ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽՍՏԱԿՐՕՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՊԵՏԸ՝ ԳԱՌՆԻԿ ԳԻՒԶԱԼԵԱՆ

Ալեկոծ և մռայլ այս օրերուն, կ՚ուզեմ բաժնել ձեզի հետ 1980-ին գրուած յուշագրական յօդուածս Ճեմարանի մեր մեծ ուսուցիչներէն՝ Գառնիկ Գիւզալեանի մասին։ Յօդուածը ենթարկած եմ շարք մը վերանայումներու և անհրաժեշտ լրացումներու զայն նորօրեայ ընթերցողին մատչելի ընելու մտահոգութեամբ։

Կարօ Արմենեան

Անոր անունը «Գիւզալ» էր մեր աշակերտական շարքերուն մէջ։ Մանրակազմ մարդ մըն էր ան, պիրկ ու ինքնավստահ և իր դաժան համբաւը շրջան կ՚ընէր բոլոր դասարաններուն մէջ անձէ անձ ու սերունդէ սերունդ։ Կ՚ըզգայինք իր մեծութիւնը։ Իր բառերը սառն էին, յաճախ հակիրճ ու անգոյն, և սակայն շուտով յայտնի կ՚ըլլար, որ անոնք բառեր չէին, այլ գաղափարնե՛ր՝ որոնք դուրս կու գային մտքի անթափանցելի բաւիղներէ և շփոթի կը մատնէին մեզ։ Այդ գաղափարները նաև ունէին կիրք, բայց այդ կիրքը երկրաբանական ահարկու յեղաշրջումներու հետևանքով ինկած էր սառոյցի հաստ շերտերու տակ և խտացած էր. վերածուած էր գաղափարի անբեկանելի բիւրեղներու, որոնք կը մերժէին հալիլ պատանիի մեր ջերմ ափերուն մէջ։

Երբեմն անոնցմէ մէկնումէկը սեղմած կ՚ըլլայի ափիս մէջ և ափս ալ տաբատին գրպանը դրած՝ շփոթ գլուխով դուրս կու գայի դպրոցին դարպասէն։ Դարպասին առջև, երիտասարդ ուսուցիչ մը անպայման պիտի կեցնէր զիս և սրբագրէր շարժուձևս.

— Այ տղա՛յ, ձեռքդ գրպանէդ հանէ և ուղիղ քալէ…

Գիւզալին ներկայութիւնը սարսուռ կը պատճառէր բոլոր աշակերտներուն։ Թերևս նաև ուսուցիչներէն շատերո՛ւն։ Անոր մէջ մենք չկրցանք տեսնել բարեհամբոյր ու ներող ուսուցիչը։ Անոր մէջ տեսանք միայն կճան ու անողորմ մարդը, որուն մանրիկ կազմը կը գործէր ճշգրիտ սարքի մը պէս, որմէ կարելի չէր ակնկալել որևէ մտերմութիւն և որմէ կարելի չէր յուսալ որևէ գնահատանք լուսցուած գիշերուան մը աշխատանքին համար և որուն կարելի չէր պարգևել այլևս որևէ ուրախութիւն և զոր կարելի չէր կաշառել ոչ մէկ բարիքով։ Անոր աշակերտները պիտի ՍՈՐՎԷԻՆ հայոց պատմութիւնը։ Ուրիշ ելք չկար։ Իրենց ճամբան պիտի գտնէին այդ պատմութեան բոլոր անբացատրելի և անվերծանելի դարերուն մէջէն այնպէս, ինչպէս իրենց ժողովուրդը։ Այսինքն՝ տագնապելով, չարչարուելով, ճգնելո՛վ՝ որպէսզի գտնուի օրէնք մը. ջանալո՛վ՝ որ բիւրեղանայ դէպքերուն և անուններուն պատճառական կապը։ «Մի ճիգ, մի ճիգ ևս, մի երրորդ ճիգ, չորրորդ մի ճիգ…»։ Իր կողմէ յաճախ կրկնուող բանաձևումն էր ասիկա։ Այս էր պահանջուածը։ Եւ ոչ մէկ խոստո՛ւմ։ Ասիկա ուսուցում չէր։ Ասոր մէջ մանկավարժական նրբարուեստ կիրարկումներ չկային։ Թէև ամպիոնէն մեզի նայողը գիտնական մըն էր, փիլիսոփայութեան դոկտոր մը՝ Փրակայի Համալսարանէն։ Եւ սակայն իր մէջ գործողը Ոսկեդարեան ուսուցիչն էր, որուն նուազագոյնը առաւելագո՛յնն էր միայն, երբ կը ջամբէր և կը պահանջէր իր տուածին արդար չափովը։

Որպէս աշակերտներ՝ բոլորս ալ ատեցինք զինք մեր ուսման այդ սկզբնական տարիներուն։ Մենք ծներ էինք նոր աշխարհի մը մէջ և բոլորովին անգիտա՛կ՝ մեր պատմութեան անցուդարձին։ Մեզմէ պիտի ծնէր նոր պատմութիւնը։ Մեզմէ պէտք էր, որ ծնէր նոր նուիրումը։ Պատմութիւնը այժմ բանալին դրեր էր մեր անմիտ ձեռքերուն մէջ և մենք կրնայինք այդ ոսկի բանալին անփութօրէն նետել մէկդի և վազել մեր խաղին…Ես կը յիշեմ իր բարկութիւնը և նոյնիսկ այսօր դեռ կը տխրիմ։

Տղայ մը ունէինք Սարգիս անունով։ Մենք զինք կը կոչէինք Տափուկ։ Չարքաշ ու մեծ տղայ մըն էր, հաստ գլուխով։ Կու գար քաղաքին հեռաւոր անկիւններէն և ունէր վարակիչ կենսունակութիւն մը, որ իր հոսանքին մէջ կ՚առնէր ու կը տանէր ամբողջ դասարանը։ Տափուկը երբեք չկրցաւ իր սրտին մէջ տեղ տալ հայոց պատմութեան։ Իր շէնշող ու լայնսիրտ բնաւորութեան հետ խոտոր կը համեմատէին բոլոր Արշակունիներն ու Բագրատունիները։ «Կոխե՛ց»…կ՚ըսէր, երբ ըսել կ՚ուզէր, թէ ցած նիշ ստացած է այդ առաւօտ։ Նաբուգոդոնոսո՜ր…կ՚ըսէր և կը փրթկացնէր ամբողջ դասարանը։ Պէյրութի թաց և ողորմելի ձմեռն էր դուրսը։ Ամուր փակեր էինք պատուհանները և բնազդով կը փնտռէինք տաք կատակը, երբ Գիւզալը նստեր էր իր դաժան դատաստանին։ Իր իւրաքանչիւր դասապահը վերջին դատաստա՛նն իսկ էր և այդ առաւօտ շատ ծանր եղաւ այդ դատաստանը։

— Ձեր փչացած գլուխները պիտի կտրել…ըսաւ քինախնդիր բառերով և մենք հասկցանք, որ ան հասեր էր իր վերջին պատին։

— Դո՛ւ…ըսաւ և մատը երկարեց մեր կողմը։

Ես դարձայ ետևս նստողներուն։

— Ոչ, դո՛ւ…

Ուրիշը չէր. ես էի իր փնտռած զոհը։

— Այո, Պարո՛ն։

— Մօտ եկ և պատմի՛ր։

Ներսէս հազացի ու սկսայ։

— Տաւրոսեան Լեռներէն դէպի հիւսիս կը գտնուէին Ազիանիկ ցեղերը…

— Բայց դու մի ասա տեսնեմ Տաւրոսից դէպի հարաւ ի՞նչ ցեղեր էին բնակւում…

Հասկցայ, թէ ի՞նչ օր պիտի ըլլար այդ օրը և երկինքը աւելի ևս սկսաւ խաւարիլ աչքերուս առջև։ Ամբողջ գիշերը ջանացեր էի բառ առ բառ սորվիլ գրուածը։ Դասագիրք չունէինք։ Պատմութեան դասագրքեր չկային մեր ձեռքը այդ տարիներուն։ Մեր ձեռքը եղողները «ձեռագիր մատեան»ներն էին…Անոնք գրուեր էին քանի մը սերունդ առաջ։ Այսինքն՝ մեզի նախորդող աշակերտներուն կողմէ. շա՛տը՝ անճոռնի ձեռագրերով, քանի որ անոնք պէտք էր գրուած ըլլային արագ նոթագրութեամբ, երբ մեր ուսուցիչը կը թելադրէր անոնց տողերը բառ առ բառ։ Սերտելը, մեզի համար, ձեռագրեր բաղդատել էր…Իսկ այդ «մատեան»ները ունէին իրենց ուրոյն երգիծաբանութիւնը։ Տեղ մը, լուսանցքին մէջ, անծանօթ ձեռք մը գրած կ՚ըլլար՝…«իշու ձա՛գ»։ Ուրիշ տեղ մը՝ …«Յակոբ, տաբատիդ կոճակը ինկեր է»…Ես սերտեր էի դասս բառ առ բառ և պատրաստ էի զայն կրկնելու ամենայն մանրամասնութեամբ և սակայն դժբախտաբար իմ գիտցածս Տաւրոսէն վեր գտնուողներն էին այդ առաւօտ…։ Կանգ առի շշմած ու յուսահատ։

