Յայտարարութիւն. ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը կը զօրակցի ՀՅԴ Հայաստանի ընտրապայքարին

Կը զօրակցինք ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութեանց մասնակցութեան

ՀՀ Ազգային ժողովի յառաջիկայ պատգամաւորական ընտրութիւններու նախաշեմին կը գտնուին հայրենի մեր ժողովուրդն ու քաղաքական դաշտին մէջ գործող ուժերը: Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք այս ընտրութիւններուն մասնակցելու իր որոշումը հրապարակած է նաեւ Հոկտեմբերի 19-21 գումարուած ՀՅԴ Հայաստանի 22-րդ Արտահերթ Գերագոյն Ժողովը:

Այս առթիւ հրատարակած իր յայտարարութեան մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովը կը նշէ թէ՝ «քննելով ներքաղաքական վիճակը, առկայ մարտահրաւէրներն ու հնարաւոր զարգացումները», առաւել եւս՝ «կարեւորելով քաղաքական ուժերի միջեւ գաղափարական, ծրագրային հենքի վրայ փոխադարձ յարգանքի հանդուրժողականութեան մթնոլոտում քաղաքական պայքարը», այս ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան որոշման համար կ’արձանագրէ՝ «իր հաւատարմութիւնը ազգային ուղեգծին, Արցախի Հանրապետութեան եւ արցախահայութեան իրաւունքների ամբողջական պաշտպանութեան, երկրում սոցիալական ու տնտեսական արդարութեան հաստատման համար պայքարին»:

Ներկայ յայտարարութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի ողջ կազմին անունով՝ մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ Հայաստանի մեր կազմակերպութեան ընտրութեանց մասնակցելու այս որոշման ու անկէ մեկնելիք ընտրական բոլոր աշխատանքներուն։ Կը վերահաստատենք, որ մենք ազգային գաղափարախօսութիւն դաւանող մէկ ու միասնական քաղաքական կուսակցակութիւն ենք։ Կը հաւատանք, որ մեր ընկերներու հաւաքական ճիգն ու սկզբունքայնութիւնը՝ իրենց բնորոշ ներդրումն ու դրոշմը պիտի ունենան հանրապետութեան համար՝ նոր հանգրուանի մը թեւակոխման մէջ: Համոզուած ենք նաեւ, թէ այս հանգրուանի սկզբնակէտէն իսկ՝ հայրենի մեր շարքերը պիտի շարունակեն հայոց պետականութեան հիմերու ամրակայման իրենց գործը, որ կը յատկանշուի ՀՅԴ արժեհամակարգին համահունչ՝ հայրենի մեր ժողովուրդին համար առաւե՛լ ժողովրդավար ու արդա՛ր ընկերային կեանքի մը ամրապնդումով, ՀՀ Սահմանդրութեան գերակայութեան եւ անկէ բխած օրէնքներու լիարժէք կենսագործմամբ, ու վերջապէս՝ մեր հայրենիքի հզօրացման ու յառաջընթացին անշրջելի գործընթացով:

ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.