Լարուած Իրավիճակ Ստեփանակերտի Մէջ. Քաղաքացիները Կը Պահանջեն Արայիկ Յարութիւնեանի Հրաժարականը

երկուշաբթի, 21 յունիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 19:00-էն սկսեալ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ քաղաքացիներու ինքնաբուխ հաւաք, որ վայրկեաններու ընթացքին վերածուեցաւ բազմահազարանոց ցոյցի:

Արցախի քաղաքացիները պահանջեցին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:

Հաւաքը, որուն մասին յայտարարուեցաւ Դիմատետրի վրայ, նախաձեռնուեցաւ, երբ Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը` Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով:

Հաւաքի մասնակիցները պահանջեցին, որ Արայիկ Յարութիւնեանը դուրս գայ եւ անձամբ պատասխան տայ:

Տրուած ըլլալով, որ Ա. Յարութիւնեանը Երեւան կը գտնուէր, պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան հաղորդեց, որ Ա. Յարութիւնեան պատրաստ է վաղը անձամբ հանդիպելու ցուցարարներուն հետ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.