Հայրենահանուած բազմամիլիոն սփիւռքը իրաւասու դեր չունի հայաստանի կեանքին մէջ

 Յ. Պալեան

            Առանց խուսանաւումներու պէտք է պատասխանել պարզ հարցումի մը. Հայաստանը նաեւ սփիւռքի բազմամիլիոն հայերու հայրենիք է՞, թէ՞ ոչ: Եթէ պատասխանը դրական է, այն ատեն պէտք է խօսիլ պարտականութիւններու եւ բնական հետեւութեամբ՝ իրաւասութիւն-ներու մասին:

            Կամ մտածել ինչպէ՞ս միացնել, հզօրանալ եւ ղեկավարել: Կամ՝ ինչպէ՞ս ղեկավարել, միացնել եւ հզօրանալ:

            Առանց այս հարցին քաղաքական եւ իրաւական պատասխան տալու, սփիւռքին կը մնայ զգացական-երազային հայրենասիրութիւ-նը, որ երբեմն բարերարութիւն է, առաւելաբար՝ զբօսաշրջութիւն: Ցարդ բաժակաճառային եւ ամբոխավարական բնոյթ ունեցած է Հա-յաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը, հայրենատիրական մակարդակի չէ բարձրացած:

            Սահմանադրութեան մէջ ոչ մէկ տող հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կազմող սփիւռքի հայութեան տեղի եւ դերի մասին: Օրէնքին առջեւ Սփիւռքի հայը եւ Քամչաթքայի քաղաքացին նոյնն են: Կու գան եւ կ’երթան, կը նկարեն-կը նկարուին, կը հիանան: Սփիւռքի հայը քիչ մը աւելին ալ կ’ընէ. կը յուզուի:

            Անցնող երեսուն տարիներուն Հայաստանի քաղաքական միտ-քը այս հարցը երբեւիցէ օրակարգ չըրաւ, խօսուեցաւ համայն հայու-թեան հայրենիքի մասին, առանց այս արտայայտութեան բովանդա-կութիւն տալու, եւ սփիւռքը շարունակեց մնալ զբօսաշրջային-բարե-սիրական հայրենասիրութեան միգամածին մէջ, որ բացասական չէ, բայց միացումով հզօրութիւն չէ ստեղծած եւ չի ստեղծեր:

            Հայաստանի 44օրեայ պատերազմի պարտութիւնը, իր գոյութեան սպառնացող վտանգները, ներքին պառակտումները, կարծէք ներհայաստանեան հարցեր են եւ անոնց լուծման իրաւասութիւնը միայն Հանրապետութեան երեք միլիոնին կը պատկանի:

            Հիմնական բայց անպատասխան մնացող հարցում. ի՞նչ կը ներ-կայացնէ Սփիւռքի տասը, տասնըհինգ կամ աւելի միլիոնը հայրենա-պահպանման ընտրանքներուն համար: Սփիռքացած հայերը կրնան երթալ-գալ, խօսիլ-վերլուծել, բայց հայրենիքի ճակատագիրը որոշելու ընտրանքներուն մէջ դեր չունին: Երբ դեր չունին, բնական կերպով զերծ են պատասխանատուութենէ: Այսինքն՝ սփիւռքի հայը հայրենա-տէր չէ, հիւր է, սոսկ լաւով կամ վատով յուզուելու իրաւունք ունի:

            Հայ քաղաքական միտքը ինչո՞ւ չէ ուզած, չ’ուզեր, «Հայաստանը համայն հայոց հայրենիքն է» տարազին քաղաքական-օրէնսդրական իմաստ տալ եւ յառաջացնել համապատասխան կազմակերպութիւն: Հիմա բաց ընկերութիւններու ժամանակն է, կարելի է ներկայութիւն ըլլալ՝ հակառակ հեռաւորութիւններու: Եթէ Հայաստան-սփիւռք մէկութեամբ ղեկավարութիւնը միացման իրաւ կազմակերպութիւն յա-ռաջացնէր, ազգը եւ հայրենիքը այլապէս հզօրութիւն նուաճած կ’ըլլային, Հայաստանի ղեկավարութիւնը միջազգային բեմի վրայ որպէս քսան կամ աւելի միլիոն համայն անունով կրնար խօսիլ, ոչ միայն երեք միլիոնի: անունով: Այսինքն՝ կ’ունենար կշիռ:

            Միակ կառոյցը, ուր այս միացումը եղած է՝ Համահայկական Հիմնադրամն է, որ կը կառավարուի Հայաստանի քաղաքացիներով եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներով: Գիւտ չեմ ըներ յիշեցնելով, որ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ կան պատգամաւորներ, որոնք կ’ընտրուին այլ երկիրներ հաստատուած ֆրանսացիներու կողմէ, անոնք ունին լիիրաւ իրաւասութիւններ, կը քոէարկեն, Ազգային Ժողովին մէջ թեր կամ դէմ կը քուէարկեն, օրէնքի նախագիծ կ’առաջարկեն, կրնան մաս կազմել կառավարութեան:

            Ճիշդ է, որ Հայաստանը Ֆրանսա չէ, հայ ժողովուրդի ճակատագիրը եւ կացութիւնը ֆրանսացիին կրկնօրինակը չեն: Բայց Հայաս-տանը յաւելեալ պատճառ ունի սփիւռքի միլիոններով հզօրութիւն նուաճելու, աշխարհագրական միջավայրի մը մէջ, ուր թուական ճըն-շում կայ: Այս իրաւ միացումը նաեւ ազգային գոյապահպանական պարտականութիւն է, տարտղնուող սփիւռքը կապուած պահելու հասարակաց կոճղին: Ֆրանսայի կամ ուրիշ մէկ երկրի դրութիւնը կապկելու, մեր մէջ փոխադրելու հարց չեմ դներ: Կը մտածեմ, թէ ինչպէ՞ս մեր տարտղնուածութեան բացասականութիւնը կրնանք յաղթահարել, տոկալու եւ տեւելու ուժականութիւն նուաճել: Ինչո՞ւ ղեկավարութիւնները անատակ եւ անկարող եղած են այս ընել: Պատասխաններէն մին կրնայ ըլլալ այն, որ ազգային պետութեան փորձ չենք ունեցած, դա-րերով տիրապետուած ենք, ինչ որ ստեղծած է սովորութիւն եւ բարքեր, պատմութեան պարտադրած բաժանումները յառաջացուցած են միասին չըլլալու աւանդութիւն, դուք հոն մենք հոսի մտայնութիւն:

            Հայրենական քաղաքական մեծ իմաստութիւն պէտք է մէկու-թիւն նուաճելու կոչուած օրէնսդրութիւն մշակելու, որպէսզի ինչ որ թշնամիներ կոտորակներու վերածած են, մենք միացնենք, ստեղծելով համահայկական համագործակցութիւն, մէկ եւ միասին ըլլալով մաս-նակցութեան պայմանները, մի՛շտ՝ պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով: Այս ձեւով կը ստեղծուի գոյապահպանման ներուժը:

            Հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ ախտաւոր կերպով կը կրկնենք եւ կը շարունակենք բաժանումները: Պատասխանը պէտք է փնտռել մեր պարտութիւններուն եւ ձախողութիւններուն մէջ, քանի որ միշտ անոնց պատասխանատու կը համարենք միւսը, այս կ’ընենք ինքնար-դարացումներու համար: Այս մասին դիպուկ խօսք ունի ֆրանսացի ազնուական եւ զոհողութեան ոգի ունեցած ֆրանսացի գրող Անթուան տը Սէնթ-Էկզիւբերի, որ կ’ըսէ. «Միայն յաղթանակն է որ կը միացնէ: Պարտութիւնը ոչ միայն մարդը կը բաժնէ մարդոցմէ, այլ նաեւ զայն կը բաժնէ ինքնիրմէ»: Պարտութեան յառաջացուցած հոգեբարոյական հե-տեւանք են մեր բաժանումները, զորս  չենք յաջողած յաղթահարել, այլ աճեցուցած ենք:

            Ինչպէ՞ս կրնանք սպասել յաղթանակ, յաղթանակներ, եթէ ղե-կավարութիւնները (ափսո՜ս՝ յոգնակի) չյաջողին իրականացնել ՄԻԱՑՈՒՄը, ո՛չ մասնակի եւ ո՛չ խարխափող: Շատ կը սիրենք խորհըրդաժողովներ եւ գիտաժողովներ գումարել, անոցմէ մէկը եթէ յատկաց-նէինք գիտնալու թէ, ինչո՞ւ կը բաժնուինք, ի՞նչ բան(եր) մեզ կը բաժնէ, կրնա՞նք եւ կ’ուզե՞նք չեզոքացնել բաժանման պատճառ-պատրուակները, հզօրացման ուղղութեամբ ոստում կատարած կ’ըլլայինք: Կըր-նա՞նք զարգացնել «դուն ալ իրաւունք ունիս» ըսելու իմաստութիւնը: Երբ բազմաթիւ են իրաւունք ունեցողները եւ իրաւունքները բազմա-թիւ, կը նշանակէ որ ոչ իրաւունք կայ եւ ոչ ալ իրաւունք ունեցող:

