Ի ՅՈՒՇ. Յիշատակը՝ անթառամ
- (0)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ամեն անգամ, որ մեր սիրելիներէն մէկը առյաւէտ կը հեռանայ այս մոլորակէն, առաջին տպաւորութիւններէն մէկը, որ կ՚ունենանք այս երկրաւոր կեանքի ունայնութիւնն է։ Կու գանք ու կ՚երթանք, ոչ մեր ուզելով, եւ ունայն կը նկատենք մեր այդ անցքը։
Սակայն իրականութիւնը այդ չէ։
Կեանքը հրաշք մըն է, հրաշալի շնորհ մըն է, որ մեզի կը մատուցուի, — մէ՛կ անգամուան համար միայն, — ու մեզի կը մնայ ըլլալ այդ շնորհին արժանի ու մեր կեանքը ապրիլ լիովին, ո՛չ ունայնաբար։
Երկրորդ իրողութիւնը, որուն կ՚անդրադառնանք, այն ծիրն է, որ մեր կեանք կը հանդիսանայ, այն ոստայնը կամ այն ցանցը, որ մեր ծնունդէն սկսեալ ձեւ կ՚առնէ ու հետզհետէ կը տարածուի, կ՚ընդլայնի՝ ամեն մէկ նոր ծանօթութեան հետ։ Իւրաքանչիւր հարազատ, ընկեր թէ բարեկամ, դրացի թէ գործակից բան մը կ՚աւելցնէ մեր կեանքին վրայ, կ՚երկարէ այդ ոստայնին թելերը, կը բազմացնէ ցանցին օղակները, կը հարստացնէ մեզ՝ թէկուզ «բարեւ»-ով մը, «բարի լոյս»-ով մը կամ «ինչպէ՞ս ես»-ով մը։ Այս ընդլայնումը սահման չունի, կրնայ սկսիլ տունէն ու հասնիլ աշխարհի չորս ծագերը։
Միւս կողմէ, երբ այս ծանօթներէն, երկրագնդակիցներէն մէկն ու մէկը կը մեկնի այս երկրագունդին վրայ այլուր կամ անկէ ալ դուրս՝ առանց հասցէն ձգելու, բան մը կը պակսի մեզմէ։ Ոստայնէն թել մը կը փրթի, ցանցէն օղակ մը կ՚անհետանայ, կը նեղնան սահմանները մեր կեանքի։ Մեզմէ մաս մը կը կորսուի։ Եւ կամաց-կամաց անձերը կը նուազին ու յիշատակները կը բազմանան։ Հետզհետէ աւելի մինակ կը զգանք, մինչեւ որ մենք եւս օր մը վերածուինք յիշատակի։
Այս մտքերը անցան մտքէս երբ այս օրերուն մեզմէ հրաժեշտ առաւ մեր խնամին՝ Անահիտը, ամուսնոյն՝Յակոբին մահէն հազիւ երեք ամիս անց։ Իրենց մասին արտայայտուողները արտայայտուեցան, իրենց համար արցունք թափողները թափեցին, իրենց գովեստը ընողներն ալ արդարօրէն գովեցին զիրենք՝ հաստատելով անոնց լաւ մարդիկ, լաւ հայեր, լաւ ծնողներ ու մեծծնողներ եղած ըլլալը։
Ինչ որ կ՚ուզէի աւելցնել, այն է, թէ դիւրաւ չեն մոռցուիր նման պարզ անձեր, չեն մոռցուիր յատկապէս այն ժպիտը, այն սէրը, որ անոնք իրենց շուրջիններուն կը պարգեւէին անսակարկ, մանաւանդ այն ուրախութիւնները, որ միասին կ՚ապրէինք նոր ծնունդներու, տարեդարձներու, յաջողութիւններու առթիւ, կամ տխրութիւնները՝ կորուստներու առթիւ։
Անոնց կեանքը ունայն չէր անցած երբեք։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ ի սրտէ ու անսեթեւեթ պիտի ըսեմ.
— Յիշատակն անթառամ մնայ։
Լուսանկարը՝ Արազի