նախագահ Բակօ Սահակեան արգեւատրեց լիբանանահայ խմբավար Զաքար Քէշիշեանը

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան «Արուեստի վաստակաւոր գործիչ» կոչումով պարգեւատրեց լիբանանահայ  երաժիշտ, խմբավար, շուիահար եւ տուտուկահար, Շուշիի «ՎԱՐԱՆԴԱ» պետական երգչախումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը:

Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 սեպտեմբեր 2018-ին, Արցախի նախագահական ապարանքին մէջ: Արարողութեան ընթացքին նախագահ Բակօ Սահակեան բարձրօրէն գնահատեց Արցախի պետականութեան ամրապնդման գործին մէջ բազմակողմանի ոլորտներու մասնագիտական ներդրումներու անհրաժեշտութիւնը:

Իր խօսքին մէջ Զաքար Քէշիշեան ըսաւ. «1989-ի ապրիլի 4-ին առաջին անգամ Արցախի հողին վրայ ոտք դնելով նպատակ ունէի պատերազմի դժուարին պայմաններու մէջ ապրող Արցախի հողին վրայ քար մըն ալ ինքս դնել, մոմ մըն ալ ինքս վառել, ժպիտ մըն ալ ինքս ուրուագծել, արցունք մըն ալ ինքս սրբել, մանուկներու շրթներուն երգ մըն ալ ինքս դնել:

Այս բոլորը յաջողեցայ ընել աւելի քան 700 հին ու նոր սաներուս հետ:

Այժմ, տարիներու հեռուէն, այդ բոլորը կը թուի ակնթարթ մը, որուն ընթացքին մենք պատերազմը յաղթեցինք, անկախութիւն կերտեցինք, քաղաքաշինական ու ճանապարհաշինական նկատառելի արդիւնքի հասանք, նորահաս սերունդի հոգեմտաւոր ու ազգային դաստիարակութեան հիմքեր ամրապնդեցինք:

Այժմ լծուած ենք խաղաղութիւնն ալ  պատուով յաղթելու առաքելութեան:

Եւ այժմ պէտք է գործենք առաւել ուժական, միասնական, խելամիտ, հեռատես  ու անմնացորդ նուիրումով, որովհետեւ կը ծառայենք անյաղթելի ու սիրելի այնպիսի ժողովուրդի մը, որուն համար կ՛արժէ ե՛ւ ապրիլ ե՛ւ մեռնիլ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.