Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը ոգեկոչեց ծովակալ Տարթիժ Տիւ Ֆուռնէի եւ Միսաք Մանուշեանի յիշատակը

Հակառակ Հայաստանի մէջ շարունակուող համաճարակի դժուար պայմաններուն, Ֆրանսայի դեսպանատունը տարբեր ձեւով նշեց Ֆրանսայի Ազգային տօնը։ Յուլիս 14-ի առաւօտեան նախ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ բժշկական համակարգի աշխատակիցներուն, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յատուկ միջոցառում մը, կը տեղեկացնէ «Նոր Յառաջ»ի աշխատակիցը։

Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթի որոշումով մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ նուիրուած՝ փոխծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի եւ Միսաք Մանուշեանի։ Իր խօսքին սկիզբը դեսպանը հրաւիրեց ներկաները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու նոյն օրը Տաւուշի ճակատին զոհուած հայ զինուորներուն յիշատակը։ Այնուհետեւ անդրադառնալով մեծարեալներուն յայտնեց հետեւեալը.

“Ֆուռնէ եւ Մանուշեան մեր երկու երկիրներու պատմութեան ամէնէն հերոսական եւ մարդկային էջերը արձանագրած են։ Այս երկուքը վստահաբար երբեք զիրար չեն ճանչցած, եւ այնպէս կը թուար թէ անոնք հասարակաց կապ մը չունէին իրարու հետ. մէկը նաւատորմի սպայ, իսկ միւսը՝ բանուոր, լրագրող, բանաստեղծ, համայնավարութեան զինուորեալ եւ Ցեղասպանութենէն վերապրող մը։ Այսօր մենք զանոնք կը միացնենք Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ անոնց երկու կիսանդրիներու քօղազերծման ընդմէջէն։ Այսպէսով խորհրդանշականօրէն քով-քովի կը բերենք Ֆրանսացի մը որ Հայեր փրկած է եւ Հայ մը որ իր կեանքը զոհած է յանուն Ֆրանսայի”,– նշեց դեսպան Լաքոթ։

Արդարեւ փոխծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ 1915 Սեպտեմբեր 12 եւ 13-ին իր ռազմանաւով փրկած էր 4080 Հայեր։ “1915-ին, Մուսա լեռան վրայ ապրող Հայերը անդրադառնալով, թէ պէտք չէ յանձնուին Թուրքերուն՝ այր, կին եւ երախայ դիմադրութեան շարքերն անցան։ Անոնց միա՛յն մէկ ճամբայ կը մնար՝ Միջերկրական ծովը, հետեւաբար դէպի ծովը ճօճեցին վրան կարմիր խաչով ճերմակ դրօշակ մը։ Այս նոյն դրօշն է զոր 1915 Սեպտեմբեր 6-ին կը նշմարէ «Կիշէն» անունով ֆրանսական յածանաւը։ Փոխծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէն, որ Փարիզէն արտօնութիւն խնդրած եւ երբեք չէր ստացած, ականջալուր ըլլալով իր պատուին ու հաւատքին, կ՚որոշէ իր նաւով փրկել Հայերը։ Եւ անոր հրամանատարութեամբ է, որ 4 000 Հայեր կը փրկուին Թուրքերու ճիրաններէն եւ կը բարձրանան ֆրանսական նաւուն վրայ”,– յիշեցուց դեսպանը։

“Մենք փոխծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի ընդմէջէն կը յարգենք յիշատակը ֆրանսացի այն բոլոր ծովակալներուն, որոնք մասնակցեցան այս գործողութեան։ Անոնց յիշատակին Մուսա լեռան յուշահամալիրին մէջ աղբիւր (շատրուան) մը նուիրուած է, որուն բացումը կատարուեցաւ 2018 Մայիս 28-ին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ։ Պրըթոն ծագումով նախարարը, այդ յուշակոթողին վրայ արձանագրուած պրըթոն անունները իրեն հարազատ ըլլալով, շատ յուզուեցաւ։ Փոխծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի ընդմէջէն մենք նաեւ կը յարգենք հայ դիմադրական մարտիկներուն յիշատակը”,– նշեց դեսպանը։

“Հայ մարտիկներն ու ֆրանսացի ծովակալները մեզի կը յիշեցնեն, թէ կ՚արժէ փրկել իւրաքանչիւր կեանք։ Այսօր արդէն հասած էր պահը որ Ֆրանսան ոգեկոչէր տիւ Ֆուռնէի յիշատակը։ Հպարտ եմ որ հոս, դեսպանատան մէջ զետեղուած անոր կիսանդրին՝ Մուսա լեռան յուշահամալիրին մէջ Արարատի դիմացը ցուցադրուող կիսանդրիին կրկնօրինակն է”,– շեշտեց Ժոնաթան Լաքոթ։

Այնուհետեւ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց սրահին մէջ ներկայ քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեանին, ինչպէս նաեւ կիսանդրիի նուիրատու Մովսէս Մարտիրեանին։

