Թալիշի վերականգնման աշխատանքները կը շարունակուին
1990
0
Արցախի Թալիշ գիւղին մէջ ընթացքի մէջ է 17 բնակարանի առուցումը: Բոլոր բնակարանները պիտի ունենա խմելու և ոռոգման մշտական ջուր, լուսաւոր ու բարեկարգ փողոցներ, տնամերրձ հողամասեր և ապաստարաններ: Նշենք, որ Թալիշը անցեալ տարուան Ապրիլեան պատերազմին ատրպէյճանական յարձակման թիրախ դարձած էր, որուն պատճառով գիւղի շէնքերը վնասուած էին։
Գիւղին մէջ կը շարունակուին նաեւ դպրոցի և մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքները:
Թալիշի վերականգնման աշխատանքներուն Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան մօտէն կը հետեւի։ Ներկայիս Թալիշի մէջ կ՚աշխատին 7 շինարարական ընկերութիւններ: