Politico․ Ֆոն տէր Լայէնը կրնայ յառաջիկայ շաբաթ կրկին այցելել Հայաստան

ԵՐԵՒԱՆ — Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէնը կը նախատեսէ յառաջիկայ շաբաթ այցելել Հայաստան, գրած է «Politico»-ն՝ վկայակոչելով այցի նախապատրաստական աշխատանքներուն ծանօթ երեք աղբիւր։

Ըստ պարբերականին, պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ նաեւ ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսը։ Այցը նախնականօրէն նախատեսուած է յուլիս 1-ին, սակայն ծրագիրը տակաւին վերջնական չէ։

«Politico»-ի գնահատումով՝ հնարաւոր այցը կը դիտուի որպէս բարձր մակարդակի աջակցութեան ազդակ Նիկոլ Փաշինեանին՝ յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։ Պարբերականը կը նշէ, որ այցը տեղի կ’ունենայ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն խորացնել Եւրոպական Միութեան հետ կապերը եւ ամրապնդել երկրի արտաքին քաղաքականութեան արեւմտեան ուղղութիւնը։

ԵՄ պաշտօնատար մը «Politico»-ին ըսած է, որ Հայաստան կը գտնուի Ռուսաստանի «ուժեղ եւ հետեւողական ճնշման» տակ, եւ նման այց մը կրնայ Երեւանի համար քաղաքական կարեւոր ուղերձ դառնալ։ «Ասիկա ուղերձ պիտի ըլլայ, որ Եւրոպան Հայաստանի կողքին է», ըսած է պարբերականին զրուցակիցներէն մէկը։

Հաւանական այցին պատճառով, ըստ «Politico»-ի, Եւրոպական յանձնաժողովի յուլիս 1-ի նախատեսուած նիստը չեղարկուած է, իսկ շարք մը օրենսդրական նախաձեռնութիւններու քննարկումը յետաձգուած կամ վերադասաւորուած է։

Եթէ այցը կայանայ, ան պիտի ըլլայ ֆոն տէր Լայէնի երկրորդ այցելութիւնը Հայաստան երկու ամսուան ընթացքին։ Ան Մայիսին Երեւան կը գտնուէր՝ մասնակցելու Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին, ինչպէս նաեւ ԵՄ-Հայաստան առաջին գագաթնաժողովին։