ՀՄԸՄ Արաբական Ակումբներու Պասքեթպոլի Ախոյեան

հինգշաբթի, 2 նոյեմբերին, իր աւարտին հասաւ Մարոքի մէջ տեղի ունեցած Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի տղոց 30-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը մարոքեան Սալա խումբին եւ Լիբանանը ներկայացնող ՀՄԸՄ-ի միջեւ:

Նախքան մրցումին մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, քաղաքապետարանի հրապարակին կեդրոնը զետեղուած էր բաւական մեծ պատկերասփիւռի պաստառ մը, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի համակիրները կարելիութիւնը ունենան հետեւելու մրցումին:

Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ եկած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ` քաջալերելու համար իրենց խումբը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:

Երեկոյեան ժամը 21:00-էն առաջ, նախքան մրցումին սկսիլը, արդէն իսկ տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր հրապարակին վրայ` նկատի ունենալով, որ հոն համախմբուած հայորդիները աւելի խանդավառելու եկած էր երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեան, որ մրցումէն առաջ եւ անոր աւարտէն ու բաժակին յանձնուելէն ետք մեծապէս խանդավառեց բոլորը:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակը մրցումի սփռումին ներկայ գտնուեցան քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան այլ անդամներ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, պատկերասփիւռի կայաններ, լուսանկարիչներ, հրաւիրեալներ, մարզական լրագրողներ եւ մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ի համակիրներ:

Նշենք նաեւ, որ մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, որ եկաւ յաւելեալ փայլք մը տալու տօնական մթնոլորտին:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը պասքեթպոլի արաբական ակումբներու ախոյեան դառնալուն առիթով:

Ընկերային ցանցի վրայ Հարիրի կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կը շնորհաւորեմ ՀՄԸՄ-ը: Յաւելեալ յաջողութիւններու եւ յաղթանակներու մաղթանքներով. աւելիին արժանի էք»:

Ինչ կը վերաբերի երէկուան աւարտական այս մրցումին, բնականաբար այդքան ալ դիւրին չեղաւ ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակը եւ տիտղոսին տիրանալը` նկատի ունենալով, որ մրցակից կազմը շատ զօրաւոր եւ տինամիք խումբ մըն էր, որ իր կազմին մէջ ունէր Մարոքի ազգային խումբին մաս կազմող քանի մը փորձառու եւ անուանի աստղեր ու մարզիկներ:

Բայց եւ այնպէս ՀՄԸՄ եկաւ փաստելու ինքզինք եւ ցոյց տալու իր գերակայութիւնը արաբական աշխարհին մէջ` բառին բուն իմաստով հանդիսանալով ախոյեան, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս ախոյեանութեան եւ կը տիրանար այս ախոյեանութեան 30-րդ տիտղոսին:

ՀՄԸՄ մրցումը սկսաւ բաւական լաւ ձեւով եւ առաջին քորթըրին գերազանցեց իր մրցակիցը 26-15 արդիւնքով: Թէեւ երկրորդ քորթըրին մարոքեան խումբը հետզհետէ սկսաւ բարելաւել իր խաղարկութիւնը եւ ինք ըլլալ այս քորթըրին յաղթականը (19-17), բայց եւ այնպէս ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղը աւարտեց 43-34 արդիւնքով:

Երրորդ քորթըրին ՀՄԸՄ գերազանցեց իր մրցակիցը` 20-14 արդիւնքով: Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին, մանաւանդ վերջին մէկուկէս վայրկեանին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կատարեցին երեք անյարմար թըրն օվըրներ, որոնք կրնային սուղ արժել խումբին եւ յաղթանակը պարգեւել մրցակիցին, բայց բարեբախտաբար ատիկա տեղի չունեցաւ: Թէեւ Սալա վերջին քորթըրին նշանակեց 24 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ` 14, բայց եւ այնպէս մրցումին յաղթականը չվճռուեցաւ, որովհետեւ մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 81-81 արդիւնքով:

Մրցումին յաղթանակը վճռելու համար դիմուեցաւ առաջին երկարաձգումին (5 վայրկեան):

ՀՄԸՄ նշանակեց 18 կէտ, մինչ Սալա` 17, ինչ որ կը նշանակէ, որ ՀՄԸՄ 99-98 արդիւնքով տանելով վերջնական յաղթանակը, հանդիսացաւ Արաբական տղոց պասքեթպոլի 30-րդ ախոյեանութեան տիտղոսակիրը` ինքզինք պարտադրելով ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն վրայ եւ այս մրցաշարքը աւարտելով առանց պարտութիւն մը իսկ կրելու:

Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` արձանագրուած այս փառաւոր եւ մեծ յաղթանակին համար, մանաւանդ որ ան կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-անմեակին:

Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել նաեւ այն կէտը, որ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը այսպիսով ունեցաւ արաբական աշխարհի իր երկրորդ ախոյեանը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբէն ետք, որ նախորդ ամիս իրագործած էր նմանօրինակ նուաճում մը:

Պէտք է ըսել, որ երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես կերտեց բաւական լաւ մարտավարութիւն մը եւ դաշտ ներկայացուց գրեթէ իր բոլոր մարզիկները:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ պատմական իրագործում մը կատարել` բարձրացնելով ախոյեանութեան տիտղոսը:

Նշենք, որ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Հայկ Կէօքճեան ընտրուեցաւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկը եւ ստացաւ յատուկ բաժակ մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.