«Հայաստան» Դաշինքի Բազմամարդ Հանրահաւաքը` Երեւանի Շէնգաւիթ Համայնքին Մէջ

14 յունիսին «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդները բազմամարդ հանրահաւաք կազմակերպեցին Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ: Ողջունելով հաւաքի մասնակիցները, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան նշեց, որ իրենք չափազանց մեծ պատասխանատուութեան տակ կը մտնեն:

«Հայաստան ըսելով կը հասկնանք ամուր ոտքերու վրայ կանգնած, ժողովրդավարական, ուժեղ, մարտունակ բանակ, հզօր տնտեսութիւն ունեցող երկիր, որով կը հպարտանանք իւրաքանչիւրս: Սիրելի՛ ժողովուրդ, ես միշտ գործի մարդ եղած եմ, սակայն այնպիսի իրավիճակ  ստեղծուած է, որ նաեւ խօսող մարդ պէտք է դառնալ, քանի որ ժամանակակից աշխարհին մէջ խօսքի ուժը հզօր է: Այդ խօսքը պէտք է հասցնենք իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Ըսէ՛ք բոլորին, որ «Հայաստան» դաշինքը կու գայ ուժեղ Հայաստան կառուցելու», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան:

Ըստ անոր, «Հայաստան» դաշինքը կու գայ թռիչքաձեւ տնտեսական աճ ապահովելու` մարդոց կեանքի որակը բարելաւելու համար: Ռոպերթ Քոչարեան կոչ ուղղեց ներկաներուն աշխուժօրէն մասնակցելու ընտրութիւններուն` իրենց ձայնը տալով ուժեղ Հայաստանին:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Բոլորդ քաջ կը գիտակցիք, որ մեր երկիրը ճգնաժամի մէջ է: Ի՞նչ անհրաժեշտ է այսօր Հայաստանին. ազգային իշխանութիւն, որ պէտք է ունենայ ազգային գաղափարախօսութիւն եւ հիմք դնէ ազգային պետութեան: Այսօր Հայաստանին անհրաժեշտ է իշխանութիւն, որ տէր կանգնի իր քաղաքացիին, գիւղացիին, երկրի սահմաններուն, համահայկական ժողովուրդին: Այսօր Հայաստանին պէտք է իշխանութիւն, որ ոչ թէ պիտի ընէ ամէն ինչ իր ժողովուրդին հաճելի երեւնալու, այլ` իր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար»:

Ան նշեց, որ Հայաստանին այսօր պէտք է իշխանութիւն, որ պիտի մտածէ  իր հասարակութեան կրթութեան, առողջութեան մասին եւ երկրին մէջ հաստատէ ընկերային արդարութիւն:

Իշխող կուսակցութիւնը քաղաքական հոգեվարքի մէջ է, ատիկա փաստ է. իր ելոյթին մէջ ըսաւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, Սիւնիքի նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեան:

«Այնքան պառակտեցին ազգը, որ պառակտումը մտաւ իրենց խումբին մէջ ու հիմա իրենց խմբակիցներէն շատերը արդէն համակերպուած են պարտութեան հետ եւ չեն ուզեր կիսել իրենց առաջնորդին ո՛չ պատասխանատուութիւնը, ո՛չ ալ ճակատագիրը», ըսաւ ան:

Վահէ Յակոբեան յայտնեց, որ վաղը Նիկոլ Փաշինեանը պիտի երթայ Սիւնիք, եւ միայն Երեւանէն 1400 ոստիկան պիտի ուղեկցին անոր: «Այդ ո՞ւր կը տանի այդ ոստիկանները, Սեւ լի՞ճ», հարց տուաւ ան:

Վահէ Յակոբեան աւելցուց. «Մենք կու գանք, որ միաւորենք ազգը, մենք յոգնած ենք թշնամանքէն, սուտէն, մենք պիտի բերենք հանգստութիւն մեր ազգին եւ իրարու հետ պիտի անցնինք շատ դժուար ճամբայ», ըսաւ ան եւ հարց բարձրացուց, որ եթէ ոչ իրենք, ապա ո՞վ:

«20 յունիսին թիւ 24, բոլորս մէկ մարդու պէս դէպի ուժեղ Հայաստան», եզրափակեց Վահէ Յակոբեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.