Պրիւքսէլը կը քննարկէ Հայաստանին առեւտրական եւ ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրելու տարբերակներ

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէնն ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն պիտի ունենան՝ քննարկելու Հայաստանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան հնարաւոր աջակցութիւնը՝ Ռուսիոյ կողմէ գործադրուող տնտեսական սահմանափակումներուն լոյսին տակ։ Այս մասին հաղորդած է «Ազատութիւն» լրատու գործակալութիւնը։

Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Եւրոպական Միութիւնը կը դիտարկէ Երեւանին ֆինանսական օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ առեւտրական արտօնութիւններու սահմանումը։ Քննարկուող միջոցառումներէն մէկը «Առեւտրի Ինքնավար Միջոցառումներ»-ու (Autonomous Trade Measures) կիրառումն է, որուն շնորհիւ հայկական որոշ ապրանքներ կրնան մուտք գործել եւրոպական շուկայ՝ առանց մաքսատուրքերու եւ սահմանափակումներու։

Թէ ո՛ր ապրանքները պիտի ընդգրկուին այս դրոյթին մէջ, տակաւին յստակ չէ։ Սակայն այս գործիքը Եւրոպական Միութիւնը նախապէս կիրառած է գործընկեր երկիրներու աջակցելու նպատակով՝ տնտեսական ճգնաժամերու կամ արտաքին ճնշումներու պայմաններուն մէջ։ Նմանօրինակ արտօնութիւններ տրամադրուած էին Ուքրանիոյ 2022-ին, իսկ Մոլտովայի պարագային՝ աւելի վաղ։

Աղբիւրներու համաձայն, Եւրոպական Յանձնաժողովը այժմ պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ առաջ տանելու Հայաստանի հետ այս ուղղութեամբ տարիներէ ի վեր ընթացող բանակցութիւնները։ Նշուած առեւտրական արտօնութիւնները միակողմանի բնոյթ ունին եւ չեն պահանջեր, որ Հայաստանը նոյն պայմանները կիրառէ եւրոպական ապրանքներու նկատմամբ, ինչ որ կը թոյլատրէ խուսափիլ ԵԱՏՄ-ի շրջանակին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն հետ հակասութիւններէ։

ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս վերջերս յայտարարած էր, թէ Պրիւքսէլը համերաշխ է Հայաստանի հետ՝ Ռուսիոյ տնտեսական ճնշումներուն դիմաց, եւ կը փնտռէ արագ միջոցներ Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութիւնը եւ տարածաշրջանային կապերը ամրապնդելու համար։

Եթէ Եւրոպական Միութիւնը վերջնականապէս հաստատէ այս միջոցառումները, հայկական արտադրողները կրնան աւելի դիւրութեամբ մուտք գործել շուրջ 450 միլիոն սպառող ունեցող եւրոպական շուկան՝ պայմանով, որ արտադրանքը համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան որակական եւ կարգաւորիչ չափանիշներուն։