Մենք Անյաղթ Ենք Մեր Ամենայաղթ Միասնութեամբ. ՀՀ Նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը Սփիւռքին։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, թանկագի՛ն քոյրեր եւ եղբայրներ,

Մեծ հիացուոմ, խոր յուզում եւ անսահման հպարտութիւն կ’ապրիմ՝ տեսնելով, լսելով ու զգալով համերաշխութեան, միասնութեան այն հուժկու ալիքը, որ բարձրացած է Սփիւռքի մէջ՝ ի արձագանգ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ համատեղ սանձազերծուած պատերազմի։

Կ’ուզեմ, որ իմանաք՝ Հայրենիքը կը լսէ եւ կը զգայ իւրաքանչիւրիդ ձայնը, իւրաքանչիւրիդ խօսքը, ձեր սրտերու անհանգիստ բաբախիւնը, ուր ալ ըլլաք դուք, ինչքան ալ հեռու գտնուիք։

Այսպիսի հզօր ու ամուր Սփիւռքը իսկական բանակ է, որ սատար է Հայրենիքին ու քաջարի Հայոց բանակին այս դժուարին, ճակատագրական պահուն։

Հայրենիքը երախտապարտ է այն օգնութեան համար, զոր կը ցուցաբերէք Ձեր նիւթական աջակցութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնած «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» համազգային դրամահաւաքին ձեր գործուն մասնակցութեամբ:

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը այսօր՝ դուրսը, Հայաստանի եւ Արցախի դեսպանն է: Դուք բոլոր հնարաւոր միջոցներով՝ հաւաքներով, կոչերով, դիմումներով եւ ելոյթներով ամէն ինչ կ’ընէք ճշմարտութիւնը, Արցախի ձայնը հասցնելու միջազգային հանրութեան, ներառեալ՝ ձեր երկրներու կառավարութիւններուն՝ ներկայացնելու Թուրքիոյ օժանդակութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծուած յարձակման անմարդկային էութիւնը:

Վստահ եմ՝ կը գիտակցիք, որ ներկայ իրավիճակին մէջ պէտք է շարունակենք բազմապատկել մեր ջանքերը:

Շարունակեցէ՛ք նոյն ոգիով եւ նոյն նուիրուածութեամբ, որովհետեւ այս անգամ մեր դէմ՝ Արցախի ազատատենչ ժողովուրդի դէմ ելած է ոչ միայն Ազրպէյճանը, այլեւ ցեղասպան Թուրքիան՝ իր զէնքով, զինուորականով ու վարձկան ահաբեկիչներով, իր հայատեաց խօսքով ու գործով: Ասիկա այն նոյն Թուրքիան է, որ 105 տարի առաջ հայերու էթնիկ զտումներ եւ ցեղասպանութիւն իրականացուց Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

Այս անգամ այդ մէկը չպիտի անցնի, մենք թոյլ չե՛նք տար նոր ցեղասպանութիւն: Մեր համաշխարհային ազգը հզօր է իր միասնութեամբ ու հաւաքական ուժով։ Որեւէ կասկած չկայ, որ մենք պիտի յաղթենք:

Մենք անյաղթ ենք մեր ամենայաղթ միասնութեամբ։

Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ։ Աստուած պահապան բոլորիս

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.