Տարիներ ետք, ես գտայ կապը։ Հիմա (խօսքը կը վերաբերի 1980-ին), երբ կ՚անցնիմ մեր ճաշասեղանին գլուխը և կը փորձեմ մեր կեանքին հաշիւը պարզել իմ զաւակներուս – որոնք հասակ կ՚առնեն Արևմուտքի մեր աճելավայրերուն մէջ –, կ՚անդրադառնամ, որ տարուէ տարի իմ մէջս ալ կուտակուողը այն նոյն զայրոյթն է, որմէ կը բխէր մեր ուսուցչին դառնութիւնը։

Արարատեան Դաշտի այս զաւակը ինքզինք պատրաստեր էր ուսուցչութեան համար։ Ան աւարտեր էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի ընթացքը։ Իր հօր փափաքը եղած էր, որ իր այս շնորհալի զաւակը նուիրուէր ուսուցչութեան իր իսկ ծնընդավայր գիւղին՝ Փարպիի՛ մէջ (1)։ Պատմութիւնը գլխիվայր շրջեց ամէն բան։ Փետրուարեան Ապստամբութեան օրերուն, ան զէնք վերցուց և կռիւ ղեկավարեց Բէյլարի ճակատին վրայ։ Յետոյ միացաւ նահանջին. անցաւ հայ-պարսկական սահմանը. գնաց Եւրոպա. եկաւ Ճեզիրէ. ի վերջոյ միացաւ Ճեմարանի ուսուցիչներու առաջին զօրախումբին և գործեց Լևոն Շանթին և Նիկոլ Աղբալեանին հետ կողք-կողքի։

Հիմա ինծի կը թուի, թէ մեր անկարելի պատմութիւնն էր, որ զինք ըրած էր պահանջկոտ ու դաժան։ Ժամանակին մսխումը անհանդուրժելի կը գտնէր ան։ Կ՚ուզէր, որ մենք վերահասու ըլլալյինք գաղտնիքին։ Կ՚ուզէր, որ խումբ մը նոր հայեր այդ գաղտնիքով զինուած սկսէին ետ շրջել այս դժխեմ անիւը։

«Բարձրորակ» բառը իր բառն էր։ Իրն էր նաև «հայրենացնել» բառը։ Այդ երկու բառերուն մէջ, Պր. Գիւզալեանը կը դնէր կիրք։ Նոր հայը պիտի ըլլար բարձրորակ և խորագէտ և գործօն և պիտի գիտնար սանձել և հակակշռել իր կեանքն ու ինքնութիւնը կաշկանդող ուժերը։ Այժմ գոյութիւն ունէր Հայաստանի մեծ մասը՝ «առանց հայի՛»…Այս ողբերգութիւնը ինք չէր ներած ոչ ոքի և ուրեմն կ՚ապրէր անոր հետ ու կը տառապէր։ Կար սակայն աւելի՛ն։ Օտարութեան մէջ, կրնար գալ նաև վերջին հարուածը։ Կրնար երևան գալ հայութիւն մը, որ այլևս կապ չունենար իր մայր հողին հետ։ Ուրեմն ահա՛ մեծ նպատակը։ Հայաստանը պէտք էր վերստին ու ամէն օր հայրենացուէր հայուն կողմէ։ Թէկուզ չարչարանքով ու զրկանքո՛վ։ Եւ ի գին ամէն ինչի՛։ Իր դասապահը հայրենացման գործին կենդանի դարբնոցն էր ըլլալու։

Կարծեմ 1953-ին էր, որ ծանուցուեցաւ բացումը Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին։ Այդ տարիներուն, Պէյրութը իր մէջ կը հաշուէր բազմաթիւ հմուտ հայագէտներ։ Անոնցմէ կը յիշեմ Հայր Յովհաննէս Մըսըրեանը՝ Յիսուսեան Միաբանութենէն. Վերապատուելի Եղիա Քասունին՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճէն. Բիւզանդ Եղիայեանն ու Սիմոն Սիմոնեանը՝ Անթիլիասի Կիլիկեան Դպրեվանքէն։ Այդ տարիներուն, Պէյրութի մէջ կը վախճանէր հայագիտութեան հսկան՝ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Ա. Յովսեփեանց Վեհափառ Կաթողիկոսը, որ նաև իր երիտասարդ տարիքին Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ եղեր էր ուսուցիչը Գառնիկ Գիւզալեանին, իսկ Պէյրութի մէջ անոնք եղեր էին անբաժանելի մտերիմներ։ Հիմա կը մտածեմ, որ անզուգական առիթ մը կորսնցուց Պէյրութը այդ տարիներուն։ Եթէ անտեսուէին մեր հաւաքական կեանքը կոտորակող հարցերը և մենք կարենայինք կեանքի կոչել մէկ հայագիտական կեդրոն, որուն իրենց համախումբ մասնակցութիւնը բերէին այս հմուտ գիտնականները, արդիւնքը կրնար ըլլալ շատ աւելի մեծ, քան եղաւ։ Հայագիտութեան ճիգը միշտ ալ կոտորակուած մնաց Պէյրութի մէջ։ Իրարու զուգահեռ կը գործէին Հայր Մըսըրեանի, Համազգայինի, Անթիլիասի և այլ հաստատութեանց դասընթացքները։ (2 )

Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին դասաւանդութիւնները տեղի պիտի ունենային Ճեմարանի դասարաններուն մէջ երեկոյեան ժամերուն։ Մասնակցութիւնը անվճար էր և սակայն պէտք էր, որ Հիմնարկին ուսանողները ունենային միջնակարգ ուսման վկայագիր։ Իսկ մենք դեռ տարի մը ունէինք Ճեմարանի ուսման ընթացքը ամբողջացնելու։ Երկու ընկեր ներկայացանք Պր. Վրացեանին և սակայն մեր թախանձագին խնդրանքը արդիւնք չտուաւ.

— Ինձ թւում է դուք բաւարար աշխատանք ունէք ներկայումս, չէ՞ք կարծում…ըսաւ և մենք ուշքի եկանք։

Ճեմարանը աւարտելէ ետք էր միայն, որ ես բախտը ունեցայ հետևելու Հիմնարկի ծրագրին և այդ ալ՝ դեռ մասնակի՛։ Նոր դպրոցի ժամերս անկարելի դարձուցեր էին ամբողջական մասնակցութիւնս։

Այդ դասարանին մէջ էր, որ ես առաջին անգամ ըլլալով սկսայ տեսնել Պր. Գիւզալեանը իր իսկական պատկերով։ Հայագիտական Հիմնարկը կը հայթայթէր համալսարանական մակարդակի ուսման միջավայր և մեր ուսուցիչը վերջապէս ինքզինք կ՚ըզգար իր կոչման բնական տարերքին մէջ։

Այդ տարի, ան իր նիւթը բաժներ էր երկու մասի։ Սկիզբը՝ «Քրիստոնէութեան Մուտքը Հայաստան», իսկ ապա ՝ «Հայաստանը Բիւզանդական Իշխանութեան Տակ»։ Առաջին կիսամեակը ան ամբողջութեամբ տրամադրեց Քրիստոնէութեան թափանցումին։ Ասիկա սոսկ պատմութիւն չէր։ Ան վերլուծեց Քրիստոնէութեան քաղաքական և ընկերային առընչութիւններու հիւսուածքը, անոր կապը նախաքրիստոնէական կրօններուն հետ, անոր վարդապետութիւնը, քարոզչական կազմակերպութիւնը, ռազմավարութիւնը, ուժի աղբիւրնե՛րը։ Յատկապէս կեդրոնացաւ Պօղոս Առաքեալի յատուկ դերակատարութեան վրայ։ Յետոյ նոր կրօնի քարոզչութիւնը տարաւ Հայաստան ու զայն հակադրեց մեր երկրի նախաքրիստոնէական միջավայրին։ Եւ մինչ մէկ կողմէ ցոյց կու տար, թէ ի՞նչ փորձիչ առաջնահերթութիւններու անսալով Հայաստանը հետզհետէ կ՚ըստանար քրիստոնէական դիմագիծ, միւս կողմէ ան այդ հոլովոյթին կը զուգադրէր այն միւսը, որմով Քրիստոնէութիւնն ալ մեր ազգային մշակոյթին ճնշման տակ կը հայանար մեր երկրին մէջ ի վերջոյ դառնալով հայոց հին կրօնին բնական ժառանգորդը նոր աշխարհի հորիզոններուն վրայ և ուրեմն՝ հայ պետականութեան անհրաժեշտ կռուաններէն մէկը մինչև այսօր։

Երկրորդ կիսամեակը տարբեր խնդիրներու առջև կը դնէր մեզ։ Ճեմարանական տարիներուն, մենք տեսեր էինք Հայաստանը իր պարսկական սպառնալիքին դիմաց։ Մոռցեր էինք գոյութիւնն իսկ այն միւս Հայաստանին, որ մնացեր էր սահմանին միւս կողմը, «բարեկամ» հողի վրայ, Բիւզանդիոնի քրիստոնէական հովանիին տակ։ Մեր ուսուցիչը կ՚ուզէր, որ տեսնէինք նաև «բարեկամութեան» վտանգը մեծ պետութիւններու Հայաստանի հետ ունեցած փոխ-յարաբերութեանց մէջ։ Քաղաքականութեան մէջ բարեկամներ ու թշնամիներ փնտռելէ առաջ և ետք, պէտք էր հասկնալ պատմական հրամայականները ուժերու ետին՝ անոնց վտանգը կանխել կարենալու համար։

