Հայաստան Կանգնած Է Անկիւնադարձի Մէջտեղը

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Այս օրերուն շատ դժուար է Հայաստանի մէջ խօսիլ օրէնքի, արդարութեան, խորհրդարանի եւ դատարանի մասին: Երբ ցուցարարներ կը մերժեն դատարանի վճիռը եւ կը պահանջեն դատաւորներու աշխատանքէ հեռացումը, հարց կը ծագի, թէ ո՞ւր կը մնայ Օրէնքի Պետութիւնը, ինչպէ՞ս պէտք է վերաբերիլ Օրէնքի Գերակայութեան հետ:

Օրէնքը անանձնական է: Անիկա հեռու պէտք է մնայ մասնակի մեկնաբանութիւններէ, անմիջական շահերէ, մանաւանդ յուզումներէ, զգացումներէ, քէներէ: Տարակարծութիւնները երբեք չեն վերացած կացինի հարուածներով:

Ոչ ոք կը խօսի այն մասին, որ հանրահաւաքի մը ներկայ խուռներամ բազմութիւնը հաճոյք կը պատճառէ, ուժ կը ցուցադրէ, բայց յանձնառութիւն կ՛ընթադրէ՞ թէ ոչ՝ արդէն այլ հարց է: Մարդիկ կը մտածե՞ն, թէ այդպէս, խուռներամ, ծափերով, կարգախօսներով, երկիր կը կառավարուի՞: 1895ին, ֆրանսացի ընկերաբան Կիւսթաւ լը Պոն ուսումնասիրութիւն մը հրատարակած էր «Ամբոխներու Հոգեբանութիւնը» անունով, զոր կը սերտեն բոլոր սկսնակ ընկերաբանները: Չեմ ըսեր, որ հանրահաւաքի մասնակիցներ պէտք է կարդան այդ գիրքը, բայց առնուազն հանրահաւաքի աղմուկը որպէս արժէք եւ ուղեցոյց ընդունողները՝ իրենք երկու անգամ պէտք է կարդան: Յետոյ ի՞նչ նպատակի կը ծառայեցնեն այդ ընթերցումը, արդէն այլ հարց է:

  • Տարբեր մտածել չի նշանակեր թշնամի ըլլալ: Դատարանի մը վճիռը չի մերժուիր եւ չի բեկանուիր ըստ ամբոխային ցանկութիւններու, այլ օրէնքի նախատեսած հիմնաւորումներով: Անոնք որոնք սխալ գործած են, երկիրը կողոպտած են, պէտք է որ հաշիւ տան դատարանի մէջ եւ օրէնքի առջեւ, եւ ոչ հրապարակի վրայ խմբուած ցուցարարներուն:

Կ՛ըսեն, որ քանի աճի ամբոխի համրանքը, անոր ուշիմութեան միջին տարիքը (age mental moyen) նոյն համեմատութեամբ կը նուազի: Ամբոխին ուղղուած խօսքը արդէն ոչ վերլուծում կ՛ըլլայ ոչ տեսութիւն, այլ անմիջականօրէն տեսնուող, հասկցուող, յուզող եւ հակազդեցութիւն սպասող պատգամ: Առանձին քաղաքացին բրածեծ չ՛ըներ կամ քարկոծելով ոճիր չի գործեր, բայց ամբոխը նման արարքներ կրնայ գործել բնազդական եւ անգիտակից հակազդեցութեամբ: Ամբոխէն լսուելու համար անոր քէներուն կամ երազներուն բաւարարման մասին խօսք պէտք է ըսել:

Ամբոխը ժողովրդավարութիւնը կը հասկնայ մէկ ձեւով, իր ակնկալութիւններուն ուղղութեամբ: Ան նաեւ միւսը, անձ կամ հաստատութիւն, կրնայ նախայարձակման թիրախ դարձնել, որպէս իր իրաւ կամ երեւակայական զրկանքներու բաւարարումը խանգարող:

Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը յաջողելու եւ ապագայ ունենալու համար իրաւ ժողովրդավարութեան, իրաւունքի, օրէնքի գերակայութեան եւ ազգային-մշակութային ճակատներու վրայ համազգային նուաճում պէտք է ըլլայ, ընդունելով տարբերութիւնները: Տարբեր մտածել չի նշանակեր թշնամի ըլլալ: Դատարանի մը վճիռը չի մերժուիր եւ չի բեկանուիր ըստ ամբոխային ցանկութիւններու, այլ օրէնքի նախատեսած հիմնաւորումներով: Անոնք որոնք սխալ գործած են, երկիրը կողոպտած են, պէտք է որ հաշիւ տան դատարանի մէջ եւ օրէնքի առջեւ, եւ ոչ հրապարակի վրայ խմբուած ցուցարարներուն: Քսան կամ հարիւր հազար մարդոց ամբոխը ոչ դատաւոր է ոչ դատարան, ինչ որ ալ ըլլայ կրկնուող կարգախօսներու բովանդակութիւնը:

Երկրի եւ ազգի հիմնահարցերը կը քննուին, հիմնական որոշումները կը կայացուին ժողովուրդի ազատ կամքով ընտրուած համապատասխան ժողովներու մէջ: Մենիշխանութիւնը եւ ամբոխային ճնշումը պարզապէս թշնամի են ժողովրդավարութեան, քանի որ կը շրջանցեն վիճարկումը եւ փոխլուսաբանումը, հասնելու համար ճիշդին:

Հայաստանի մէջ դատարանի որոշումը (Ռոպերթ Քոչարեանի պարագային) բողոքի եւ աղմուկի պատճառ դարձաւ փողոցին մէջ, եւ մարդիկ չվարանեցան դատարանի վճիռը հակաօրինական համարել, յայտարարել եւ դատաւորներու աշխատանքէ հեռացումը պահանջել: Նման վերաբերումներու զարգացումը եւ կրկնութիւնը կրնան քաոս ստեղծել:

Ի հարկէ, ճնշուած ժողովուրդի հակազդեցութիւնը կարելի է հասկնալ, բայց այդ ալիքին վրայ պետական կառոյցներու անտեսումը աղէտ է, իսկ վտանգաւոր է իշխանութեան սեփականացումը մէկ անձի կողմէ: Ինչ որ ալ եղած ըլլան արդարացումները «թաւշեայ յեղափոխութեան», թոյլատրելի պէտք չէ ըլլայ անոր հունով «յեղափոխական արդարադատութիւն» ստեղծելու փորձը, շրջանցելով օրէնք, դատարան եւ դատաւոր:

Ցանկալի է, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» յաջողութիւն ըլլայ ազգին եւ երկրին համար, քաղաքական կեանքի մէջ վերահաստատելով յաւելեալ բարոյականութիւն: Յեղափոխական արդարութիւնը, երբ կը շրջանցէ օրէնք եւ բարոյական, կը գործուի չարիք: Երբեմն պէտք է մտաբերել ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան «Կիյոթին»ը, որ աւելի քան 200,000 գլուխ անջատեց վիզէն եւ նոյնիսկ դատապարտուած Մատամ Ռոլանի ըսել տուաւ. «Օ, ազատութիւն, ի՜նչ ոճիրներ կը գործուին քու անունով…»։ Նոյն ձեւի յեղափոխական-ամբոխային դատապարտութեան ոճիրներ գործուեցան բոլշեւիկներու կողմէ:

Այսօր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կառոյցները առկախուած են: Ազգային ժողովը չի գործեր եւ փոխարէն կը խօսուի ուղղակի ժողովրդավարութեան մասին: Հրապարակի վրայ հաւաքուած հազարաւորներ կրնան ծափահարել ներկայացուած առաջարկ մը, բայց կրնա՞ն քննել եւ վիճարկել: Առանց քննութեան եւ վիճարկումի ժողովրդավարութիւնը դատարկաբանութիւն է:

Այս «կացութիւն»ը արտածուած է նաեւ սփիւռքներ: Անհատներ, խմբակներ, կազմակերպութիւններ, զօրակցութիւն կը յայտնեն: Անոնք պէտք է ճշդեն, թէ ի՞նչ բանի զօրակցութիւն կը յայտնեն եւ ո՞ւր կը կանգ կ՛առնէ այդ զօրակցութիւնը…

