ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը պիտի կայանայ Արցախի մէջ

Յունուար 16-24 Արցախի մէջ պիտի կայանայ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ և հրաւիրեալներ։

Ընդհանուր ժողովի հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 16-ին` ժամը 11-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: Ընդհանուր ժողովը պիտի քննարկէ ՀՅ Դաշնակցութեան նախորդ 4 տարիներու գործունէութիւնը եւ միաժամանակ պիտի որոշէ կուսակցութեան յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութիւնը։

Ժողովի աւարտին պիտի ընտրուի կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմնի՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նոր կազմը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.