Լոյս տեսաւ Հայր Ղևոնդ Ալիշանի անտիպ նամակներու առաջին հատորը

Դեկտեմբեր 24-ին ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ Մխիթարեան միաբանութեան վաստակաշատ հոգեւորական Հայր Ղևոնդ Ալիշանի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած շնորհանդէս:

Շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուեցաւ նախարարութեան աջակցութեամբ և Վենետիկի Մխիթարեան միաբան, Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանի ուսումնասիրութեամբ հրատարակուած Հայր Ղևոնդ Ալիշանի անտիպ նամակներու առաջին հատորը:

Շնորհանդէսին ներկայ էին ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Վահրամ Դումանեանը, նախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատուրեանը, գրականագէտներ եւ հոգևորականներ: Միջոցառման տեսակապով միացաւ Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանը, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ նամակներու մեծամասնութիւնը ուղղուած է Մխիթարեան միաբաններուն, բայց նաեւ կան նամակներ ուղղուած աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ և օտարազգի  հայագէտներու, գիտնականներու, որոնց հետ Հայր Ղևոնդ Ալիշանը  կապ պահած է: Նախարար Վահան Դումանեանը իր կարգին յոյս յայտնեց, որ Ալիշանի նամակներու հրատարակումը շարունակական բնոյթ կը կրէ։

2021 թուականին լոյս կ՚ընծայուին նաև Ղևոնդ Ալիշանի անտիպ նամակներու երկրորդ եւ երրորդ հատորները:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.