Ո՛Չ՝ այս պսակին

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ       

Ի յայտ եկաւ նոր աշխարհակալ մը, զոր ոմանք կոչեցին coronavirus, կամ հայատառ՝ կորոնավիրուս՝ ուղղակի փոխառութեամբ, կամ՝ թագաժահր, պսակաժահր եւ այլն՝ այլ բարդ բառերու նմանողութեամբ, մեղանչելով հայերէն բառակազմութեան օրէնքներուն դէմ (թագի ժահր կամ պսակի ժահր իմաստ պիտի ունենան այդ բառերը), իսկ բժ. Արմենակ Եղիայեան մատնանշեց, որ «պսակաձեւ ժահր»-ն է հայերէնով ամենէն հարազատը։ Ան, մկրտութեան անունով, կը ճանչցուի որպէս COVID-19։

Հայ լեզուաբաններուն կը թողեմ որոշել, թէ ինչպէս մէ՛կ բառով պիտի անուանուի ան մեր ապագայ բառարաններուն մէջ, բայց չեմ կրնար չտեսնել այն ահաւոր տակնուվրայութիւնը, որ ան յաջողեցաւ ստեղծել համաշխարհային առումով՝ անշուշտ ոչ առանց մեղսակցութեանը իշխանութիւններուն, մեծ դրամագլուխին, մամուլին ու մեր բոլորին, որ ենթարկուեցանք այս բռնակալի կամքին։

Կամայ-ակամայ ամենքս ստիպուեցանք պատշաճիլ, փոխել, երբեմն գրեթէ կասեցնել մեր առօրեան, նոր կենցաղի մը, կենցաղներո՛ւ վարժուիլ, սորվիլ ինչպէս հեռաշխատիլ առանձնաբար կամ խմբովին։

Կանգ առաւ նաեւ մեր ազգային-համայնքային սովորական գործունէութիւնը, փակուեցան ուսումնական հաստատութիւնները, հայ կեդրոնները, աղօթարանները, սակայն որդեգրուեցան տարբեր գործելակերպեր, բայց մանաւանդ աննախընթաց նոր նախաձեռնութիւններ՝ օրուան կարիքներուն համապատասխան։ Առցանց տեղեկատւութիւններն ու հանդիպումները նախապատւութիւն ստացան անխուսափելիօրէն։

Ականատեսն ու մասնակիցն ենք այս փոփոխութիւններուն՝ առաջին հերթին մղուած ինքնասիրութենէ մը՝ մտահոգ մեր առողջութեամբ, բայց միեւնոյն ատեն այլասիրութենէ մը՝ մտահոգ հաւաքականութեան առողջութեամբ։

Ականատեսն ու ականջալուրն ենք նաեւ, շնորհիւ հեռատեսիլին ու ընկերային ցանցերուն՝ մարդկային առաքինութիւններու՝ իրարօգնութեան, ծառայութեան եւ աղէտին դիմակայութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մարդկային ստորնութիւններու՝ առիթէն օգտուելու, տկարներն ու անպաշտպանները շահագործելու եւ սեփական շահերը բազմապատկելու տեսակէտէն։

Այս իրավիճակը, սակայն, մեզ մղելու է մտածելու։ Մտածելու մեր կենցաղին, մեր ապրելակերպին, մեր հաւաքական արժէքներուն եւ ընդհանրապէս հաւաքական գոյութեա՛ն մասին։

Համավարակը բացառիկ առիթ մը կը հանդիսանայ համայն մարդկութեան համար վերանայելու մեր քաղաքակրթութեան ուղեծիրը։

Առաջին հերթին հարց տանք մենք մեզի, թէ արդեօք ձեռք առնուած միջոցները սպառնալիք մը չե՞ն ներկայացներ ժողովրդավարութեան իսկ սկզբունքներուն։

Étienne Cardin-Trudeau՝ Թորոնթոյի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու դոկտորայի ուսանող մը, Le Devoir օրաթերթի 23 մարտ 2020-ի թիւին մէջ COVID-19 et démocratie, la rétraction du politique (COVID-19 եւ ժողովրդավարութիւնը՝ քաղաքականին նահանջը) յօդուածին մէջ, անդրադառնալով հիւանդութեան դէմ շղթայազերծուող պայքարին՝ կը գրէ. «Պայքարելու համար անհրաժեշտ է հեռու մնալ, մեկուսանալ, փակուիլ, անհետանալ։ […] Ազգային ժողովը գոցուած է, ցոյցերը յետաձգուած են, լրագրողներու մեծամասնութիւնը խրախուսուած է տունէն աշխատելու, արհմիութենական հաւաքոյթները ջնջուած են կամ առցանց փոխադրուած, քաղաքացիական կազմակերպութիւններն ու կամաւորական ընկերակցութիւնները իրենց գործունէութիւնը կ՚առկախեն եւ այլն»։ Եւ հարց կու տայ յօդուածի աւարտին, թէ «ի՞նչ կը պատահի ժողովրդավարութեան մը, երկար ժամանակի վրայ, երբ իր քաղաքացիները ստիպուած կ՚ըլլան, բոլորին բարիքին համար՝ անհետանալո՛ւ»։

