Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտէսեան կը շնորհաւորէ «Հորիզոն»ի հիմնադրութեան 40-ամեակը

«Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ յատուկ հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին, Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ, կիպրահայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեան շնորհաւորեց «Հորիզոն»ի 40-ամեակը։ Պրն. Մահտէսեան բարձր գնահատեց «Հորիզոն»-ի դերակատարութիւնը սփիւռքահայ մամուլին մէջ եւ հսկայածաւալ աշխատանք նկատեց գանատահայութեան պատմութեան վաւերագրումը «Հորիզոն»-ի էջերուն մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.