ՀՄԸՄ-ական Նարեկ Գալլօղլեան Քեպէգի ֆութպոլի երիտասարդական կազմի անդամ

1967-էն ի վեր Գանատայի մէջ կը կայանան «Գանատայի մարզական խաղեր»ը, որուն կը մասնակցին Գանատայի 13 նահանգներու տարբեր մարզաձեւերու մարզիկները։ 2017-ի «Գանատայի մարզական խաղեր»ը տեղի պիտի ունենան Ուինիփէկի մէջ Յուլիս 28 – Օգոստոս 13։

Վերոնշեալ խաղերուն, տղոց ֆութպոլի մրցումներուն մասնակցող Քեպէգի 18 տարեկաններու երիտասարդական խումբին մաս կը կազմէ Նարեկ Գալլօղլեան։ Խումբը պիտի մրցի Գանատայի մնացեալ 12 նահանգներու երիտասարդական կազմերուն դէմ։ Նարեկ 2016 թուականի Ս. Յակոբ վարժարանի շրջանաւարտներու հունձքէն է։ Ֆութպոլի մարզաձեւին սկսած է հետեւիլ 5 տարեկանին, ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խումբին մէջ։ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքի սկաուտական կազմին անդամ է։ 18-ամեայ Նարեկ ներկայիս կը յաճախէ Marianopolis գոլէճ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.