Այդ տարի էր նաև, որ մենք կարդացինք Փաւստոս Բուզանդի «Պատմութիւն Հայոց»ը Ստ. Մալխասեանցի աշխարհաբար թարգմանութեամբ։ Գիւզալեան առիթ տուաւ, որ տարեվերջի քննութեան փոխարէն մեզմէ իւրաքանչիւրը գրէր շարադրութիւն մը Փաւստոսի երկէն վերցուած մէկ թեմայի մասին, որուն համար պէտք էր նախապէս ստանայինք իր հաւանութիւնը։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՞ս Համազգայինի գրախանութէն վերցնելով տուն բերի գիրքը և մխրճուեցայ անոր էջերուն մէջ։ Փաւստոսի գիրքը ծով մըն էր։ Դ. դարու մեր պատմութեան փորձանաւոր ծո՛վը։ Իրականութեան մէջ, ան շատ աւելին էր քան Հայաստանի քաղաքական բեմի պատմագրութիւնը։ Ե. դարու մատենագիր Փաւստոսի երկը քանդակն էր Դ. դարու Հայաստանի քաղաքական, ընկերային, հոգևոր և մշակութային իրականութեան։ Հոն տրուած էր կենդանագիրը վաղ միջնադարեան Հայաստանի մարդուն, որուն կեանքը արմատականօրէն փոխելու մեծ գործին էր լծուած Հայոց Ներսէս Մեծ Կաթողիկոսը Աշտիշատի Եկեղեցական Ժողովին կողմէ հռչակուած արմատական բարենորոգումներով։

Գիւզալը շատ խստապահանջ էր — և միաժամանակ շատ ուշադի՛ր — Փաւստոսի գրքէն մեզի փոխանցուած այս թանկագին տեղեկապաշարի վերաբերմամբ։ Ան մանր մաղէ կ՚անցընէր ամէն վկայութիւն բծախնդրօրէն արժևորելով զանոնք մէկ առ մէկ։ Եւ սակայն Հայոց Կաթողիկոս Ներսէս Մեծ Պարթևի կեդրոնական դերակատարութիւնը Հայաստանի ներքին կեանքի յեղաշրջման և հայոց արքունիքի դիւանագիտութեան ասպարէզներուն մէջ անուրանալի կը գտնէր։

Այսպէս էր, որ օր մը, մեր դասապահէն առաջ, ներկայացայ իրեն շարադրութեան նիւթի կապակցութեամբ իմ ցանկութիւնս յայտնելու…

— Պարո՛ն, ըսի, ես կ՚ուզեմ գրել հետևեալ նիւթի մասին՝ «Դ. դարու հայոց ընկերային և բարոյական ըմբռնումները ըստ Փաւստոս Բուզանդի վկայութիւններուն»…

Առաջին անգամն էր, որ մենք կը խօսէինք աշակերտէ ուսուցիչ հասուն յարաբերութիւններու դիրքերէ։ Առաջին անգամն էր, որ թաքուն հաճոյք մը կար ներսիդիս և կ՚ըմբոշխնէի այդ կապը։ Եւ որ ամենէն կարևորն էր՝ այդ նոյն հաճոյքը կը կարդայի իր խստամբեր աչքերուն մէջ։

— Տիար, ըսաւ սակայն վերագտնելով իր հին և յատուկ զգօնութիւնը, դու վերցրել ես մի մեծ պատառ քո դեռատի կտուցներով։ Դու համարձակուել ես։ Դա լաւն է։ Դու որոշել ես գրել քո դոկտորականը հէնց քո առաջին քայլերից…Դա էլ է լաւը։ Բայց դու հասկանո՞ւմ ես, որ դու պիտի կարդաս մի հարիւր անուն գիրք այդ գործն սկսելու համար և մի քանի լեզուներով, որոնց դու գիտակ չես…

Շնչահատ կը հետևէի իր խօսքերուն։ Արդեօք կը մերժուէի՞…թէ հաւանութիւն կ՚ըստանայի։ Կամ արդեօք հին սառո՞յցն էր, որ վերստին կը նստէր մեր միջև…Երկբայութիւնս սակայն արագօրէն վերջ գտաւ, երբ ան յանկարծ ըսաւ իր իւրայատուկ ժպիտով.

— Գրի՛ր, ես կ՚օգնեմ քեզ։ Գրի՛ր այնքանը, որ կարող ես։ Դրանից դու շատ ես սովորելու։

Գիւզալեանը ճիշտ էր։ Ես չկրցայ յաղթահարել այդ բարդ թեման։ Անհրաժեշտ պատրաստութիւնը չունէի այդ պատասխանատու գործին համար։ Բայց աշխատեցայ։ Եւ դարձեալ ճիշտ էր մեր ուսուցիչը։ Ես շատ բան սորվեցայ այդ հողերը իմ եղունգներով պեղելով։ Մանաւանդ անդրադարձայ մէկ բանի։ Մեր պատմութիւնը մեր ինքնութեան անսպառելի հանքն էր և պէտք էր թափանցել անոր խորերը գտնելու համար սկիզբը…