Ի՛նչ կը պատահի, իրապէ՛ս։ Ուզենք թէ չուզենք կը փոխարինուի բռնապետութեամբ մը, ինչպէս հին հռոմէացիներու սահմանադրութիւնը կ՚արտօնէր, որ վտանգի պահուն առժամաբար բռնակալ մը ընտրուի երկրին գլուխը, դիտել կու տայ գրողը։ Հո՞ն պիտի հասնինք։

Միւս կողմէ, արդեօ՞ք ճիշտ ու ազդու են հիւանդութիւնը դիմակայելու նախաձեռնութիւնները։

Այս մասին կ՚անդրադառնան, նոյն օրաթերթի 28-29 մարտ շաբաթավերջի թիւն մէջ, Շերպրուքի գոլեժի երկու փրոֆեսորներ՝ Antonin-Xavier Fournier (քաղաքական գիտութիւններու) եւ Philippe Münch (պատմութեան), Les pandémies, maladies de l’économie mondialisée (Համավարակները՝ աշխարհայնացած տնտեսութեան հիւանդութիւնները) իրենց յօդուածով։ Ի՞նչ կ՚ըսեն անոնք. «Ժահրին տարածումը աշխարհով մէկ՝ Ասիայէն դէպի Ամերիկա, անցնելով Եւրոպայէն, հետեւանքն է ազգերու բացայայտ անկարողութեան համագործակցելու, միանալու ու միասին կազմակերպելու։ Ազգը ժամանակաւոր պատսպարան մըն է։ Միայն միջազգային համաձայնեցուած ու միակամ գործարկում մը պիտի կարենար սահմանափակել համաճարակը Չինաստանի մէջ, նոյնիսկ Ասիոյ։ Բայց մեծ դրամագլուխի ուժերը, ազգային շահերը ինչպէս նաեւ սպառողական ու ճամբորդական ցանկութիւնները ի վերջոյ պիտի թոյլ տային որ ժահրը տարածուի երկրէ-երկիր, ցամաքամասէ-ցամաքամաս։ Ժահրը աշխարհայնացաւ՝ միջազգային լուծումներու բացակայութեամբ»։

Այո՛, մարդկութեան սպառնացող մահաբեր ժահրը, ժահրերը՝ պսակաձեւ ըլլան թէ այլ տեսքով, լայն տարածում կը գտնեն մասնաւորաբար այսօրուան աշխարհայնացման կամ համաշխարհայնացման ընդհանուր իրավիճակին ի հետեւանք, ինչպէս ինքն ալ կը հաստատէ Քեպէգի Լաւալ համալսարանի այժմ հանգստեան կոչուած փրոֆեսորը՝  Simon Langlois, Le Devoir օրաթերթի 30 մարտ 2020-ի թիւին մէջ Ce qui va changer après la crise sanitaire (Ի՞նչ պիտի փոխուի առողջապահական տագնապէն ետք) իր յօդուածով։

Այդ կենսական, անյետաձգելի փոփոխութիւններուն անդրադառնալու եմ ուրիշ անգամ, այժմ սակայն կ՚ուզեմ հարց տալ, թէ արդեօք նոյն համաշխարհայնացման իսկ շնորհիւ, երբ մարկութեան հասարակաց հարցերու լուծման համար բոլորը միասին կրնան լուծումներ փնտռել, կարելի պէտք չէ՞ ըլլար նախատեսել նման տագնապներ ու կանխել անոնց հետեւանքները։

Ճիշտ այս հարցին է, որ կ՚ անդրադառնայ նոյն օրաթերթի տնտեսական աշխատակիցը, 3 ապրիլին՝ Ces crises inattendues qui n’en sont pas (Այս անակնկալ տագնապները, որ այնքան ալ անակնկալ չեն) իր դիպուկ յօդուածով։ Արդարեւ, Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համախմբումը, որ 15 տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի ամեն տարի, աշխարհին սպառնացող վտանգներուն վերաբերեալ իրեն ներկայացուող 2006-ի իսկ զեկուցագրով տեղեկացուած էր, թէ մեծագոյն վտանգներէն մէկը, որ մարդկութեան կը սպառնայ, մահացու կռիփի մը նոր ժահրի համավարակը կրնայ ըլլալ։ Այս ահազանգը, որ շուրջ հազար միջազգային մասնագէտներու կողմէ հնչեցուած է ու կրկնուած է տարուէ-տարի, պարզապէս լուրջի չէ առնուած՝ այլ՝ շահադիտական նկատողութիւններով։

