Մայր Աթոռը Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Մէջ Համասեռամոլներու Կողմէ Նախաձեռնուած Համաժողովի Առնչութեամբ

Նոյեմբերի 1- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայացած Գերագոյն հոգևոր խորհուրդիժողովը անդրադարձ կատարեց վերջին օրերուն հանրութիւնը յուզող` Հայաստանի մէջհամասեռամոլներու ֆորումի կազմակերպման նախաձեռնութեան:
 
Ինչպէս կը յայտնեն Մայր աթոռի մամուլի ծառայութենէն, Գերագոյն հոգևոր խորհուրդիանդամները մտահոգութիւն արտայայտած են հաւանական ոչ ցանկալի զարգացումներուվերաբերեալ` ընդգծելով, որ համասեռամոլութեան վարքագծի գովազդումը կը սպառնայազգային և հոգևոր արժէքներուն:
 
Քննարկումներու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խնդրիվերաբերեալ ներկայացուց իր դիտարկումները` մասնաւորապէս նշելով.

Վերջին օրերուն խորը մտահոգութեամբ տեղեկացանք համասեռամոլներու կողմէ Հայաստանի մէջ նախաձեռնուող համաժողովի լուրերու մասին, որ յառաջացուցած է մեր ժողովուրդի մեծ վրդովմունքը:

Մեր Քրիստոսասէր ժողովուրդը դարերէ ի վեր կրողն է աստուածօրհնեալ ընտանիքի նուիրական գաղափարը եւ պահպանողը ընտանիքի սրբագործուած արժէքը: Աստուածահաստատ ընտանիքի սրբազան խորհրդով կը շարունակուի կեանքի գոյութիւնը, կեանքի հրաշագործութիւնը: Աստուած պատուիրաններ ու բարոյականութեան օրէնքներ սահմանած է արարչաստեղծ մարդու համար: Այսօր, սակայն, փորձ կը կատարուի բարոյական շեղումները եւ ատոնց բացայայտ քարոզչութիւնը ներկայացնելու իբրեւ մարդու իրաւունքներ եւ ազատութիւններ: Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին համասեռամոլութեան երեւոյթի նկատմամբ իր դիրքորոշումը արտայայտած է` անընդունելի հռչակելով այդ կենցաղակերպը իբրեւ մարդկային բնութեան խեղում, բայց երբեք չդադրելով հովուական խնամք ցուցաբերել եւ կոչ ընել այդ մեղքի մէջ յայտնուած անձերուն` սրբագրելու իրենց ընթացքը:

Խստօրէն մերժելի են եւ դատապարտելի ԼԳԲՏ ներկայացուցիչներու կողմէ հասարակութեան մէջ հրահրումներ յառաջացնելու քայլերը եւ համասեռամոլութեան երեւոյթի որեւէ հանրայնացումին ու ատոր գովազդումին, որոնք գայթակղութիւն են մեր աճող սերունդի համար եւ սպառնալիք` մեր ազգի յարատեւութեան»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.