            Պարզ ճշմարտութիւն է, որ երբ խրամատներու ետին կանգնած կը մնանք եւ զիրար կը դատափետենք, իրաւ կամ ամբոխավարական փաստարկներով սխալներ կ’որոճանք, իրաւունք չենք նուաճեր եւ հոլովուած-հոլովուող միացումը կ’ըլլայ դատարկաբանութիւն: Եւ ժա-մանակը կ’անցնի, մենք կը շարունակենք մեր սխալները կրկնել, որոնք հում նիւթը կ’ըլլան փոխադարձ քննադատութիւններու, մերժումներու, թշնամութիւններու՝ արդարացնելու համար պառակտումները, տեղ-քայլ կ’ընենք, եւ տեղ չենք հասնիր: Միթէ՞ մեծ ղեկավար ըլալու կարիք կայ, հասկնալու եւ տեսնելու համար, որ մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը համար ժամանակը իրեն ի նպաստ չի թաւալիր, եւ կը հասնինք հոն, ուր ամէնքս ալ իրաւունք ունեցած չենք ըլլար կամ՝ իրաւունք կորսնցուցած: Օր մըն ալ՝ վերջնական:

            Դժբախտաբար ամէնքս ալ մեղսակից ենք, դատարկ անհան-դուրժողութիւններու հետեւանքով, հեղինակութիւններու քանդումին, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական թէ մտաւորական, վասն կար-ծիքի անդուռ ազատութեան, որ կը խաղցուի այսպէս կոչուած ընկերա-յին ցանցերու բեմին վրայ, որ կ’արտայայտուի եւ կը չարաշահուի նաեւ սովորական դարձած կեղծ լուրերու տարածումով, ֆէյք նիուզ: Ոչ մէկ արգելք կայ, որ պատահական անձը ինքնիրեն թոյլ չտայ այս կամ այն բանը մտածելու, տարածելու եւ հաւատացողներ ալ գտնելու, ինք-նիրեն տալու չես գիտեր ինչ բանի հանգամանք:

            Միացումը կ’ենթադրէ ուժերու եւ կարելիութիւններու մէկտե-ղում: Այս ընելու համար զիրար լսելու առաքինութիւն պէտք է, որպէս-զի հաստատուի փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ: Թող թոյլ տրուի ըսել նաեւ հետեւեալը. ընթացիկ ժողովրդավարութեան քուէներու գումարը բաւաւար չէ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար, քանի որ, ինչպէս սովորութիւն դարձած է ըսել, եղած են եւ կան մանի-պուալցիաներ: Ժողովրդավարական կէսէն մէկ աւելի քուէներով ձեռք բերուած իրաւունք եւ իշխանութիւն ունի հիմնական անպատեհութիւն մը. կէսէն մէկ պակասի իրաւազրկումը, որ իրաւ միացման համար անհրաժեշտութիւն է:

            Այս բազմատեսակ դժուարութիւնները յաղթահարող ղեկավա-րութեան կարիք ունին հայրենիքն ու ազգը, ազգը՝ ի Հայաստան եւ աշ-խարհասփիւռ, որ գործէ ոչ թէ յաւելեալ իշխանութեան եւ իրաւունքի համար, այլ՝ յաւելեալ պարտքի եւ միացման:

            Ի վերջոյ, ի՞նչ կ’ըսէ ողջմտութիւնը. երկրի մը իշխանութիւնը եւ անոր ընդդիմութիւնը տուեալ հայրենիքի մը թշնամիները չեն: Եթէ այս սկզբունաքային ճշմարտութիւն է, հեղինակաւոր, քարիզմաթիք ղեկավարութիւնը, առաջին հերթին կը նպատակադրէ եւ կ’իրականացնէ համագործակցութիւնը եւ միացումը, կը հասնի հզօրացման:

            Ինչպէ՞ս այս իմաստութիւնը փոխանցել զանգուածներուն եւ մանաւանդ՝ ամէն գոյնի ղեկավարութիւններուն:

            Որպէսզի փակուղիէն դուրս գանք, քանի դեռ ուշ չէ:

            Այս տողերը կը գրեմ Հայաստանն վերադարձէս հինգ օր ետք, ականատես եւ ականջալուր ըլլալէ ետք երկրին մէջ տիրող կացութեան:

            Տագնապեցնող հարցում մը. կ’ունենա՞նք միացման եւ հզօրացման առաջնորդութիւն:

            Եւ եթէ չունենա՞նք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.