ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւնները նշեցին Արցախեան ազատամարտի 30-ամեակը

Մեր նախորդ հաղորդագրութեամբ (19 փետրուար 2018թ.), տեղեկացուցած էինք որ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնները պիտի կազմակերպեն Փետրուարեան Ապստամբութեան եւ Արցախեան Ազատամարտի 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը, այսու կը յայտնէ, հետեւեալը՝

 

  • 1) Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Դրօ-Գետաշէն» պատանեկան միութեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս նշուեցան զոյգ տարեդարձները 24 փետրուար 2018ին: Շուրջ 300 հայորդիներու ներկայութեամբ, կարելի եղաւ նաեւ հանգանակել Վանաձորի ճամբարին եւ 2019ի Պատանեկան Հայաստանագնացութեան ի հաշիւ կոկիկ գումար մը:

 

  • 2) Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կոմիտէութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» պատանեկան միութեան, Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնին մէջ նշուեցան զոյգ տարեդարձները, 25 փետրուար 2018ին: Պատանիները ներկաներուն հրամցուցին յեղափոխական փունջ մը երգեր: Նախքան պաշտօնական արարոութիւնը, անոնք մատուցեցին ազատամարտիկներու ի յիշատակ հոգեճաշ մը:

 

  • 3) Թորոնթոյի մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններուն 13 ապրիլ 2018ին տեղի ունենացաւ Ազգային, Յեղափոխական եւ Ժողովրդական երգերու երեկոյ, ուր ելոյթ ունեցաւ Հայրենի Սիրուած Երգիչ՝ Սեւակ Աամրոյեան: Պատանիները իրենց մասնակցութիւնը բերին կատարելով ձեռնարկի բացումը՝ քայլերգներու երգեցողութեամբ եւ խօսքով: Անոնք նաեւ յուզեցին ներկաները Սեւակի հետ «Աղբերս ու ես»ի երգեցողութեամբ: Շուրջ 450 հայորդիներու ներկայութեամբ, կարելի եղաւ նաեւ հանգանակել 2019ի Պատանեկան Հայաստանագնացութեան ի հաշիւ կոկիկ գումար մը:

 

  • 4) Դարձեալ Թորոնթոյի մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններուն եւ մասնակցութեամբ Քէմպրիճի «Վարդան» պատանեակն միութեան, 27-29 ապրիլի շաբաթավերջին, տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն ընդհանուր թեման էր Արցախեան Ազատագրական Պայքարը: Պատանիները լսեցին Արցախեան ազատամարտի եւ ներկայ իրավիճակի մասին դասախօսութիւններ, զրուցեցին ազատամարտին մասնակցած ընկերներու հետ, իրազեկ դարձան այս օրերուն հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, լսեցին ու երգեցին յեղափոխական երգեր եւ ունեցան մարզական եւ ընկերային պահեր:

 

Տարեշրջանի վերջին մեծ նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ Մայիս 11-13 շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ՀամաԳանատական Սեմինարը՝ Հայաստանի Ա Անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած, որուն եւ 2019ի Հայաստանագնացութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն լայնօրէն կ’անդրադառնանք հետագային:

 

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.