Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը փետրուար 10-ին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին:

Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակից էր ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման եւ ներհայկական գործընթացներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.