Մինչդեռ, ինչպէս դիտել կու տային Շերպրուքի գոլեժի զոյգ փրոֆեսորները, որոնց յօդուածին անդրդադարձած էի այս յօդուածաշարքին սկիզբը, համաշխարհային համագործակցութեան ջատագով Կարլ Մարքս պիտի ծափահարէր Առողջութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Tedros Adhanom Ghebreyesus-ի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այս պսակաձեւ ժահրը կը ներկայացնէ աննախընթաց սպառնալիք մը։ Բայց ան նաեւ աննախընթաց առիթ մըն է, որ մեզ համախմբէ հասարակաց թշնամիի մը դէմ, համայն մարդկութեան մէկ թշնամիին դէմ»։ Այսինքն՝ «պրոլետարնե՛ր բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք»,– պիտի եզրակացնէր ան դարձեալ։

Դժբախտաբար այսօր չկայ ուժ մը, որ յաջողի համախմբել մարդկութեան ներուժը պայքարելու համար յաղագս նման աղէտներու կանխարգիլման։ Աշխարհի ամենէն հարուստ պետութիւնը, որ անցեալին կարողացած է այսպիսի պարագաներու առաջնորդողի դեր խաղալ, ներկայիս ոչ միայն հրաժարած է նման դերակատարութենէ, այլեւ դադրեցուցած է կամ նուազագոյնի իջեցուցած միջազգային կազմակերպութիւններու իր ներդրումները։

«ԱՄՆ-ի կողմէ ձգուած պարապութիւնը չէ լեցուած որեւէ ուրիշին կողմէ»,– դիտել կու տայ հրեայ պատմաբան, իմաստասէր ու գրող Yuval Noah Harari TIME շաբաթաթերթի 30 մարտի համարին մէջ ստորագրած իր Disease in a world without a leader  (Հիւանդութիւն՝ անղեկավար աշխարհի մը մէջ) յօդուածին եզրակացութեան մէջ։ Ան կ՚աւելցնէ. «Այլատեացութիւնը (xenophobia), մեկուսապաշտութիւնը (isolationism) եւ կասկածամտութիւնը (distrust) այժմ կը յատկանշեն միջազգային գրեթէ ամբողջ համակարգը։ Առանց փոխադարձ վստահութեան ու միակամութեան, պիտի չկարենանք կասեցնել պսակաձեւ ժահրի համաճարակը։ Եթէ այս համաճարակը պատճառ ըլլայ մարդոց միջեւ յաւելեալ անմիաբանութեան եւ անվստահութեան՝ այդ պիտի ըլլայ ժահրին մեծագոյն յաղթանակը։ Ընդհակառակն, եթէ համաճարակը պատճառ դառնայ աւելի սերտ համաշխարհային համագործակցութեան՝ այդ պիտի ըլլայ ոչ միայն յաղթանակ մը ընդդէմ պսակաձեւ ժահրին, այլեւ բոլոր ապագայ ախտածիններուն»։

Ոչ միայն…

Ոչ միայն հիւանդութիւններուն, այլեւ մարդկութեան սպառնացող շատ այլ «ժահր»-երու։ Բայց այդ մասին ուրիշ առիթով։

Չեմ կրնար այս մտորումները աւարտել առանց վերյիշելու ՀՅԴ ծրագրին մէջ երկար ժամանակ առկայ պարբերութիւն մը, որուն կարծես արձագանգեր են վերոյիշեալ յօդուածագիրները, անշուշտ առանց երբեք զայն կարդացած ըլլալու։ Ինչպէ՞ս առիթը պիտի ունենային կարդալու ՀՅԴ ծրագիրը։ Ահա այդ պարբերութիւնը, որ կ՚արժէ վերստին ներմուծել մեր ծրագրին մէջ.

«Պատմութեան առարկայական եւ ենթակայական ստեղծագործ ուժերու դաշնադրութեան մէջ է գրաւականը այն անտարակուսելի յաղթանակին, զոր պիտի տանի աշխատաւոր մարդկութիւնը թէ՛ բնութեան ուժերուն եւ թէ՛ ընկերութեան մէջ դարերէ ի վեր տիրող շահագործման ու անարդարութեան դէմ»։ Այստեղ պէտք է հասկանալ անշուշտ բնութեան կործանարա՛ր ուժերուն դէմ։

Ո՛չ, Մարդը արժանի չէ, պէտք չէ՛ ըլլայ այդ կործանարար ուժերէն յառաջացած այս տեսակի ժահրապսակի մը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.