Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Արտգործ նախարարին հետ արծարծեց Արցախի հիմնահարցը

ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան, Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Վանգուվըրի մէջ հանդիպում մը ունեցան Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Քրիսթիա ֆրիլէնտի հետ:

Զրոյցին ընթացքին արծարծուեցան Գանատա-Հայաստան տնտեսական յարաբերութեանց զարգացման, Արցախի ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման ի խնդիր՝ Գանատայի կառավարութեան գործօն դերակատարութեան հնարաւորութեանց եւ անհրաժեշտութեան հարցերը։

Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ Գանատայի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեանց։

Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները նախարարին յանձնեցին յանձնախումբի պատրաստած թղթածրարը:

Նշենք, որ 2019-ի Գանատայի Դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդին ընդհանուր շահերէն մեկնած՝ հրապարակած է առցանց եւ տպագիր անգլերէն գրքոյկ մը, որ համապարփակ ձեւով կ՚անդրադառնայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.