Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2014-2018 քառամեակի 4-րդ լիակազմ ժողով
Առաջին հերթին, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեան տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ Համազգայինի կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, եւ երիտասարդականացման աշխատանքները յաջող ընթացքի մէջ են։ Առոյգ են Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու եւ Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները, եւ կ՚աշխատին ժրաջանօրէն. սակայն միւս կողմէ, յաւելեալ կազմակերպական ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջեն Եւրոպայի կարգ մը կառոյցները եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջանները, որոնց կաղացումներու վերացումը Կեդրոնական Վարչութեան օրակարգի կարեւոր խնդիրներէն է, զանոնք կազմակերպ վիճակի հասցնելու համար։
Կրթական խնդիրներու գլխուն տակ, ժողովը զբաղեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու վարչական եւ ուսումնական խնդիրներով։ Տեղի ունեցաւ Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Մարսիլիոյ Ճեմարանի եւ Սիտնիի Արշակ եւ Սօֆի Գոլստըն Ճեմարանի հայեցի դաստիարակութեան խնդիրներու քննութիւնը եւ վարչական աշխատանքներու պարզած պատկերներու ուսումնասիրութիւնը, ընդ որում այդ հաստատութիւններու տնօրէններուն աշխատանքներու գնահատականը եւ պիւտճէական խնդիրներու յառաջիկայ հաւանական զարգացումներու հետեւանքով՝ դիմագրաւելի կացութեանց նախապատրաստութիւնը։ Ապա ժողովը կատարեց Փարիզի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի ուսումնական թէ վարչական կարիքներու քննութիւնը, եւ որոշեց շարունակել իր յանձնառութիւնը այդ հաստատութեան նկատմամբ։
Անդրադառնալով սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի դասաւանդ ապագայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագրին, ժողովը որոշեց յաւելեալ քարոզչական թափ տալ Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ Համազգայինի գործակցութեամբ իրականացուող հայագիտութեան մագիստրոսական եւ դպրոցական վարչագիտութեան ծրագիրներուն։ Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ այս ծրագիրը արդէն իսկ տուած է իր առաջին հունձքը, եւ երկու ուսուցիչներ սկսած են սփիւռքի երկու տարբեր գաղութներու մէջ իրենց ուսուցչական ծառայութեան։
Ժողովը առանձնաբար քննեց նաեւ իր այլ հաստատութիւններուն՝ «Վահէ Սէթեան» տպարանին, Հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անցնող տարուան գործունէութեան համարատուութիւնը եւ կարեւոր նկատեց հրատարակչական մարզին մէջ արդիականացման միջոցներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադառնալով «Բագին» գրական հանդէսին, ժողովը իր գոհունակութիւնը յայտնեց խմբագիրին եւ խմբագրական խորհուրդին կատարած աշխատանքին եւ երիտասարդներու ներգրաւման ջանքերուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց հրատարակութեան յաւելեալ ծանօթացումը հանրութեան լայն շրջանակներուն։
Կազմակերպական գրասենեակներու օրակարգով, ժողովը քննեց Արցախի մէջ Համազգայինի նորահաստատ գրասենեակի գործունէութեան ծիրը, աշխատանքի հնարաւորութիւնները եւ Արցախի մշակութային կեանքի զարգացման մէջ Համազգայինի դերակատարութեան կարելիութիւնները։ Ժողովը որոշեց նմանօրինակ գրասենեակ մը Ջաւախքի մէջ եւս հաստատել։ Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի եւ Հայաստանի գրասենեակներուն, անոնց գործունէութիւնը գնահատուեցաւ, իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակին վերաբերեալ, ժողովը որոշեց յաւելեալ յստակութիւն մտցնել Համազգայինի Հիմնադրամներու Կեդրոնական Մարմնի գործելաձեւին եւ աշխատանքներուն ծիրին մէջ, որպէսզի արդիւնաւէտ դառնայ Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակի գործունէութիւնը։
Ելեկտրոնային սարքերով մանկական խաղերու պատրաստութեան աշխատանքներու յաջողութիւնը գնահատելով, որոշուեցաւ ծաւալել աշխատանքը, նոր թափ տալով մանուկներու գործածութեան համար պատրաստուած առարկաներու արտադրութեանց։ Ժողովը նաեւ որոշեց հայերէն սորվեցնող մանկական խաղերը անվճար տրամադրել բոլորին, անոնց լայն տարածում տալու առաջադրութեամբ։
Յաջորդաբար քննուեցաւ համացանցային երիտասարդական հարթակի նախապատրաստական աշխատանքներու տեղեկագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ծրագիրը փութով երիտասարդութեան տրամադրելի դարձնելու յաջորդ հանգրուաններու ճշդումը։
Վերջապէս, ժողովը երկարօրէն քննարկեց Համազգայինի 90-ամեակի նշման օրակարգը։ Խորհրդածելով Համազգայինի տարեդարձը համագաղութային հարթակով տօնակատարելու կարելիութիւններու մասին, ժողովը կայացուց կարգ մը որոշումներ, որոնցմէ են ԵՊՀի հետ գործակցաբար գիտաժողովի մը կազմակերպումը, մշակութային յատուկ ելոյթներու հովանաւորութիւնը կամ կազմակերպումը, Համազգայինի գործունէութեան քարոզչութիւնը կատարելու կոչուած այլեւայլ նախաձեռնութիւններու ծրագրաւորումը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովի կայացումը 18-19-20-21 Մայիս 2018-ին Երեւանի մէջ։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 30 Սեպտեմբեր 2017