Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օթթաուայէն կը պահանջէ Երեւանի մէջ դեսպանատուն հիմնել

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը 21 Սեպտեմբեր 2021-ին, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ընդ որում, Գանատայի կառավարութենէն կը պահանջէ Երեւանի մէջ դեսպանատուն հիմնել։

Հաղորդագրութեան մէջ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Հրակ Տարաքճեանը կը նշէ. «խորապէս մտահոգ ենք հայ ժողովուրդի առջև ծառացած անվտանգութեան խնդիրներով և Թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութեամբ ու վարքով»:

Հաղորդագրութեան մէջ կը յիշուի նաեւ, որ տարիներու վրայ երկարող ու փակուղի մտած բանակցութիւնները, թուրք-ատրպէյճանական ռազմատենչ գործողութիւններն ու միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը պատճառ հանդիսացան, որ անցեալ տարի, Ատրպէյճանը անգամ մը եւս գործադրէ իր յարձակողապաշտ վարքագիծը Հայաստանի և Արցախի դէմ,  որուն հետեւանքով ստորագրուեցաւ հրադադարի հռչակագիր մը՝ Հայաստանին ու Արցախին կանգնեցնելով դիւանագիտական ու ապահովական նոր մարտահրաւէրներու դիմաց:

Ի հեճուկս 1991 թուականէն ի վեր Գանատայի և Հայաստանի միջև երկկողմ յարաբերութեանց զարգացման, «Մեծ Եօթնեակ»ի երկիրներէն Գանատան միակն է, որ դիւանագիտական մշտական առաքելութիւն չիրականացներ Հայաստանի մէջ, զգալիօրէն սահմանափակելով Հայաստանին էապէս օգնելու եւ ժողովրդավարական առաջընթացը ապրապնդելու ջանքերը: Դիւանագիտական  բացակայութիւնը յատկապէս նշմարելի դարձաւ անցեալ տարուայ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, երբ պարզուեցաւ, որ գանատական WESCAM տեսախցիկները կ’օգտագործուին  Ատրպէյճանին մատակարարուող թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն վրայ:

«Այն փաստը, որ Գանատան բացակայ էր տարածաշրջանէն, զգալիօրէն սահմանափակեց  Օթթաուայի դիւանագիտական ​​ջանքերը», շեշտեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրագեանը:

Պատերազմին յարուցած խնդիրներն ու տարածաշրջանի բազմաթիւ մարտահրաւէրները ազդանշաններ են, որ ժամանակն է, Գանատան մնայուն դեսպանութիւն հիմնէ Երևանի մէջ՝ ամրապնդելու համար Օթթաուայի դերը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.