«ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ». Հարցազրոյց յօրինողՊետրոս Շուժունեանի Հետ

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԵՐԳԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հարցազրոյց Տաղանդաւոր Երաժիշտ-յօրինողՊետրոս Շուժունեանի Հետ

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Այս տարին 150-ամեակն է Կոմիտասի ծննդեան: Եւ Չորեքշաբթի, 27 Մարտին համար ծանուցուած է Orchestre symphonique de Laval-ի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին համագործակցութեամբ համերգային հանդէս մը (concert), որ նուիրուած է Կոմիտասի: Նուագախումբի տարեկան յայտագրի ծանուցման մէջ, շատ նշանակալից է առիթին հայաոճ անուանումը՝ «Սփիրիթիւէլ Արմէնի», ինչ որ կը թելադրէ, թէ օրուայ յայտագրին առաջին երկու արեւմտեան ստեղծագործութիւնները (Brahms – Ouverture tragique, op 81, եւ Ravel – Le tombeau de Couperin) Կոմիտասի յիշատակին կը հային: Սիրելի պրն. Շուժունեան, այս ստեղծագործութիւններու ընտրութեան մասին կը փափաքինք որ ձեր մեկնաբանութիւնը տաք:

ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- Պրամսի ստեղծագործութիւնը զուտ երաժշտութիւն մըն է: Անիկա երեք բաժիններով զարգացուած է։ Հիմքին կը գտնուի գաղափարը՝ իւրաքանչիւր նուագարանին հերթաբար տալ մենակատարային պաշտօն։ Յօրինումը անշուշտ այնպիսին է, որ մենակատարումները կատարելապէս ներդաշնակ միաձուլմամբ մը բռնուած են։ Կառուցուած, բարդացուած երաժշտութիւն մըն է, որուն հորիզոնին կ՚ընդնշմարուի պայծառ լոյսը։

Ռավէլի ստեղծագործութեան անունին թարգմանութիւնը դիւրին է, բայց չ՚արտատայտեր անոր բուն իմաստը։ «Tombeau» անունը ֆրանսական աւանդոյթին մէջ եզր մըն է, որ կը նշանակէ յօրինուածք կամ շարք յօրինուածքներու, որոնք ձօնուած են մահուամբ հեռացած վարպետի, կամ ընկերոջ կամ ընկերներու։ Անիկա ձօն եղերանուագ մըն է։

Կուպրենն ալ՝ ֆրանսայի ստեղնաշարային երաժշտութեան հիմնադիրներէն է։ Անոր ստեղծագործութիւնները ջինջ եւ նուրբ են։

Ռավէլ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին մասնակցած զինուոր էր։ Այն ատեն իր զինակիցներէն շատ շատեր զոհուած էին։ Ի յիշատակ անոնց է, որ ան Կուպրենի ոճով այս եղերանուագը յօրինած էր։

Ուրեմն, Պրամսի եւ Ռավէլի ստեղծագործութիւնները այս առիթին համար ամենապատշաճ ստեղծագործութիւններ են, եւ ըստ յայտագրի նշանակութեան՝ կը պատմեն Կոմիտասեան աւանդին քանի մը սկզբունքները. հայ երաժշտութեան իւրաքանչիւր տարրի ուրոյն նկարագրին եւ արժէքին ճանաչում, իւրաքանչիւրի վերարժեւորում, ընդհանուրի ներդաշնակութիւն՝ որովհետեւ հիմք մը առկայ է, որ անոնց հասարակաց նկարագիրը կու տայ։ Նաեւ թէ՝ Կոմիտասի աւանդը ամուր հաստատութիւնն է ստեղծագործ հայ նոր երաժշտութեան:

Հ.- Նոյն ծանուցումէն կը տեղեկանանք, թէ յայտագրին երկրորդ եւ երրորդ ստեղծագործութիւնները Կոմիտասէ են: Կոմիտաս պատեհութիւնը չէ ունեցած նուագախմբային ծրագրով յօրինելու, եւ ահա՝ շնորհիւ Ձեզի՝ երկու կտաւներ բարձրացուած են նուագախմբային մակարդակի ու ծաւալի: Առաջին կտաւը, ինչպէս Ձեր հետ խօսակցութենէ տեղեկացանք, Կոմիտասի 7 պարեղանակներուն նուագախմբայնացումն է, իսկ երկրոդը՝ Կոմիտասի Պատարագին: Կը խնդրենք, որ թէ՚ պարեղանակներուն, եւ թէ՚ Պատարագին հետ Ձեր մարտահրաւէրներուն եւ կատարածին վրայ բացատրութիւններ տաք:

ՊՇ.- Նախ երկու խօսքով պիտի բացատրեմ, թէ ինծի համար՝ ո՞վ է Կոմիտաս։ Կոմիտասի հետ իմ բարեկամութիւնը, եթէ կարելի է ըսել, սկսած է շատ վաղուց, երբ առաջին անգամ ջութակով սկսայ նուագել իր Կռունկը։ Աշակերտական այն փորձէն իսկ անբացատրելի կապ ստեղծուեցաւ իր եւ իմ միջեւ։ Եւ երբ փոխադրուելով հաստատուեցայ Մոնթրէալ, ու երաժշտութիւնը ընտրեցի որպէս մասնագիտութեան ասպարէզ, եւ ապա ղեկավարեցի երգչախումբեր՝ Կոմիտասի աւանդը միշտ հետս եղաւ, թէ՛ որպէս ամենօրեայ ներշնչարան եւ թէ՛ որպէս հարստութիւն՝ որ կենսական էր տարածել։ 1984-ին ալ, առաջին անգամ ըլլալով իր երգերուն հետ ունեցայ մշակողական փորձառութիւնս, երբ լարային նուագախմբի համար մշակեցի իր դաշնամուրային ընկերակցութեամբ երգերէն փունջ մը։ Մշակումս կարելի էր՝ որովհետեւ Կոմիտաս ինք արդէն շատ լաւ պատկերացուցած էր նոյնիսկ լարային նուագախումբով կատարման հորիզոնը։

Կոմիտաս ինծի համար այն գլխագիր Հայն է, որ կամուրջ հանդիսացաւ մեր անցեալին ու ներկային միջեւ։ Չեմ կրնար պատկերացնել այն աղէտալի վիճակը, որուն մէջ պիտի ըլլայինք՝ եթե ան իր առաքելութիւնը կատարած չըլլար…

Գալով Ձեր հարցումին, ըլլալով գանատահայ (նախկին Կիւմրեցի) երաժիշտ-յօրինող, ինծի համար Կոմիտասի ծննդեան 150-րդ ՅՈԲԵԼԵԱՆԱԿԱՆը կարելի չէր անյիշատակելի ձգել:

Որոշեցի անոր դաշնամուրային գործերէն եօթ պարեղանակները վերածել դաշնամուրով համանուագի, սկզբունք ունենալով դաշնամուրային բաժինը անփոփոխ պահել, եւ նուագախմբային բաժինը մշակել համաձայն անոր բնեղանակներուն։ Համանուագը մշակեցի չորս բաժիններով։ Արդիւնքը եղաւ այն, որ հիմա ունինք դաշնամուրի եւ նուագախումբի երկխօսութեամբ համանուագ մը։ Անկասկած, եթե Կոմիտաս առիթ ունեցած ըլլար եւ իր տրամադրության տակ ունենար մեծ նուագախումբ մը, տարածուն եւ հիանալի գործեր ալ պիտի կտակէր։

Երկրորդ գործին առնչութեամբ, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւին՝ Տ. Գառնիկի առաջարկած ցանկը քսան վայրկեաննոց համանուագի մը վերածեցի։ Կոմիտասի յօրինումները այս պարագային ալ կ՚ ընծայէին լայն կարելիութիւններ նուագախմբային մակարդակով մատուցուելու։ Թէ՛ պարեղանակներուն եւ թէ՛ Պատարագին վրայ աշխատանքս՝ հիացումէ հիացում անցումներու փորձառութիւն մըն էր:

Հ.- Ակնարկեցիք Տ. Գառնիկին։ Գիտենք, որ տէր հօր հետ Ձեր գործակցութիւնը ուշագրաւ յաջողութիւններ արձանագրած է։ Ուստի, կը փափաքինք, որ իրեն հետ Ձեր գործակցութեան անդրադառնաք:

ՊՇ.- Նախ, ինչպէս սկիզբը ակնարկեցիք, 27 Մարտի ձեռնարկը կը վայելէ համագործակցութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին եւ Orchestre symphonique de Laval-ի, որուն համար շատ շնորհակալ եմ կրկնակիօրէն. առաջնահերթաբար՝ Կոմիտասի անուան համար, եւ երկրորդ՝ ընծայուած առիթին համար, որ մշակածներս պիտի հրամցուին:

Իսկ Տ. Գառնիկ այն քիչ հոգեւորականներէն է, որոնք կը հաւատան մշակոյթի ուժին։ Ան ցարդ իրագործած է անկարելին։

Ասիկա իմ եւ Տ. Գառնիկի առաջին նախաձեռնութիւնը չէ: Մենք գործակցելու սկսած ենք 2009-ին, երբ կը տօնուէր իր ծառայած եկեղեցւոյ՝ Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ 50-ամեակը, երբ Ս. Յակոբի շարականը մշակեցի ձայնի եւ լարային եռեակի համար, եւ կատարումը խմբավարեցի: Յետոյ 2010-ին՝ Կոմիտասի ծննդեան 140-ամեակի համերգը, երբ Վիվա Վօչէն՝ խմբավարութեամբ Պրն. Փիթըր Շուպըրթի Կոմիտասի հոգեւոր երաժշտութենէն փունջ մեր երգեց, նաեւ երգեց առիթին նուիրուած «Անբաժանելի» եւ «Այսօր դասք» շարականներուն երգչախմբային եւ նուագախմբային իմ յօրինումները։ 2014-ին՝ «Նանօրի Ուխտը» երգաքերթուածը, որ մշակած էի մանկապատանեկան երգչախումբի եւ նուագախումբի համար _ սա ալ ըսեմ, որ երգաքերթուածը Բարսեղ Կանաչեանի «Նանօր»ին վերախմբագրումն է եւ ծաւալումը _: Անիկա երգուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» երգխչախումբին կողմէ խմբավարութեամբ Տիկ. Էլօ Հարպոյեանի։ Եւ 2015-ին՝ անմոռանալի Պատարագ եւ Հոգեհանգիստը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, եւ երգուեցաւ Սէն Լօրան երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ Պրն. Ֆիլիփ Պուրգի, եւ երգեհոնահարութեամբ Պրն. Ֆիլիփ Գրոզիէի:

Հ.- Գնահատելի կը գտնենք, որ Կոմիտասեան Պատարագին նուագախմբայնացումը ձօնած էք Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի Քահանայական Օծման 35-ամեակին: Նաեւ՝ շնորհակալ ենք Ձեր այս հարցազրոյցին համար: Այս առիթով, մեր ընթերցողներուն կը յայտնենք, թէ Կոմիտասեան Պատարագին Orchestre symphonique de Laval-ի կողմէ մեկնաբանութեան հովանաւորներն են Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ բարերարներէն՝ Տիկ. Շաքէ Կէօնճեան, Պրն. Մանուկ Չուխաճեան, Տ. եւ Տիկ. Աւօ եւ Մարալ Թաշճեան եւ Բաստրմաճեան Հիմնադրամը: Կրնայի՞նք խնդրել, որ այս հարզազրոյցը փակուի Ձեր խօսքով։

ՊՇ.- Շնորհակալ եմ։ Հետեւելով գաղութային կեանքին, նշմարած եմ, որ Բաբգէն Սրբազան աշխուժօրէն կը ծառայէ, եւ նեցուկ է զանազան ծրագիրներու յաջողութեան։ Երբ ինծի առաջարկուեցաւ Կոմիտասի Պատարագին նուագախմբային մշակումը ձօնել անոր Քահանայական Օծման 35-ամեակին՝ սիրայօժար ընդառաջեցի։ Կը մաղթեմ, որ սրբազանին առաքելութիւնը միշտ յաջողութիւններ ունենայ։ Յիշեցիք մեր գաղութի նուիրատուներէն խմբակի մը անունը։ Պարտք կը զգամ թէ՛ անոնց, եւ թէ՝ նախորդ առիթներուն սատարած նուիրատուներուն եւ քաջալերող ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնել։ Քանի առանց բոլորին նիւթական զոհողութիւններուն՝ անկարելի է մեր ժառանգութեան պատշաճ ծրագիրներ ունենալ եւ իրականացնել զանոնք։ Վերջ ի վերջոյ, մեզ պիտի արժեւորեն մեր ստեղծագործ արժէքներուն համար, եւ համաձայն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.