Հիմա չեմ յիշեր, թէ արդեօք ուրիշներ իմ դասակիցներէն դիմեցի՞ն շարադրութեան տարբերակին, թէ ի վերջոյ բոլորս ալ գացինք ամավերջի քննութեան ճամբով։ Գիտեմ, թէ բոլորս ալ հոգեկան մեծ բաւականութեամբ ամբողջացուցինք տարին։

Ի դէպ այդ նոյն դասարանին մաս կը կազմէր նաև ընկերս՝ Վարդան Գրիգորեան (յետագային Նախագահ ՝ Ռոտ Այլընտի Պրուան Համալսարանի և Նիւ Եորքի յայտնի Քարնեկի հաստատութեան), որ դեռ այդ օրերուն ստացեր էր Պր. Գիւզալեանի կողմէ «շնորհուած» բացառաբար յարգալիր և պատուակալ տիտղոսը՝ «Պրոֆեսոր»։

Հայագիտականի դասերը կ՚ըսկսէին երեկոյեան ժամը հինգին։ Ես կը հասնէի դպրոց մէկ ժամ առաջ և զինք կը գտնէի ուսուցչարանի առանձնութեան մէջ՝ իր խոհերուն անձնատուր։ Այդ տարի, իմ կեանքիս մեծ նուէրն էր ամէնօրեայ այդ ժամը։ Հոն էր, որ ես սկսայ իրապէս ճանչնալ զինք։ Այդ ժամը եղաւ աշակերտէ ուսուցիչ մտքերու փոխանակման հրաշալի դպրոց մը ինծի համար։ Սոկրատն էր ան, որ ամէն քայլափոխի հարցականի տակ կը դնէր իմ համարձակ և դեռ տհաս հաստատումներս։ Բայց այդ մէկը կ՚ընէր մեծագոյն խանդաղատանքով և նրբազգացութեամբ և ես կ՚ըզգայի, որ իր իւրաքանչիւր հարցումով իմ մտքիս պատուհաններն էին, որոնք կը բացուէին։ Պատուհաննե՛ր՝ որոնց գոյութեանն իսկ չէի անդրադարձեր մինչև այդ պահը։

Յաճախ կը պատահէր, որ գաղափար մը իր անակնկալ հունը գտնէր իր մտքին մէջ, երբ կը խօսէր նիւթի մը մասին։ Կանգ կ՚առնէր այդ պահուն և կը խնդրէր, որ զայն գրի առնէի և օրինակ մը տայի իրեն…Կ՚ըզգայի, թէ ան և՛ մեր խօսակցութեան հետ էր առընչուած, և՛ անկախաբար՝ իր խոհերո՛ւն։ «Մարդու իսկական քաղաքակրթութիւնը, ըսաւ օր մը, սկսւում է այնտեղ, որտեղ մարդը իր ուժի աղբիւրը գտնում է իր գաղափարների մէջ և ոչ ուրիշ բանի»։ Եւ որպէսզի յստակացնէր միտքը՝ աւելցուց.

— Երբ անզէն ուսանողների մի խումբ անվախօրէն կարողանում է քայլել մինչև ատամները զինուած կազակների պահակագունդի դէմ…Սա է իսկական ուժը։ Նրանք կարողանում են դա անել գաղափարի՛ ուժով։ Այստեղից է սկսւում քաղաքակրթութիւնը։ Երբ գաղափարը դառնում է ուժ և ոչ՝ հակառակը։

Գիւզալեանը թափանցող միտք ունէր։ Անոր մէջ ես կրցայ ճանչնալ անխոնջ փնտռողն ու մտածողը։ Իր մահէն դեռ քանի մը տարի առաջ իր տան գաղտնարաններուն մէջ ան ծայրէ ծայր վերստին կը կարդար Պերտիայևի գործերը։ Վերջերս միայն ես առիթը ունեցայ կարդալու Պերտիայևի «Պատմութեան Իմաստը» երկին անգլերէն թարգմանութիւնը (“The Meaning of History”) և յուզումնախառն հաճոյքով գտայ մտածումի այն երակները, որոնցմով այս երկու մտածողները կը կապուէին իրարու։

Յուշագրական վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան յարաբերութիւնները եղած էին շատ սերտ Չեխոսլովաքիոյ հետ, երբ տակաւին անկախ էր մեր երկիրը։ Եւրոպական մտքի մեծ կեդրոններէն մէկը՝ Փրակայի Համալսարանը իր դռները լայն բացած էր Հայաստանի ուսանողութեան առջև։ Այս ջերմ յարաբերութիւնը պահպանուած էր անփոփոխ նոյնիսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք. այսինքն՝ Հայաստանի աքսորակա՛ն կառավարութեան հետ։ Մօտ քառասուն ուսանողներ այդ տարիներուն օգտուած էին Փրակայի համալսարանի այս հրաշալի բարիքէն։ Անոնց շարքին էր նաև մեր ուսուցիչը։ Պր. Գիւզալեան դուրս եկած էր Փրակայի Համալսարանէն դոկտորական երկու տիտղոսներով պատմութեան և փիլիսոփայութեան ճիւղերէն։ Ասիկա այն շրջանն էր, երբ Փրական Եւրոպայի փիլիսոփայական մտքի քաշողութեան բևեռներէն մէկն էր։

