Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբի բարեյաջող համերգը

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյն «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը հանդէս եկաւ բարեյաջող համերգով, ի պատիւ երգչախումբին առաջին եւ բազմամեայ խմբավար տիկ. Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեանի, խմբավարութեամբ դոկտ. Գոհար Մանուէլեանի, դաշնակահարութեամբ տիկ. Դալար Հարպոյեան-Գալլօղլեանի, նուիրատուութեամբ տիկ. Սալբի Թաշճեանի եւ ընտանիքին, ներկայութեամբ պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ հոծ բազմութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երէցկին Նինա Չիֆթճեան-Գոյունեան, որ, անդրադառնալով համերգը երգչախումբին առաջին խմբավարին նուիրելու հանգամանքին, ըսաւ. «Տիկին Էլիզապէթի մանկավարժական եւ երաժշտական տաղանդին շնորհիւ է, որ «Նոր Ծաղիկ»ը տարիներ շարունակ ներշնչիչ համերգներ տուաւ», ապա աւելցուց. «Տիկին Հարպոյեան խմբավարութեան ջահը ուրախութեամբ փոխանցեց նոր խմբավարին՝ դոկտ. Գոհար Մանուէլեանին, որ շուտով գրաւեց փոքրիկներուն սրտերը իր մեղմ ու հանդարտ բնաւորութեամբ եւ մանկավարժական շնորհքով»:

Երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ մեծ մասամբ Բարսեղ Կանաչեանի երգերով, ապա նաեւ՝ Եդուարդ Յակոբեանի, Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի, Կոմիտասի, Ուոլֆկանկ Ա. Մոցարթի, Ռէմօն Լէվէքի եւ Մաքս Մէրոյի երգերով: Յայտագրին առաջին մասով հերթաբար հնչեցին հետեւեալ երգերը. «Փառք մայր հողին», «Ամպեր», «Գիւղի առտուն», «Մեղու», «Լուսին» (այս մէկը նուիրուած՝ երգչախումբին աջակից բժ. Կարպիս Հարպոյեանի յիշատակին, մեներգութեամբ իր թոռնիկին՝ Տարօն Զաքարեանի), «Ծիտը», «Ի՜նչ անուշ» (մեներգութեամբ Սերժ Կէօֆկէօզեանի), «Թիթեռնիկի պարերգը», «Ծընգըլըլ Մինգըլը», «Մայրենի դպրոց», «Դպրոցական քայլերգ», «Ծիծեռնակ» (մեներգութեամբ Նարէ Պէրպէրեանի) եւ «Մեսրոպ Մաշտոցին» (մեներգութեամբ Արեւիկ Նիկողոսեանի եւ Շէն Տարագճեանի):

Կարճ դադարէ ետք երգչախումբը հանդէս եկաւ «Ave Verum», «Longing for spring», «Quand les hommes», «Grand-Dad» երգերով, ապա ոգեկոչուեցաւ երգչախումբի վաղամեռիկ անդամ Լենիա Եաղճեանի յիշատակը։ Անոր ծնողքին յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը, իսկ մեծ մօր՝ յանուն Լենիային «Լաւագոյն երգողի» յուշանուէրը, որմէ ետք հնչեց փորձերու ժամանակ ձայնագրուած՝ Լենիային հրեշտակային ձայնով կատարուած «Սիրուն հրեշտակներ» մեներգը՝ մեծ յուզում յառաջացնելով ներկաներուն եւ երգչախումբի անդամներուն մօտ: Համերգը շարունակուեցաւ «Ալագեազ-Խնկի ծառ», «Անձրեւն եկաւ» (մեներգութեամբ Արիա Սալպազեանի), «Շողեր Ջան», «Կաքաւի երգ» (մեներգութեամբ Կալի Զաքարեանի) եւ «Այբուբենն հայոց» երգերու կատարողութեամբ:

Երէցկինը շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ, եւ ծաղկեփունջեր յանձնուեցան նուիրատուներուն՝ տիկին Սալբի Թաշճեանին եւ տիկին Շաքէ Կէօնճեանին, ինչպէս նաեւ նախկին խմբավար տիկին Էլիզապէթ Պտղունիին, որուն անակնկալ մը պատրաստուած էր: Երգչախումբին նախկին անդամները մէկ առ մէկ ծաղիկ նուիրեցին իրենց խմբավարին եւ միացան երգչախումբին՝ միասնաբար Փերկոլէզիի «Ամէն»ը երգելու: Ակնյայտ էր նախկին խմբավարին խորապէս զգածուիլն ու անսահման ուրախութիւնը:

Ծաղկեփունջեր տրուեցան համերգի խմբավարին եւ դաշնակահարին, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեան եւ աղօթքով արձակեց ժողովուրդը:

Նշենք, որ երգչախումբի պատանի անդամները իրենց գովելի պարտաճանաչութեամբ, նուիրումով եւ լրջութեամբ խորապէս տպաւորեցին ներկաները եւ երաժշտական բարձրորակ ելոյթով մը հանդէս եկան, որ նաեւ կը վկայէր յանձնախումբին, խմբավարին, դաշնակահարին եւ ծնողներուն հետեւողական ճիգերուն, բծախնդրութեան ու անխոնջ աշխատանքին մասին: Իսկ խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ երգչախումբին նախկին անդամները, որոնք ներկայիս երիտասարդ-երիտասարդուհիներ են, միացան երգչախումբին եւ վերակենդանացուցին իրենց մանկութեան անգին յիշատակները: Ներկաներուն բուռն ծափողջոյնները լաւագոյն ապացոյցն էին համերգին թողած իւրայատուկ տպաւորութեանց:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Հորիզոն Մետիա