Ղարաբաղեան Պատերազմին Շուրջ 11 Հազար Զինուորներ Վիրաւորուած Են, 885 Ուրիշներ՝ Հաշմանդամ Դարձած

 Շուրջ 11 հազար հայ զինուորներ վիրաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետի տեղակալ Գեղամ Փաշիկեան:

Ըստ անոր՝ անոնցմէ 2 տոկոսը լուրջ վնասուածքներ ստացած է, 7 տոկոսը` ծանր, 55 տոկոսը՝ թեթեւ վնասուածքներ: 885 զինուորներ հաշմանդամ դարձած են: Ներկայիս կը բուժուին շուրջ 1500 զինուորներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.