«Հորիզոն» հարցազրոյց ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ժան Եիբի հետ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3-ին, «Հորիզոն» հարցազրոյց ունեցաւ ԹորոնթոյիՍգարպորօ-Էյճինգորդ (Scarborough-Agincourt) ընտրատարածքի երեսփոխան տիկին Ժան Եիբի հետ: Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայաստան կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին, վարչապետին ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հրաւիրուած էր նաեւ տիկին Ժան Եիբը, որ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախկին նախագահ Առնոլտ Չէնի կողակիցն է։ Ժան Եիբ ներկայիս անդամ է Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան։

Հարցազրոյցի ընթացքին տիկին Ժան Եիբը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստան այցելութեան մասին, եւ մասնաւորապէս զեկուցեց Առնոլտ Չէնի յիշատակին հիմնուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման նախաձեռնութեան մասին: Հարցազրոյցը կատարեց «Հորիզոն»ի Թորոնթոյի աշխատակից Սարին Փօլատեան-Աբիկեան։ Հարցազրոյցը շուտով լոյս կը տեսնէ «Հորիզոն»ի կայքէջին վրայ:՚

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.