Անդրադառնալով Միսաք Մանուշեանին, դեսպանը ըսաւ, թէ ան մեր հասարակաց յիշողութեան մաս կը կազմէ։ “Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ Մանուշեանի կիսանդրիին բացումը կատարելով, կ՚ուզենք յիշեցնել, թէ Մանուշեանի պատմութիւնը նաեւ ֆրանսական պատմութիւն մըն է”, ընդգծեց Ֆրանսայի դեսպանը, յիշեցնելով թէ Մանուշեան իր կեանքը սկսած է Ցեղասպանութեան բազմաթիւ որբերու նման։ Հայրը՝ Գէորգ, զոհուած է զէնքը ձեռին, եւ մայրը՝ Վարդուհին, անօթութենէն մահացած է։ Ան 19 տարեկան էր երբ Ֆրանսա հասաւ։ Իր օրուան հացը վաստկելու համար բանուորութիւն ըրաւ, միաժամանակ ուսանելով Սորպոնի մէջ՝ հեղինակելով բանաստեղծութիւն եւ հիմնադրելով պարբերաթերթեր։

“Միսաք Մանուշեան նախ եւ առաջ իր դարուն յանձնառու դերակատարն էր”,– նշեց դեսպանը, աւելցնելով, որ ան մտահոգ էր թէ՛ Հայերու եւ թէ ֆրանսացի իր ընկերներու ճակատագրով։ Անդամագրուեցաւ Համայնավար կուսակցութեան եւ «Հայաստանի համար օժանդակութեան կոմիտէ»-ին։

“Այս յանձնառութեամբ ան արդէն կասկածելիներու շարքին դասուեցաւ։ 1939-ին Ֆրանսան կը վախնար եւ Մանուշեան ձերբակալուեցաւ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ՝ նոյնիսկ նախքան Գերմանացիներուն ներխուժումը։ Ան արդէն շատ մը Ֆրանսացիներէն աւելի հայրենասէր էր։ 1940-ին, ան կամաւոր կերպով կը միանայ ֆրանսական բանակին ու կը մասնակցի Ֆրանսայի համար պայքարի մարտերուն։ Շարունակութիւնը գիտենք։ 1941-էն սկսեալ ան ընդյատակեայ կ՚աշխատի։ 1943-ին կը միանայ FTP-MOI-ին։ Մանուշեանի խումբը Փարիզի մէջ շուրջ 30 գործողութիւն կը յաջողցնէ։ Այդ տարիներուն է, որ կը հանդիպի Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններուն, որոնք նոյնպէս մաս կը կազմէին դիմադրական շարժումին, ինչպէս կը վկայէր Շառլ Ազնաւուր։ 1943 Նոյեմբեր 16-ին Մանուշեան կը ձերբակալուի։ Կինը՝ Մելինէն, Ազնաւուրեաններու կողմէ կը թաքցուի եւ խոյս կու տայ ոստիկանական ուժերէն։ Միսաքը եւ ընկերները կը յանձնեն Գերմանացիներուն, որոնք շինծու դատավարութիւն մը կը սարքեն։ Դատարանը բոլորն ալ մահուան կը դատապարտէ եւ 1944 Մայիս 21-ին, 22 տղաքը Mont Valérien-ի մէջ կը գնդակահարուին։ Անոնք բոլորն ալ չեն ձգեր որ իրենց աչքերը գոցեն”։

“Այսօր, Միսաք Մանուշեան եւ իր լեհ, հունգարացի ու իտալացի ընկերները մեզի կը յուշեն ակնյայտ իրղութիւն մը. ըլլալ Ֆրանսացի, կամ՝ Հայ, կը թելադրէ ըլլալ յանձնառու։ Յանձնառութիւն՝ ազատութեան նկատմամբ, անոր սիրոյն մեռնելու պատրաստ ըլլալու յանձնառութիւն մը։ Իր դատավարութեան ընթացքին, Միսաք Մանուշեան զինք ամբաստանողներուն յայտարարեց. «Դուք ժառանգեցիք ֆրանսական հպատակութիւնը, իսկ մենք՝ արժանի դարձանք անոր»”, իր ելոյթին մէջ ընդգծեց դեսպանը։

Լաքոթ նաեւ հաստատեց, որ Մանուշեանի ճակատագիրը եղաւ բազմաթիւ Հայերունը, որոնք Ֆրանսային տուին ամէն ինչ որ ունէին։

“Ճիշդ է, Ֆրանսան զանոնք հիւրընկալեց, բայց պէտք չէ մոռնալ որ՝ ոչինչ դիւրին եղաւ անոնց համար։ Ոմանք, ինչպէս Միսաք Մանուշեանը, իրենց կեանքով վճարեցին։ Եւ շատ մը ուրիշներ, ինչպէս Արսէն Չաքարեանը, երկա՜ր տարիներ ստիպուեցան սպասել ֆրանսական իրենց հպատակութեան համար։ Եւ ասոնք միայն մէկ մասն են այն բոլոր արժանիքներուն, զորս ունին ծագումով հայ ֆրանսացի մեր հայրենակիցները”։

Հուսկ, դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մուսա Լեռան եւ Սարտարապատի յուշահամալիրներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կիսանդրիներուն զետեղումը դեսպանատան յարկին տակ, ինչպէս նաեւ « Altitude 5165 » եւ «Ֆրանսահայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութիւններուն, որոնք նուրեցին Մանուշեանի արձանը, որու հեղինակն է քանդակագործ Արման Սամուէլեան։ “Հզօր խորհրդանիշ է այս կիսանդրիներուն նուիրուած ըլլալու հանգամանքը”, եզրակացուց դեսպանը, որմէ ետք ան ձեռնարկեց քօղազերծման։

Այսպէսով, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը յատուկ իմաստ մը տուած եղաւ Պատմութեամբ եւ խորհրդանշաններով առլցուն այս օրուան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.