Իր սուղ ժամանակը ժլատօրէն գործածելով ՝մեր այս բացառիկ ուսուցիչը գիտութեան թողուց քանի մը կոթողական գործեր։ Անոնցմէ անպայման պէտք է յիշել «Հայաստանի Պատմութեան Շրջանները» խորագրեալ աշխատասիրութիւնը, որուն առաջին հատորը վաղուց սպառած է, իսկ երկրորդը դեռ կը մնայ անտիպ։ Պէտք է նաև յիշել «Պատմութիւն Մերձաւոր Արևելքի և Հայաստանի» բազմահատոր երկը, որուն առաջին հաստափոր հատորը միայն լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ 1951-ին։ Պէտք չէ մոռնալ «Հայոց Պատմութիւն» խորագրեալ իր դասագիրքը, որ գրուած է արևմտահայ լեզուով միջնակարգ դպրոցներու գործածութեան համար։ Իմ գրադարանիս մէջն են քանի մը այլ երկեր իր գրչէն։ «Հինգերորդ Դարի Հայոց Կրօնական և Քաղաքական Շարժումները», «Հայ Քաղաքական Մտքի Զարգացումը և Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը», «Խրիմեան Հայրիկ», «Պատմական Խնդիրներ»։ Իր բազմաթիւ անտիպ ձեռագիրներուն մէջ, Գիւզալեան պէտք է ունենայ նաև հատոր մը, որուն խորագիրը ինք կ՚ուզէր դնել՝ «Ինչո՞ւ Բնաւեր Եղանք»։ Ինք յաճախ յիշեց իր այս երկը մեր խօսակցութիւններու ընթացքին, երբ ես հարցեր կու տայի հայաջնջումի երևոյթին մասին։ Կրցա՞ւ իսկապէս աւարտել զայն, թէ ան մնաց իր կեանքին և մտածումներուն մեծագոյն գաղտնիքը։

Գիւզալը մեր միակ ուսուցիչը եղաւ, որ պայմաններու բերմամբ կրցաւ նաև իր վերջին խօսքը ըսել մեզի իր մահէն առաջ։ Կարծեմ իր մահէն մէկ տարի առաջ էր, 1957-ին, երբ բժիշկները արգիլեցին այլևս իր պաշտօնավարութիւնը։ Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութիւնը այդ առթիւ կազմակերպեր էր մեծարանքի հանդիսութիւն մը։ Ձեռնարկին ծանուցումը երևցաւ «Ազդակ»ի էջերուն մէջ հանդիսութենէն քանի մը օր առաջ միայն և սակայն ճեմարանականները, հին և նոր, եկեր էին քաղաքին բոլոր կողմերէն։

Նախընթաց չունէր այդ օրը։ Բոլորն ալ կ՚ուզէին տեսնել իրենց դժուարահաճ ուսուցիչը, որ այսպէս անհաւատալիօրէն յանկարծ պիտի թողուր իր ամպիոնը։ Նոր ուսուցիչներէն Գրիգոր Շահինեանն էր, որ կատարեց հանդիսութեան բացումը «պատշաճօրէն» դիմելով ներկաներուն…

— Տիար Եպիսկոպոսներ և Բութ Աչուկներ…

Գիւզալին գործածած մակդիրներն էին և սրահը թնդաց որոտընդոստ ծափահարութիւններով։ Այդ մակդիրները և բազմաթիւ ուրիշներ լսեր էինք տարիներ շարունակ և անոնք մեր դասարանային մտերմութեան մաս կազմեր էին։ Մեր դասարանցիներէն էր Փանոսը, որուն ազգանունը «Մամիկոնեան» էր։ Քով-քովի կը նստէինք, ինք, ես և Յարութիւն Վարժապետեանը։ Փանոսը դասի կը կանչուէր որպէս…«Մամիկոնեանների Վերջին Շառաւիղ», իսկ երբ ծուռ կ՚երթար բանը, իմ ընկեր Փանոսը տեղը կը ճամբուէր՝ իր անընկճելի զուարթամտութեամբ կուլ տալով Գիւզալին վերջին յանդիմանութիւնը.

