Երեք նորագիրներ համալրած են ՀՅԴ Արցախի կառոյցի շարքերը

Դեկտեմբեր 8-ին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ տօնական ձեռնարկ տեղի ունեցած է, նուիրուած ՀՅԴ հիմնադրման 129-ամեակին:

Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յուշարձանին մօտ կազմակերպուած է երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին երեք ընկերներ համալրած են ՀՅԴ-ի շարքերը:

Այնուհետեւ կոմիտէութեան ընկերներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած է տօնական միջոցառում, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ՀՅԴ 129-ամեայ ուղին, մատնանշուած են առկայ մարտահրաւէրները եւ հնչած են ազգային երգեր ու պարեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.