ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Սկաուտներու Երդման Արարողութիւն` Գիւմրիի Մէջ

14 մարտ 2021-ին Գիւմրիի Վահան Չերազի արձանին մօտ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի եւ Գիւմրիի «Վահան Չերազ» մասնաճիւղերու սկաուտներու երդման արարողութիւնը: Վայրը պատահական չէր ընտրուած, այն խորհրդանշական էր, որովհետեւ սկաուտական խումբերը կը կրէին Վահան Չերազի անունը:

Նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք տեղի ունեցաւ ծանօթացման արարողութիւնը, որ սկաուտներուն բնորոշ եւ տարբերուող էր: Սկաուտները բաժնուեցան խումբերու, խումբի անդամները ծանօթացան իրարու, զրուցեցին եւ առանձնացուցին Գիւմրիի եւ Երեւանի մասնաճիւղերուն նմանութիւնները եւ տարբերութիւնները:

Պահը վճռորոշ էր նոր երդում կատարող սկաուտներուն համար. ուրախութեան, ժպիտներու տակ թաքնուած էր փոքր տագնապ մը եւ մեծ պատասխանատուութիւն:

Արարողութեան բացման խօսքը արտասանած էր քոյր Արմիկ: Ան Երեւանի Արաբկիր համայնքի «Վահան Չերազ» մասնաճիւղի խմբապետուհին է:

Այնուհետեւ սկաուտները ծունկի գալով` տուին իրենց սրբազան երդումը, որմէ ետք խմբապետները արդէն երդուեալ սկաուտներուն տարազին ամրացուցին վզկապերը:

Սկաուտները իրենց երդման ընթացքին խոստացան ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ ծառայել հայրենիքին ու ազգին: Անոնց զօրակցելու եւ քաջալերելու համար ներկայ էին տարբեր վայրերէ սկաուտներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:

Խօսքը առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, որ նախ շնորհաւորեց սկաուտական երդում կատարած եղբայրները, ապա խնդրեց անոնցմէ, որ ամէն օր յիշեն իրենց երդումը եւ հաւատարիմ մնան անոր: «Այս սկիզբն է եւ ոչ` աւարտը: Այսպիսով, սկիզբ կը դրուի ձեր նոր քայլերուն, նոր կեանքին եւ նոր առաջընթացին», եզրափակեց ան իր խօսքը:

Այնուհետեւ շնորհաւորական խօսք արտասանեց Խմբապետական խորհուրդի ներկայացուցիչը, որ նշեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի դաստիարակչական մեծ նշանակութիւնն ու հայրենասիրական դասերը եւ փաստեց, որ ՀՄԸՄ-ի դաստիարակութիւն ստացած պատանիները իրենց լաւագոյնը կը դրսեւորեն այն իրավիճակներու մէջ, երբ հայրենիքը իրենց կարիքը կը զգայ: Ցանկութիւն յայտնելով, որ երդուեալ սկաուտները չմոռնան յանուն հայրենիքին իրենց կեանքը զոհած եղբայրները եւ քոյրերը, հաւատարիմ մնան թէ՛ անոնց եւ թէ՛ իրենց կատարած գործին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.