Հայաստան կանգնած է փոփոխութիւններու անկիւնադարձին մէջտեղը: Կա՛մ կը հաստատուի օրէնքի գերակայութեամբ ժողովրդավարական համակարգ, կամ ալ Հայաստան կը դատապարտուի խարխափումներու «լապորոթարիական» փորձերու:

Կոչեր կ՛ըլլան հայկական եւ օտար դրամագլուխներու Հայաստանի մէջ ներդրման համար: Բայց տարրական ողջախոհութիւնը միթէ՞ չի յուշեր այն իմաստութիւնը, որ դրամագլուխը կը փնտռէ ապահով հորիզոններ, ապահովութիւն ներշնչող օրէնքներ, քաղաքական կայունութիւն եւ օրէնքի գերակայութիւնը: Այսինքն յեղափոխութիւնը, անիկա ըլլայ թաւշեայ թէ այլ, անոր հրապարակ-ակորայի (բազմութիւն) քաղաքականութիւնը եւ հոն կայանալիք-կայացուած որոշումները վստահութիւն չեն ներշնչեր:

Եւ պարզ հարցումը հետեւեալն է. նկատի ունենալով Հայաստան-Արցախի քաղաքական, տնտեսական, ռազմական կացութիւնը, նոյնիսկ «թաւշեայ յեղափոխութեան» «լապորոթարիական» փորձերը ո՞ւր կրնան հասցնել, կամ վտանգել ինչ որ կարելի եղած է փրկել եւ կառուցել:

Հակառակ ըսուածին եւ գրուածին, անմիջականէն անդին կան մտավախութիւններ, որ դիւրին խանդավառութեամբ տարուած մարդիկ չեն ուզեր տեսնել, չեն տեսներ:

Այս հանգրուանին մամուլ եւ մտաւորականութիւն կոչուած են կարեւոր դերի: Անոնք թոյլ պէտք չէ տան որ ժողովրդայնացման (populisme) գինովութիւնը առաջնորդէ անցանկալի եւ անվերադարձ կացութիւններու: Քաղաքական կեանքի մէջ, աւերէն ետք զղջումը անպայման վերականգնումի չ՛առաջնորդեր:

Սփիւռքը պահ մը փակագիծի մէջ պէտք է դնէ իր զգացական հայրենասիրութիւնը: Ափրիկեան տափաստաններու մէջ շրջագայող «տուրիստ»ի ականջներուն այնքա՜ն հաճելի է լսել հեռուէն եկող «թամ-թամ»ի ձայնը: Կարդալ ափրիկեցի բանաստեղծ եւ նախագահ Լէոփոլտ Սենկորի բանաստեղծութիւնները: Եւ ողջմտութիւնը չ՛ըսե՞ր, որ «թամ թամ»ով քաղաքականութիւն չի խաղցուիր:

Նոյնիսկ եթէ ակնկալութիւններ ունեցող զանգուածին հաճոյք պիտի չպատճառուի, հրաժարելով «թիմ»ային խաղէ, Հայաստան «դուխով»էն ետք պէտք է հասնի պետական իմաստութեան:

Իսկ Սփիւռք(ներ)ն ալ նոր թառ մը գտնելու զուարճութեան անձնատուր պէտք չէ ըլլան:

Իսկ Հայաստան Սփիւռք(ներ)ի, բացի ներդրումներ ընելու կոչէն, համաժոողովներու ճառային աղմուկէն, քաղաքական կեանքին եւ որոշումներուն մասնակցութեան հնարաւորութիւն պէտք է ստեղծէ, որպէսզի ընդգրկուինք իրաւ մէկութեան ապագայակերտ ընթացքին մէջ:

Այս թղթածրարը բաց է: Աւելի լաւ է արտայայտուիլ, վիճարկել, քան տրտնջալ եւ մնալ ամուլ, կամ վասն երեւելիութեան բաւարարուիլ ծափով եւ ողջոյնով:

(Յապաւուած)

27 Օգոստոս 2018

Երեւան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.