«Խոջալու» Աղբիւր Ապատեղեկատուութեան. Քոսովոյի Զոհերը Կը Ներկայացուին Որպէս Ազրպէյճանցիներ

1992-ի Խոջալուի դէպքերուն առիթով  սուրիական արաբատառ «Ուաթան» քաղաքական օրաթերթը իր երկուշաբթի, 27 փետրուար 2017-ի թիւով հրապարակած է մեկնաբանական յօդուած մը, our Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպանատունը կը ներկայացնէ ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ծալքերը։ 

Ստորեւ` յօդուածին թարգմանութիւնը:

1992-ի սկիզբը Ազրպէյճան օգտագործեց Խոջալուի շրջանը` ռմբակոծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, աւերելով քաղաքի բնակարանները, վարժարանները, հիւանդանոցներն ու պետական շէնքերը: Ազրպէյճան «Խոջալու»-ի շրջանը վերածեց կոյր ռմբակոծման հարթակի` այդպէսով փակելով դէպի Ղարաբաղի օդակայան տանող ճամբան, որ միակ ելքն էր հասնելու արտաքին աշխարհ, ուրկէ կարելի էր ստանալ դեղորայք եւ ուտեստեղէն: Աւելի՛ն. Խոջալուն կ՛օգտագործուէր իբրեւ բարձունք` ռմբակոծելու Ստեփանակերտի եւ հայկական գիւղերու մարդաբնակ ցած շրջանները: Հետեւաբար Ղարաբաղի հայկական պաշտպանութեան ուժերուն համար Խոջալուն դարձաւ ռազմական օրինական թիրախ` փրկելու համար հայկական քաղաքային շրջանները:

Երբ ռազմական գործողութիւնները սկսան Խոջալուի մէջ, շրջանի բնակիչները օգտագործեցին զայն` իբրեւ մարդասիրական անցք` հասնելու համար ազրպէյճանական հակակշիռին տակ գտնուող Աղտամի շրջանը:

Փետրուար 1992-ին պատահած այդ դէպքերէն կարելի է ամփոփել հետեւեալը.

Ազրպէյճանցիք օգտագործեցին Խոջալուն` հրետանիով կուրօրէն ռմբակոծելու համար քաղաքային թիրախներ: Ազրպէյճան դիտումնաւոր  կերպով արգիլեց բնակչութեան Խոջալուէն  հեռացումը: Ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը ձախողեցաւ բնակիչները վերադարձնել շրջան, ռազմական մօտալուտ գործողութեան հաւանականութիւնը յայտարարելէ ետք:

Ազրպէյճանական ուժերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան փոխադարձ կրակոցներ` երկու կողմերէն ալ վիրաւորներ պատճառելով: Ազրպէյճան պատասխանատու է հարիւրաւոր քաղաքայիններու սպանութեան եւ անոնց դիակներու խոշտանգումին Աղտամի մէջ, որ ազրպէյճանական ուժերու հակակշիռին տակ գտնուող շրջան էր:

Այնուհետեւ Պաքու լծուեցաւ մարդկային այդ աղէտին առնչուող փաստաթղթերու եւ իրողութեանց աղաւաղման եւ հակահայ ահ ու ատելութիւն սերմանեց յաչս միջազգային ընտանիքին:

Ազրպէյճանի օգտագործած աղաւաղման միջոցներէն էր` նկարներու զեղծարարութիւնը, ինչ որ հարցականներ կը դնէ Ազրպէյճանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, երկու ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ գոյակցութեան ճիգերուն եւ այս տագնապի լուծման գծով անոր (Ազրպէյճանի) իսկական մտադրութեան վերաբերեալ:

Արդարեւ, Ազրպէյճան օգտագործեց Քոսովոյի եւ 1983-ին Թուրքիոյ երկրաշարժի զոհերու պատկերներ, Աֆղանիստանի սոված մանուկներու իսկական նկարներ եւ Պաղեստինի մէջ Համասի զինեալներու իսկական նկարներ` զանոնք ներկայացնելով որպէս հայերու կողմէ սպաննուած ազրպէյճանցի զոհեր:

Նպատակը մէկ է` մամուլի ուշադրութիւնը վրիպեցնել Աղտամի եւ Խոջալուի մէջ Ազրպէյճանի գործադրած ոճիրներէն եւ արգելակել  Հայոց ցեղասպանութեան  միջազգային ճանաչումի գործընթացը:

Պատասխանատուութիւնը մէկ է, գիտակցութեան մղել` չներքաշուելու Ազրպէյճանի տարածած դիտումնաւոր ապատեղեկատուութեան մէջ, որ կը միտի ծածկել Խոջալուի դէպքերուն իրողութիւնները:

Խոջալուի դէպքերը.- Զեղծարարութիւն եւ իրողութիւն «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջ

Լեռնային Ղարաբաղի ազատամարտի ընթացքին, Խոջալուի դէպքերուն յաջորդած տարիներուն Ազրպէյճան ջղագրգիռ կերպով հակահայ արշաւ մղեց` նպատակ ունենալով միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շեղելու հայերու դէմ գործադրուած ջարդերէն Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի (Գանձակ, Ա.) եւ ազրպէյճանական այլ քաղաքներու մէջ եւ հայկական 28 գիւղերու պարպումը  բնակիչներէն, ինչպէս նաեւ` Արցախ-Լեռնային Ղարաբաղ Հանրապետութեան Մարաղա գիւղի ողբերգութենէն: Դէպքեր, որոնք արժանի են օրինական, դատական հայցի եւ հետապնդման: Այս արշաւը նաեւ կը նպատակադրէ աղաւաղել ու մրոտել Հայաստանի վարկը յաչս միջազգային ընտանիքին` կեղծելով եւ աղաւաղելով այդ դէպքերու իրողութիւնները, որոնց ընթացքին խաղաղ բնակիչներ զոհ գացին երկպառակութեանց եւ Ազրպէյճանի մէջ իշխանութեան հասնելու ձգտումներուն պատճառով:

26-27 փետրուար 1992-ին պատահած Խոջալուի ցաւալի դէպքերու իսկական կազմակերպիչը ազրպէյճանական Ազգային ճակատն էր` գլխաւորութեամբ Ապուլֆազ Էլչիպէյի, որ այդ դէպքերէն ետք դարձաւ Ազրպէյճանի նախագահ: Էլչիպէյ Խոջալուի դէպքերը շահագործեց գահընկէց ընելու համար օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովը: Արդ, այդ օրերուն ամբողջովին ազրպէյճանական ուժերու հակակշիռին տակ գտնուող Աղտամի մերձակայ շրջաններուն մէջ ինկած զոհերու ողբերգական կորուստին պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական հրամանատարութեան ուսերուն:

Փաստօրէն, ազրպէյճանական քարոզչական ցանցը լուռ կը մնայ այդ դէպքերուն առնչուող ամենապարզ հարցումներուն դիմաց անգամ.

– Ինչո՞ւ յայտնաբերուեցան զոհերու այն դիակները, որոնք ինկած էին ազրպէյճանական հակակշիռին տակ գտնուող Աղտամի մերձակայ շրջաններուն մէջ, ուր գոյութիւն ունէր ազրպէյճանական ռազմական խարիսխ:

– Ինչպէ՞ս առիթ տրուեցաւ եւ կարելի դարձաւ, որ ազրպէյճանցի, թուրք թէ այլ նկարիչներ նկարեն զոհերու դիակները, եթէ այդ շրջանները ազրպէյճանական ուժերու հակակշիռին տակ չէին:

– Ինչո՞ւ ճակատէն կամ առջեւի կողմէն արձակուած էին փամփուշտները` ուղղուած զոհերուն դէմ, որոնք կը փորձէին նահանջել դէպի Աղտամ, մարդասիրական այն անցքին ճամբով, որ նախքան յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժեր բացած էին քաղաքայիններու ապահով ելքին համար քաղաքէն: Ատենին Ազրպէյճանի օրուան նախագահն ու ազրպէյճանական պատասխանատուներ խոստովանեցան այս անցքի գոյութեան մասին:

– Ինչո՞ւ բոլոր քաղաքայիններուն չարտօնուեցաւ քաղաքէն հեռանալ այդ անցքէն` հակառակ քաղաքի ազատագրման համար ռազմական մօտալուտ գործողութեան մասին  հայկական ուժերու շարունակական զգուշացումներուն, ձայնասփիւռի եւ բարձրախօսերու միջոցով, եւ նոյն միջոցին Խոջալուի կողմէ մնայուն կերպով կը ռմբակոծուէին Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու յարակից շրջանները` պատճառելով  նիւթական թէ մարդկային բազմաթիւ կորուստներ: Առաւել, այն իրողութեան, որ Ղարաբաղի պաշարուած հայութեան արտաքին աշխարհին հետ միակ կապը Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանն էր, որ կը գտնուէր Խոջալուի մէջ: Յաջորդող տարիներուն բոլոր այն լրագրողներն ու հասարակական գործիչները, որոնք կը փորձէին քողազերծել Խոջալուի դէպքերուն իսկական եղելութիւնը, կա՛մ բանտարկուեցան հայկական գաղտնի սպասարկութեան հետ գործակցութեան մեղադրանքով եւ կա՛մ սպաննուեցան խորհրդաւոր պայմաններու մէջ: Այս պատճառով Ազրպէյճանի մէջ ոչ ոք կրնայ իշխանութենէն պահանջել` բացայայտել այդ դէպքերուն իսկական եղելութիւնը:

Ազրպէյճանական հակահայ այս արշաւը վերաշխուժացաւ վերջերս, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ 22 դեկտեմբեր 2011-ին  եւ ֆրանսական ծերակոյտին կողմէ 23 յունուար 2012-ին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծին որդեգրումէն ետք, հակառակ այն իրողութեան, որ 1915-ին օսմանեան պետութեան մէջ պատահած Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Ազրպէյճանի հետ, որ օրին գոյութիւն իսկ չունէր քարտէսի վրայ: Այդ մէկը կը մեկնի Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ Ազրպէյճանի թշնամական քաղաքականութենէն, բոլոր մարզերուն մէջ` Արցախ-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ իր մղած պատերազմի կորուստին, ինչպէս նաեւ ներքին քաղաքական ազդակներու պատճառով եւ իր «մեծ եղբօր»` Թուրքիոյ օգնելու իր մտադրութեան պատճառով ու վախնալով, որ Ազրպէյճանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նմանօրինակ թղթածրար բացուի միջազգային մակարդակի վրայ, 1918-էն մինչեւ անցնող դարաշրջանի իննսունական թուականները, երբ Արցախ-Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ըմբոստացաւ անկախութեան պատերազմի ընթացքին: Փոխադարձաբար Ազրպէյճան կը յուսար Թուրքիոյ զօրակցութիւնը ստանալ իր վերոնշեալ հակահայ կեցուածքներուն համար: Հոսկէ` Ազրպէյճանի բուռն հակազդեցութիւնը, որ երբեմն գերազանցեց թրքականին, Հայոց ցեղասպանութիւնը արծարծող որոշումներուն դէմ Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր:

Խոջալուի դէպքերու իսկական եղելութիւնն ու անոր շարժառիթները կը բացայայտուին նոյնինքն Խոջալուի դէպքերուն մասնակից ազրպէյճանցիներու եւ Պաքուի անցուդարձերու ծալքերուն իրազեկ անձնաւորութիւններու վկայութիւններուն ընդմէջէն:

Ազրպէյճան կը շարունակէ հակահայ ատելութեան եւ թշնամանքի զգացումներ հրահրել ազրպէյճանական ընկերութեան մէջ, ինչ որ կ՛արգելակէ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ հաղորդակցութեան հաստատման ճիգերը եւ կը խափանէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան ճիգերը:

1918-ին առաջին անգամ Ազրպէյճան անունը իբրեւ պետութիւն նշուեցաւ քարտէսի վրայ` շնորհիւ բրիտանական գաղտնի սպասարկութեանց նենգամիտ մեքենայութեանց` ռուսերու դէպի Պաքուի նաւթահորեր հասնիլը արգելակող պատուար կամ պատնէշ մը ստեղծելու նպատակով: Մինչեւ 1930 թուականը ծանօթ չէր ազրպէյճանցի անուանումը, այլ կար թաթար կամ Կովկասի թուրքեր անուանումը:

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.