ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ Բողոքի Ցոյց` Ընդհանուր Դատախազութեան Շէնքին Դիմաց

29 ապրիլին, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ  բողոքի ցոյց:

Նկատի առնելով իրաւապահ մարմիններուն կողմէ վերջին ժամանակաշրջանին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներու դէմ Երեւանի ու մարզերուն մէջ իրականացուող քաղաքական հետապնդումները` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր նախանցեալ օրուան (28 ապրիլ 2021) յայտարարութեամբ դիմած էր իրաւապահ մարմիններուն եւ պահանջած մնալ բացառապէս օրէնքով իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ, չարժեզրկել պետական կառոյցները, չդառնալ օրուան իշխանութիւններու քաղաքական կամակատարը, ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան ու քաղաքացիի օրինական շահերուն:

Ցոյցը կազմակերպուեցաւ այս պահանջը բարձրացնելու համար:

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ երբ կազմակերպուեցան սիւնեցիներուն աջակցող հաւաքներ, եւ պահանջուեցաւ ազատ արձակել ապօրինաբար բերման ենթարկուածները, շարունակուեցան քաղաքական հետապնդումները` այս անգամ ալ ցոյց կատարողներուն դէմ:

Մինասեան յիշեցուց նաեւ, որ ցոյցին ընթացքին քաղաքացիները հանդիպում կը պահանջէին Հայաստանի ընդհանուր դատախազին հետ, սակայն ժողովուրդին խօսքը անտեսուեցաւ: «14 անձ եւս բերման ենթարկուեցաւ դատախազութեան դիմացէն եւ արդիւնքը` ներկայացուած կեղծ մեղադրանքով այսօր կալանաւորուած է Հայկ Հեքիմեանը, եւ այս հարցին մէջ մեղաւորը դուք էք, գլխաւոր դատախազութիւն եւ դատախազներ, որովհետեւ չէք կատարեր Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով ձեր վրայ դրուած պարտաւորութիւնները, դուք կ՛անտեսէք արժանապատիւ հայու պահանջը», ըսաւ ան:

Արծուիկ Մինասեան կոչ ուղղեց, որ իրաւապահ համակարգին մէջ իրենք զիրենք արժանապատիւ նկատողները թոյլ չտան, որ այս օրինակով խայտառակուին վերջիններուս անունները:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան մատնանշեց, որ դատախազութեան շէնքին մէջ գտնուողները կրկնակի պարտուած են` ծառայելով Փաշինեանին:

Գեղամ Մանուկեան դիմեց դատախազութեան աշխատողներուն` ըսելով, որ անձնակազմի նիստի ամփոփման ժամանակ պիտի տեսնեն, թէ Հայաստանի մէջ աւելցած են սպանութիւնները, գողութիւնները, բռնութիւնները, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի ամբողջ իրաւական համակարգը դադրած է իր իսկական գործը կատարելէ եւ կը պայքարի ընդդիմութեան դէմ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան դիտել տուաւ, որ օրեր առաջ նոյն վայրին մէջ հաւաքուած էին իրենց բողոքի ձայնը բարձրաձայնելու, համակրանքն ու աջակցութիւնը արտայայտելու հպարտ եւ արժանապատիւ սիւնեցիներուն նկատմամբ, որոնք պետութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ կը պահպանեն իրենց սեփական հողը, պետականութեան հեղինակութիւնն ու արժանապատուութիւնը եւ երկրին ապագան: Ան շեշտեց, որ ներկայ ազգադաւ իշխանութիւններուն համար իրենց իրաւունքներուն համար պայքարող քաղաքացիներու ներկայութիւնը հաճելի չէ, ատոր համար ալ անոնց դէմ քայլերու ձեռնարկուեցան: «Այս իշխանութիւնները, որոնք դաւաճանած են ազգային եւ պետական շահին, ո՛չ օրէնքի, ո՛չ իրաւունքի արժէք ունին եւ անոնք կ՛ուզեն լռեցնել այն ձայնը, որ կը պայքարի  հայրենիքի փրկութեան համար», ըսաւ Գալստեան:

Լիլիթ Գալստեան նաեւ շեշտեց, թէ կարելի չէ լռեցնել Դաշնակցութեան անդամները նման քաղաքական հետապնդումներով:

Իբրեւ խօսքի եզրափակում` ան շեշտեց, որ դաշնակցականները չեն պատրաստուիր լռելու եւ պիտի պայքարին յանուն Հայաստանի փրկութեան, այս իշխանութենէն երկիրը փրկելու համար, ինչպէս նաեւ ապագային համար:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.