Մխիթարեան Միաբանութիւնը նահատակ հայ գրագէտներու իտալերէնով ծաղկաքաղ հրատարակեց
Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակը արժանավայել ու մնայուն գործով մը նշելու եւ իտալացիներն ալ մասնակից դարձնելու համար, չորս տարի առաջ Մխիթարեան Միաբանութիւնը, օրուան աբբահայր հայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեանի նախաձեռնութեամբ, ծաղկաքաղ մը հրատարակել ծրագրեց, նահատակ հայ գրագէտներու ըտնիր հատուածներու իտալերէն թարգմանութեամբ ։
Այս հատորին խմբագրութիւնը յանձնուեցաւ Միաբանութեան անդամներէն հայր Համազասպ վրդ. Քեշիշեանին եւ բժ. Սուրէն Ծովիկեանին։
Երկու խմբագիրները ընտրեցին տասնըմէկ նահատակ գրողներու (Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, հայր Կարապետ Տէր Սահակեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Գրիգոր Զոհրապ, Ռուբէն Զարդարեան, Տիգրան Չէոկիւրեան, Թլկատինցի, Մելքոն Կիւրճեան, Երուխան եւ Գեղամ Բարսեղեան) տարբեր հատուածներ որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով իտալերէնի թարգմանուեցաւ։ Թարգմանութեան գործին մօտաւորապէս կէսը խմբագիրները կատարեցին. իսկ մնացեալ մասը յօժարակամ կերպով ստանձնեցին լուսահոգի Կապռիելլա Ուլուհոճեանը եւ Սօնա Յարութիւնեան, իտալացի հայագէտ Ճուզեփփէ Մունառինի եւ Ալֆրէտ Առաքելեան։ Դանիէլ Վարուժանի ութ քերթուածներ առնուեցան տարիներ առաջ Անթոնիա Արսլանի կատարած թարգմանութիւններէն։
Այս ծաղկաքաղին պատրաստութիւնը ծրագրուածէն շատ աւելի ժամանակ պահանջեց եւ, մինչ կը սպասուէր որ հարիւրամեակին առթիւ գիրքն արդէն ընթերցողին սեղանին վրայ ըլլար, միայն այս տարուան մայիսին կարելի եղաւ զայն լոյս ընծայել, Առէս իտալական հրատարակչատան կողմէ։
Այս ծաղկաքաղին վերնագիրն առնուած է Դանիէլ Վարուժանի մէկ քերթուածէն՚ «Մա՛յր, խաչբուռն այս օրհնէ»։ Գիրքը կը բաղկանայ 232 էջէ եւ հայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեանի եւ Անթոնիա Արսլանի յառաջաբաններէն ու նիւթը ծանօթացնող 15 էջնոց ներածութենէ մը ետք, ծաղկաքաղին բաժինը կը սկսի ուր, իւրաքանչիւր գրողի լուսանկարին ու կենսագրութեան կը յաջորդեն իր գրածներէն ընտրուած հատուածներու թարգմանութիւնները։
Հրատարակչատունը, նկատի առնելով թէ առաջին անգամն ըլլալով իտալերէն թարգմանութեամբ այսպիսի ծաղկաքաղ մը լոյս կ՚ընծայուի, եւ գիրքը լայն հանրութեան ծանօթացնելու նպատակով, զայն հրապարակաւ ներկայացուց Իտալիոյ Մանթովա քաղաքին մէջ կատարուող բանաստեղծութեան ամէնամեայ փառատօնին ընթացքին։ Հատորին ներկայացումը տեղի ունեցաւ կիրակի 21 մայիսին, քաղաքին հնօրեայ պալատի մը մէջ։ Փառատօնին կազմակերպիչներուն ներածական ճառերէն ետք խօսք առաւ Անթոնիա Արսլան, որ ջանադիր եղած էր այս հատորին հրատարակութեան համար եւ իր խանդավառ գոհունակութիւնն արտայայտեց այս գիրքին լոյս ընծայման համար։ Ծաղկաքաղին խմբագիրներէն հայր Համազասպ վրդ. Քեշիշեանը, առաքելութեամբ արտասահման գտնուելուն պատճառով, չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, բայց հանդիսութեան առթիւ իմաստալից ու խորաթափանց ուղերձ մը գրած էր որ ընթերցուեցաւ իր միաբանակիցներէն հայր Վահան վրդ. Օհանեանի կողմէ։ Ատկէ ետք խօսք տրուեցաւ բժ. Սուրէն Ծովիկեանին որ բացատրեց գիրքին պատրաստութեան պարագաները։ Իրեն յաջորդեց Անթոնիա Արսլանի ծաւալուն ելոյթ մը։
Հանդիսութեան ընթացքին յուզումով ու սիրով յիշուեցաւ նորերս հանգուցեալ ողբացեալ Կապռիելլա Ուլուհոճեանը որ, տասնամեակներու բեղմնաւոր հայագիտական վաստակով, յօժարակամ ստանձնած էր իր Խարբերդցի հօր հայրենակից Թլկատինցիի թարգմանութիւնները։
Իտալական մամուլն ու տեղեկատուական միջոցները լայնօրէն անդրադարձան այս գիրքին հրատարակութեան որուն առնչութեամբ արդէն ծրագրուած են ուրիշ ներկայացումներ Իտալիոյ այլ քաղաքներու մէջ։