Դաշնակցականի Ուխտը Երբեք Ինքնանպատակ Չէ Եղած. Աշոտ Սիմոնեան

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրը` մայիս 28-ին, խորհրդանշական վայրի մէջ` Դրաստամատ Կանայեանի շիրիմին մօտ, շարք մը երիտասարդներ անդամագրուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

«Խորհրդանշական է, որ ՀՅԴ-ի շարքերը համալրելու ուխտին այցելութեան եկած ենք զօրավարի շիրիմին` նորագիրներու երդման արարողութեան», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան: Ան նշեց, որ 103 տարի առաջ զօրավարներու ամբողջ սերունդ մը դուրս եկաւ պայքարի եւ իր ամուր գաղափարական հենքով ապացուցեց, որ այս հողին վրայ հայը պիտի ապրի:

Աշոտ Սիմոնեան ցաւով յայտնեց, որ վերջին պատերազմը մեր էութեան մէջ ինչ-որ բան փոխեց, բայց ան նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը պիտի վերականգնէ ու կատարէ իր ուխտը:

ՀՅԴ շարքերը անցնելու աւանդոյթով, երդումէն առաջ նորագիրներուն մէկ անգամ եւս կարելիութիւն տրուեցաւ, որ վերջին անգամ ըլլալով մտածեն եւ վճռական «Այո»-ն ըսեն: Երիտասարդները ինքնավստահութեամբ ու վճռականօրէն պատրաստակամութիւն յայտնեցին անցնելու ՀՅԴ մեծ ընտանիքին շարքերը:

Անոնք երդում կատարեցին իրենց պատիւին ու հայրենիքին վրայ` միշտ հաւատարիմ մնալու ՀՅԴ ծրագիրին, կանոնագիրին եւ որոշումներուն, նաեւ եթէ պէտք ըլլայ բոլոր ուժերով, ինչպէս նաեւ կեանքի գնով ծառայելու Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:

Ապա նորագիրները մօտեցան ու իրենց ձեռքը դրին զէնքին, դրօշին եւ ծրագիրին ու այդպիսով երդում կատարեցին:

«Դաշնակցականի ուխտը երբեք ինքնանպատակ չէ եղած, մեր մեծ ընտանիքը իր իմաստուն էութիւնը, բազուկի զօրութիւնը կը գտնէ ձեզի պէս անհատական ընկերներու անընդհատ համալրումով», նշեց Աշոտ Սիմոնեան:

Ան շնորհաւորեց նորագիրները եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, ապա մաղթեց միասնաբար կերտելու ազատ, անկախ երկիր:

«Ուսումնասիրեցի Դաշնակցութեան պատմութիւնը եւ հասկցայ, որ մեր պատմութեան մէջ լրջագոյն կուսակցութիւնն է: Օրն ու տեղը խորհրդանշական է, պիտի փորձեմ բարձր պահել Դաշնակցութեան անունը», ըսաւ ՀՅԴ-ի նոր անդամագրուած երիտասարդներէն մէկը:

Մէկ այլ նորագիր նշեց. «Անդամագրուեցայ Դաշնակցութեան շարքերուն, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ամէնէն ազգային ուժերէն է եւ կրնայ համախմբել հայութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.