախաղան, որը, անկասկած, վաղ թէ ուշ  մեր հետեւորդներին կը բարձրացնի դէպի ցանկալի վերածնութիւն։

«Անյագ կարօտով համբուրում եմ բոլորիդ եւ ցանկանում յաջողութիւն ձեր գործին, ոյժ ձեր բազուկներին։ Եթէ մի օր երկինք բաց աչքերով նուիրի մեզ բախտաւորութիւն՝ տեսնելու մեր գաղափարների յաղթանակը, մահկանացուների մէջ մեզ կը համարենք ամենաերջանիկը…։ Կարմիր օրերուն, զուարթ արշալոյսին՝ մեզ էլ յիշեցէք…»։

Իրապէս պէտք ունի՞նք աւելիին, գօտեպնդուելու ու անվհատ շարունակելու համար մեր գոյամարտը՝ ի վերջոյ ողջունելու համար այդ յապաղած, այդ յապաղող արշալոյսը։

Բայց վա՛յ մեզի վա՛յ մեզի, եթէ մեր անհոգութեան ու մեր անտարբերութեան, այլեւ պարտուածի մեր հոգեբանութեան իսկ պատճառաւ մեր երազները դադրին ճառագայթելէ…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.