ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Բողոքի Ցոյցը` Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ

7 հոկտեմբերին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան շէնքին առջեւ` անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելով Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին, գործին եւ իրականութեան անհամապատասխանութիւնը:

Ցոյցի մեկնարկէն առաջ ոստիկանութեան աշխատակիցները կառավարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած քաղաքացիներուն յորդորեցին բարձր չխօսիլ, չպոռալ, վիրաւորական արտայայտութիւններ չունենալ:

Երբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան բարձրախօսով սկսաւ յիշեցնել Նիկոլ Փաշինեանի` Շուշիի վերաբերող 4 հոկտեմբերին Լիթուանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին կատարած ապազգային եւ անպատասխանատու հերթական յայտարարութեան մասին, ոստիկանութիւնը` ուժի գործադրութեամբ, զայն բերման ենթարկեց:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան նշեց, որ չկայ օրէնք կամ կարգաւորում մը, որով կարելի է բերման ենթարկել անհատ մը բարձրախօս օգտագործելուն համար:

ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամ Գոռ Սարգսեան ըսաւ, որ համախմբուած են Հայաստանի թիւ մէկ հողատուին ըսելու, որ Շուշիի մէջ այս 30 տարուան ընթացքին բազմաթիւ բաներ կառուցուած են, բազմաթիւ գործեր կատարուած:

Խօսելով ոստիկաններուն կողմէ` բարձրախօսով խօսելուն համար բերման ենթարկուած իրենց ընկերոջ մասին, Գոռ Սարգսեան ըսաւ, որ այդ հարցը բարձրաձայն պիտի արծարծեն, որովհետեւ եղածը բռնաճնշում է:

Լրագրողներուն հետ զրոյցէն ետք, ոստիկանները մօտեցան Գոռ Սարգսեանին եւ զայն եւս բերման ենթարկեցին:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Արփի Աբրահամեան դիտել տուաւ, որ թէեւ ցոյցը կ՛աւարտի, բայց իրենք պիտի շարունակեն պայքարը, պիտի բարձրաձայնեն, որ Շուշին եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ հայկական, եւ այս 30 տարուան ընթացքին հոն կատարուած է մեծածաւալ կառուցապատում:

Բողոքի խաղաղ ցոյցէն ետք ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց խաղաղ ցուցարարներուն հետ կատարուածը: Միութիւնը կոչ ուղղեց ուրբաթ, 8 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին համախմբուելու կառավարութեան գլխաւոր մասնաշէնքին առջեւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.