Հոգեշնորհ Տ. Վարդան վարդապետ Թաշճեանն ու արժանապատիւ Տ. Տաթեւ աւգ. քհնյ. Միքայէլեանը կը նշանակուին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ

Տնօրինութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ համախորհուրդ Թեմիս Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանն ու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը նշանակուեցան Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներ:
Արդարեւ, Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնի Ս. Պատարագի հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թորոնթոյի համայնքին պաշտօնապէս ներկայացուց նոր Հոգեւոր հովիւները, խօսելով անոնց ծառայութեան եւ վաստակին մասին, կոչ ուղղելով, որ ծխական համայնքն ու ժողովականութիւնը սերտօրէն գործակցելով հվիւներուն հետ, նոր յաջողութիւններու հասցնեն համայնքն ու ծխական շրջանի հաւաքական կեանքը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.