Համազգայինի կազմակերպութեամբ Հայաստան Ծառատունկ Ծրագրի մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն Գէմպրիճի մէջ

Կիրակի 5-Մարտ-2023-ի յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին , կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղին, Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ «ԷՅ ԹԻ ՓԻ» ARMENIA TREE PROJECT (Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր) բարեսիրական ընկերութեան գործունէութեան շուրջ համառօտ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր բարեգործական հիմնադրամի առաքելութիւնն է ծառապատել եւ կանաչապատել Հայաստանի տարածքները։

Միացեալ Նահանգներէն ժամանած ընկերութեան ներկայացուցիչ տիկ. Ճէն Մէրի Բաբէլեան խօսք առնելով ներկայացուց ընկերութեան գործունէութիւնը, հիմնադրութենէն մինչեւ օրերս անոր ձեռք ձգած յաջողութիւններն ու յետագայ ակնկալութիւնները, նպատակ ունենալով  իրենց ծրագրին համար մեծ թիւով հայորդիներ ներգրաւել մեր Հայրենիքի զարգացման ու քաղաքակիրթ երկիրներու հետ քայլ պահելու առաջադրանքով :

Ներկաները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով հետեւեցան ներկայացուած տեսերիզին: Մասնակիցներէն շատեր նիւթական ներդրումով աջակեցեցան հիմնարկին:

Աւարտին մասնաճիւղիս ներկայացուցիչը , փոխանցեց ձեռնարկի շարժառիթի նպատակը, յիշատակելով այն օրինակելի արարքը, որ նախաձեռնած էր մասնաճիւղիս անդամներէն բեմադրիչ ընկ. Արմէն Փօլատեան իր ծննդեան առթիւ, ան խնդրած էր իր հարազատներէն եւ ընկերներէն՝ փոխան անձնական նուէրի , իրենց նիւթական ներդրումը կատարեն բարեսիրական վերոնշեալ հիմնարկին։

ՀԱՄԱՌՕՏ ԱԿՆԱՐԿ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

«ԷՅ ԹԻ ՓԻ» ARMENIA TREE PROJECT ընկերութեան նպատակն է ծառապատումի աշխատանքի միջոցաւ բարելաւել Հայաստանի ժողովուրդի կենսամակարդակը եւ պահպանել բնութիւնը: Ընկերութիւնը իր  առաքելութիւնը իրականացնելով, կ՚առաջնորդուի հետեւեալ խնդիրներու լուծմամբ՝ աջակցիլ մարդոց եւ առաջին հերթին կարիքաւորներուն, նպաստելով անոնց ինքնաբաւարարութեան մակարդակի բարձրացման, միաժամանակ պահպանելով կենսոլորտը :

«ԷՅ ԹԻ ՓԻ» ARMENIA TREE PROJECT ընկերութիւնը Հայաստանի տարածքին ԿԱՆԱՉԱՊԱՏԱԾ է աւելի քան 1200 համայնք եւ Հայաստանի ամէնակարևոր գործատուներէն մէկն է, ունի 74 մշտական եւ 150 ոչ լիաժամ  աշխատակից:

Ծառապատումը կ՚իրագործուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ , ներառեալ Արցախ : Աւելի քան 57000 աշակերտ եւ ուսուցիչ մասնակցած են «ԷՅ ԹԻ ՓԻ» ARMENIA TREE PROJECT ընկերութեան կրթական:

1994 թուականէն սկսեալ, ընկերութիւնը իրագործած է, աւելի քան 6.6 ՄԻԼԻՈՆ ծառատնկում: Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ նիւթական առումով մասնակցիլ փափաքողները կրնան այցելել հետեւեալ հասցէն :

https://www.armeniatree.org/hy/mission

Վիգէն Գէորգեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.