Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մերժէ Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Խախտումը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Եւրոպայի մէջ գործող իր բոլոր անդամ-կազմակերպութիւններուն անունով խստօրէն դատապարտեց Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Մարինա Քալիւրանտի, Տրաիան Պասեսքուի եւ Ժելեանա Զովքոյի յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ նոր մայրուղիի շինարարութեան վերաբերող:

«Դժբախտաբար, այսպիսի յայտարարութիւննեը ոչ միայն վնասակար են խաղաղութեան գործընթացին համար, այլ նաեւ կը խախտեն մարդու հիմարար իրաւունքները, տուեալ պարագային՝ Արցախի ժողովուրդի ազատ տեղաշարժման եւ զարգացման իրաւունքը: Այս իրաւունքները անքակտելի են եւ ոչ մէկ ձեւով պայմանաւորուած են երկրին  կարգավիճակով: Այսպիսով այս յայտարարութիւնը վնաս կը հասցնէ Եւրոպական խորհրդարանի արժանահաւատութեան` իբրեւ  ժողովրդավարութեան պաշտպան», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ յայտարարութեան հեղինակները իրենց «աներեր աջակցութիւնը» կը յայտնեն ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին եւ հետեւաբար նաեւ անոր հիմնարար սկզբունքներուն, բայց որքանո՞վ տրամաբանական է այս հաստատումը կատարել, իսկ յաջորդ նախադասութեան մէջ պնդել, որ տագնապը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծին մէջ: «Իւրաքանչիւրին համար, որ նոյնիսկ մակերեսային ծանօթութիւն ունի  բանակցային գործընթացին հետ, պարզ է, որ այս յայտարարութեան էութիւնը, փաստօրէն, կը վտանգէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին գործադրած ջանքները եւ այդ բոլորը, որոնց շուրջ մինչեւ հիմա պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է»:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը դիտել կու տայ, որ այս յայտարարութիւնը բառացիօրէն կ’արտացոլացնէ Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը, որն է՝ բոլորովին մեկուսացնել Արցախի բնակչութիւնը, նաեւ կը խրախուսէ վարչակարգի մը ռազմատենչ եւ ատելութեան հռետորաբանութիւնը:

«Իբրեւ Եւրոպայի քաղաքացիներ՝ մենք վստահ ենք, որ Եւրոպական Միութիւնը արժէքներու վրայ հիմնուած միութիւն է: Մենք կը հաւատանք, որ Եւրոպական խորհրդարանի անդամները, այս պարագային այն հիմնական քաղաքական խմակցութիւններէն, ինչպիսիք են ԵԺԿը եւ ՍԴԱԱը, պատասխանատու են եւ այդ արժէքները պահպանելու բարոյական պարտաւորութիւնը ունին: Հետեւաբար, մենք կոչ կ’ուղղենք այս յայտարարութեան հեղինակներուն՝  զերծ մնալու ճնշման հռետորաբանութենէ, բնիկ ազգաբնակչութեան մեկուսացումը խրախուսելէ եւ փոխարէնը բարձրաձայնելու այն փաստը, որ Արցախի ժողովուրդը ներկայիս ստիպուած է համաշխարհային համաճարակը մինակ յաղթահարելու», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.