ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 24-րդ Պատգամաւորական ժողովը կայացաւ Գէմպրիճի մէջ

Հայ Օգնութեան Միութեան 99-րդ եւ Գանատայի Շրջանի 24-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 28-29-30 Յունիս 2019-ին Գեմպրիճի Հայ կեդրոնի «Փոսթաճեան» սրահէն ներս, մասնակցութեամբ Գանատայի շրջանի 10 մասնաճիւղերուն։

Ժողովը բացուեցաւ 28 Յունիսին, Ուրբաթ յետմիջօրէին, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տէր Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէքեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Գարոլին Շմաւոնեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկհ․ Աննա Տէր Յակոբեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ժիրայր Զաքարեանի, Գանատայի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Արփի Փոսթաճեանի, «Հորիզոն» շաբաթերթի ներկայացուցիչ Ցոլեր Փանոսեան Մկրտիչեանի, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ քոյր Լէոնի Սարմազեանի, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Ալեք Օհանեանի եւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչ ընկհ․ Քաթիա Տէր Յովակիմեանի, Շրջանային վարչութեան լրիւ կազմին, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներու, 60 պատգամաւորներու եւ ՀՕՄ-ի ազատ ունկնդիր մասնակցող ընկերուհիներու։

Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ․ Անի Օհանեան ժողովին բացումը կատարեց ՀՕՄ-ի քայլերգով, ապա հրաւիրեց ներկաները, մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ յաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ի անդամներուն եւ բարերարներուն, ապա բարի գալուստի ու յաջողութեան մաղթանքներով ժողովը բացուած յայտարարեց։

Պատգամաւորական ժողովի ատենապետուհիներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Աննա Պուլկարեան եւ Հուրի Նաճարեան, ատենադպրուհիներ՝ ընկերուհիներ Անի Թաշճեան եւ Վարդուկ Պարտագճեան, բանաձեւի յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Զեփիւռ Տորնա, Քրիստին Աֆարեան եւ Շաղիկ Թորիկեան։

Միութիւններու ներկայացուցիչ հիւրերը յաջորդաբար խօսք առնելով գնահատեցին ՀՕՄ-ի տարած աշխատանքը՝ ի խնդիր ազգին, հայրենիքին ու մարդկութեան, եւ յաջողութիւն մաղթեցին ժողովին։

Տէր Գեղարդ Ծ․ Վարդապետ Քիւսպէքեան ժողովին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, ապա գնահատեց ՀՕՄ-ը, որպէս աշխարհասփիւռ բանակ եւ ազգին բաբախող մայրական սիրտը, միեւնոյն ատեն կարդաց Բարսեղ Կեսարացիի աղօթքը՝ յաջողութիւն մաղթելով ժողովին։

Անկէ ետք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկհ․ Գարոլին Շմաւոնեան ներկայացուց վարչութեան քառամեայ գործունէութեան (սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ) զեկոյցը։

Ժողովի երկրորդ նիստին ընթացքին ընկհ․ Նայիրի Շահինեան զեկուցեց Կեդրոնական վարչութեան 2020 տեսլականի գործընթացին եւ իրագործումներուն մասին։

Ապա Շրջանային վարչութեան ատենադպիր ընկհ. Անի Պապիկեան եւ հաշուապահ ընկհ․ Անի Գրալեան ներկայացուցին վարչութեան երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրերը, որոնք արժանացան բարձր գնահատանքի։

Շարունակելով օրակարգը, մասնաճիւղերէն եւ անհատներէ եկած առաջարկները բանաձեւուելով յառաջիկայ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան առանցք պատրաստեցին: Եղան բանաձեւեր, որոնք շրջանիս կողմէ որպէս առաջարկ պիտի ներկայացուին 7-11 Հոկտեմբերին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունենալիք ՀՕՄ-ի Համահայկական 72-րդ Պատգամաւորական ժողովին։

Կիրակի, 3 Յունիսին, ժողովի 3-րդ նիստը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ շրջանիս ներկայացուցիչ ընկհ․Վարսենիկ Սարգիսեան միացաւ ժողովին, ան բանաւոր պատճառով կը բացակայէր քաղաքէն։

Գալով ընտրութիւններուն, Շրջանային վարչութեան կազմի լրացուցիչ անդամներ ընտրուեցան ընկերուհիներ՝

Սեդա Մալխասեան, Մոնթրէալ, «Սօսէ» մասնաճիւղ

Ազգանոյշ Հատիտեան, Լաւալ, «Շուշի» մասնաճիւղ

Սիւզի Պոյամեան, Լաւալ, «Շուշի» մասնաճիւղ

Իռէն Թիլիմեան, Թորոնթօ, «Ռուբինա» մասնաճիւղ

Անի Հոթոյեան Ժօլի, Թորոնթօ, «Ռուբինա» մասնաճիւղ

Նորընտիր ընկերուհիները եկան միանալու ընկերուհիներ Անի Օհանեանի եւ Ժոժօ Պետրոսեանի։

Ընտրուեցան նաեւ ՀՕՄ-ի Համահայկական ժողովի պատգամաւորները, ընկերուհիներ՝

Աննա Պոլկարեան, Մոնթրէալ, «Սօսէ» մասնաճիւղ

Արմինէ Կարապտեան, Մոնթրէալ, «Սօսէ» մասնաճիւղ

Նայիրի Շահինեան, Թորոնթօ, «Ռուբինա» մասնաճիւղ

Սիլվի Օհանեան, Թորոնթօ, «Ռուբինա» մասնաճիւղ

Ժողովականները շնորհաւորեցին եւ յաջողութիւն մաղթեցին Շրջանային վարչութեան նորընտիր անդամներուն եւ Համահայկական ժողովի պատգամաւորներուն, նաեւ բարձր գնահատեցին ժողովի դիւանին եւ բանաձեւի յանձնախումբին կատարած գործը, ինչպէս նաեւ բոլոր յանձնախումբերուն ներդրումը։

Գնահատանքի արժանացաւ Գեմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն սիրալիր ընդունելութիւնն ու ճոխ հիւրասիրութիւնը։

Ժողովը փակուեցաւ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութեամբ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.