— Աբո՜ւշ շառաւիղ…

Դեռ կար Մըստըր Բայցը. դեռ կային Մատմազէլ Ֆիֆիները. Ֆրաու Այսինքնը. Ս. Նշանի Քորեպիսկոպոսները։ Հոն էին բոլորը և՝ մէկ մե՛ծ ոգևորութեան մէջ։ Գիւզալը՝ ի՛նք նստած էր մայր սեղանը։ Ես նստեր էի հեռուն։ Քովս էին հին դասընկերներս՝ Մինաս Սողոմոնեանն ու Վաչէ Մատէնլեանը։ Հեռուէն կ՚ըզգայինք, որ այս մէկը մեծարանքի սոսկ հանդիսութիւն մը չէր։ Ասիկա պիտի ըլլար իր և մեր վերջին առիթը…

Քանի մը խօսքեր միայն կը յիշեմ իր այդ պատգամէն։ Ուզեց, որ անպայման հաւատանք աշխատանքի և աշխատաւոր մարդու ազնուականութեանը։ Անոր մէջ է ուժը, ըսաւ։ Ուզեց, որ չմսխենք մեր կեանքը։ Ուզեց, որ հարուստ գաղափարներով օժտենք զայն։ Ուզեց, որ կառչած մնանք մեր ինքնութեան և մեր մայր հողին։ Ուզեց, որ յարգենք իրենց մայր հողին կապուած բոլոր մարդիկը։ Ուզեց, որ չհանդուրժենք բռնութեան։ Մանաւանդ մտքի՛բռնութեան։ Մեծ պարտականութիւններ դրուած են հայ մարդու ուսին, ըսաւ ան ներքին լռութեամբ մը։ Կարծեմ վերջացուց իր աննման բանաձևով.

— Մի ճիգ, մի ճիգ ևս, մի երրորդ ճիգ, չորրորդ մի ճիգ…սա է մեծ նուաճումների ճանապարհը, ըսաւ։

Շատ կարճ էին իր խօսքերը։ Կը խօսէր անսովոր բարութեամբ և խաղաղութեամբ։ Երբեք այսպէս խաղաղ չէր եղած իր միտքը։ Երբ վերջացուց, կրկին զգացինք իր լռութիւնը։ Թուեցաւ, որ ան նորէն չկրցաւ ըսել իր մեծ ու իսկական խօսքը։ Չըսուելիք խօսք մըն էր երևի։ Առանց ըսելու մեկնեցաւ։ Անհո՜ւն յարգանք իր յիշատակին։

Կարօ Արմենեան
Լոնտոն, Մայիս 1980 (Վերանայուած 2020-2021-ին, Մըքլէյն, Վիրճինիա)

(1) 1980 թուին, երբ այս յօդուածը լոյս կը տեսնէր Սփիւռքի մամուլին մէջ, մենք շատ հեռու էինք կարենալ գուշակելէ, որ տասնամեակ մը միայն մեզ կը բաժնէր մեր երկրի վերանկախացման երազուած օրերէն։ Այդ օրերուն, Արագածոտնի Փարպի գիւղը — ծնընդավա՛յրը՝ մեր ուսուցչին և Ե. դարու յայտնի մատենագիր՝ Ղազար Փարպեցիի — քարտէզին վրայ հազիւ երևցող անուն մըն էր մեզի համար և դեռ անմատչելի՝ դրսեցիներո՛ւս։ Փարպին ներկայիս բարգաւաճ գիւղ մըն է Աշտարակի մերձաւորութեան մէջ և այսօր իսկ կ՚առինքնէ այցելուն իր չքնաղ գոյներով։ Այսօր իսկ հոն կ՚ապրի Գիւզալեաններու (Գէօզալեան) տոհմը պահպանելով շարունակականութիւնը գերդաստանային աւանդութեան։ Վերջերս միայն, Արագածոտնի նախկին Մարզպետ՝ Պր. Գագիկ Գէոզալեանի շնորհալի դստեր՝ տնտեսագէտ Վարդուհի Գէոզալեանի և իր ամուսնոյն ջանքերով վերահրատարակուեցաւ Գառնիկ Գիւզալեանի կոթողական հատորը՝ «Պատմութիւն Մերձաւոր Արևելքի և Հայաստանի»։ Յետ մահու ինչպիսի՜ սփոփանք մեր ուսուցչին։

(2) Այսօր շատ աւելի լաւ կը հասկնամ Պէյրութի մէջ հայագիտական ծրագիրներու բազմազանութեան փաստը։ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը կեանքի կոչուած էր ուսուցիչներու նոր սերունդին աշխարհահայեացքը դարբնելու առաքելութեամբ։ Հիմնարկը միայն ուսումնարան չէր։ Ան մտածումի դպրոց մըն էր իր ինքնուրոյն տեսողութեամբ (2020)։ Հիմնարկը կարևոր դերակատարութիւն ունեցաւ բազմաթիւ տասնամեակներ վաստակաւոր պատմաբան և ուսուցիչ՝ Ընկ. Երուանդ Փամպուքեանի տնօրինութեամբ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.