Հայաստանին Մէջ Օտարերկրեայ Ներդրումները Աւելցած են
Ներդրումային դաշտի օրէնսդրական բարեփոխումները, միջազգային հարթակներուն վրայ երկրի ճանաչելիութեան բարձրացումը նպաստած են Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու հոսքի մակարդակի բարձրացման: Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու ծաւալը 2017-ի առաջին եռամսեակին աւելցած է շուրջ 4,84 միլիառ դրամով` կազմելով ընդհանուր մօտ 19,7 միլիառ դրամ: Պաշտօնական տուեալներով` առաջին եռամսեակին ներդրումներ կատարուած են տեղեկատուութեան եւ կապի, մշակող արդիւնաբերութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան ներդրումներու ներգրաւման եւ համակարգման վարչութեան պետ Վահագն Լալայեան ըսաւ, որ վերջին տարիներու մեծագոյն ներդրողներն են Գերմանիան, Գանատան, Լիբանանը, Ֆրանսան, Կիպրոսը, Արժանթինը, Ռուսիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:
Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան ներքին դիտարկումի տուեալներուն, 2017-ի առաջին 6 ամիսներուն դրութեամբ` կ՛իրականացուի 66 ծրագիր` շուրջ 500 միլիոն ամերիկեան տոլարի ընդհանուր ներդրումներով, որոնք կը ստեղծեն 7.140 նոր աշխատատեղեր: Ներդրումներուն մեծ մասը իրականացուցած են օտարերկրեայ ներդրողները: