Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն. կը պահանջենք ՀՀ Վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականը

ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը պաշտօնական նամակ յղած է ՀՀ Գանատայի Դեսպանին՝ պահանջելով վարչապետին հրաժարականը.

Նորին Վսեմութիւն՝

           Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան,

            10 Նոյեմբեր, 2020-ին, Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի 45-րդ օրը, ՀՀ Վարչապետ՝ Նիկոլ Բաշինեան միակողմանի որոշումով ստորագրեց պարտուողական ու յանձնումի համաձայնագիր մը, որու միջոցով յանձնուեցաւ Արցախի հողերու մեծամասնութիւնը թշնամիին:

           Սոյն պատերազմին, ամբողջ հայ սերունդ մը թափեց իր արիւնը յանուն հայրենիքի հողերու փրկութեան, եւ այս համաձայնագիրը մեր նահատակներու արեան վաճառումը հանդիսանալով հայոց աշխարհը կը դնէ անորոշ ապագայի մը դէմ յանդիման:

           Հ.Մ.Ը.Մ-ը, իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս՝ 102 տարիներ, առանց տատամսելու, հայեցի մարմնակրթական դաստիարակութիւն մատուցած է սերունդներու, որու շնորհիւ նաեւ կազմած է «Կամաւոր Բանակ» յանուն Հայրենիքի փրկութեան: Այս պատերազմին նաեւ, Հ.Մ.Ը.Մ-ի «Կամաւոր Բանակ»ը արեան գնով պաշտպանեց Հայրենի հողը, որու ընթացքին մատուցեց նահատակ եղբայրներ:

           Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի մեծ ընտանիքը, պատերազմի առաջին իսկ օրէն մինչեւ օրս ջանք չխնայեց իր բովանդակ կարողութիւնները ի սպաս դնելով օժանդակել Արցախին եւ նիւթական արդէն իսկ $200.000-ի օժանդակութիւն տրամադրած է Համահայկական հիմնադրամին: Գալիք օրերուն նաեւ, մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք ի հարկին կատարելու նիւթական թէ բարոյական օժանդակութիւններ:

           Առ այդ, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնս, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի մեծ ընտանիքի անունով, այս իրավիճակէն ընդվզած, կու գայ բողոքելու սոյն համաձայնագրի ստորագրութեանը եւ ՀՀ Վարչապետի առած քայլի ուղութեամբ:

           Այսօր, մեր ձայնը միացնելով Հայաստանի մէջ կայացած ժողովրդավարական ցոյցերուն եւ Հայրենիքի փրկման առաջադրանքով, խստիւ կը դատապարտենք ՀՀ Վարչապետին առած անպատասխանատու քայլլը, ու կը պահանջենք ՀՀ Վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականը:

                       Եղբայրական ջերմ բարեւներով՝

                      Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.